Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Երկու Տարուան Պայմանաժամի Առաջարկ Ընողները

December 9, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոհայի ֆորումին առիթով Քաթարի ղեկավարին կատարած յայտարարութիւններուն այն բաժինը, որ դէպի Լիբանան տրամադրուելիք աջակցութեան ծրագիրներու նոր շարք մը պիտի յայտարարուի, ուշադրութիւն կը գրաւէ:

Նախ պէտք է արձանագրել Քաթարի ունեցած դերակատարութիւնը շրջանին մէջ: Քաթարը Ծոցի երկիրներուն մէջ ոչ միայն ներարաբական, այլ նաեւ վերջին շրջանին Համաս-Իսրայէլ միջնորդաւորման, անուղղակի բանակցութիւններու վարման երաշխաւոր եւ միջնորդ պետութիւն է:

Դասական մօտեցումը այն է, որ Ծոցի երկիրներուն առանցքային պետութիւնը Սէուտական Արաբիան է, մնացեալը` արբանեակ պետութիւններ են. որոնց շարքին` Քաթարը:

Սակայն կը յիշենք այն ժամանակահատուածը, երբ Տոհան Թեհրանի հետ բնականոն յարաբերութիւնները շարունակեց, երբ Ռիատը ամբողջական խափանումի քաղաքականութիւն որդեգրած էր Իրանի դէմ. այդ պատճառով ալ սրուեցան Տոհայի եւ Ռիատի յարաբերութիւնները: Այս կը նշանակէր, որ չէզոքութեան պահպանման, միջնորդական առաքելութիւն իրականացնելու գործառոյթի պահպանման համար Տոհան կը վտանգէր իր յարաբերութիւնները նոյնիսկ Սէուտական Արաբիոյ հետ:

Չենք խորանար Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ Տոհայի կիրարկած քաղաքականութեան ծալքերուն մէջ, յատկապէս եւրոպական երկիրներու փոխատուութիւններ յատկացնելու առումով:

Քաթարի միջնորդի կարգավիճակը հարուած ստացաւ, երբ Համասի ներկայացուցիչներ Տոհայի մէջ թիրախ դարձան իսրայէլեան յարձակումներու: Իսրայէլ կը խախտէր խաղի կանոնները եւ կը հարուածէր Քաթարի տարածքներուն վրայ:

Քաթար դեր վերստանձնած է Կազայի հարցի լուծման բանակցութիւններուն եւ ընդհանուր գործընթացին մէջ: Այստեղ եւս շինարարութիւններու ծրագիրներ կան, որոնց մէջ ներգրաւուած են տարբեր երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Քաթարը:

Հիմա, նման ծրագիրներու կամ աջակցութիւններու մասին, այս անգամ դէպի Լիբանան կը խօսի Տոհայի ղեկավարը: Քաթարի իշխանը  ընդգծած է, որ Քաթար կը շարունակէ Լիբանանին քաղաքական եւ տնտեսական աջակցութիւն ցուցաբերել` նշելով, որ Տոհա շուտով Լիբանանի աջակցութեան յատկացուած նոր ծրագիրներու շարք մը պիտի յայտարարէ:

«Կը շարունակէ»-ն իմաստ ունի այստեղ. ըսել կ՛ուզուի, որ աջակցութիւններ արդէն կը տրամադրուին Քաթարի կողմէ: Երկրորդ դիտարժան կէտը այն է, որ չի յստակացուիր նոր ծրագիրներու շարքի յայտարարութեան թուականը: Յստակ չէ նաեւ աջակցութիւններու տարողութիւնը:

Աջակցութիւններու խոստումներու շարքը ճնշամիջոցի բնոյթ սկսած է ունենալ: Աջակցութիւններու նոր շարք պիտի յայտարարուի. ըսել կ՛ուզուի, որ ծրագիրը պատրաստ է, սակայն կը սպասուի Լիբանանի մէջ իրադարձութիւններու կատարումին:

Միջանկեալ պատկերացում մը յանկարծ կու գայ տեղաւորուելու այս ամբողջ գործընթացին մէջ: Իսրայէլեան մամուլը  կը խօսէր Հըզպալլայի զինաթափման համար երկու տարուան ժամկէտի առաջարկի մը մասին: Առաջարկը յղողը Թուրքիան եւ Քաթարն են, իսկ մերժողը` Իսրայէլը:

Եթէ պահ մը ընդունինք լրատուութեան հաւաստիութիւնը, ապա այստեղ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ համակարգումի, ինքնուրոյն համատեղ դիրք որոշելու եւ դերակատարութիւն ստանձնելու խնդիր կը դրուի: Վերը նշեցինք Տոհայի ինքնուրոյն քայլին մասին, որ յանգեցաւ Ռիատի հետ դիւանագիտական տագնապի: Հիմա եւս Ռիատ կրնայ հաշտ աչքով չընկալել այս երկու տարուան  առաջարկը: Աւելի ճիշդ, առաջարկի միացեալ հանգամանքը` Անգարայի եւ Տոհայի կողմէ:

«Ա.»

Նախորդը

Բագրատունի. «Պայքարի Վերանորոգման Ուխտի Պահն Է, Այլ Ելք Չունինք»

Յաջորդը

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.