Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի, ուրբաթ, 5 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր տունը» գիրքին շնորհահանդէսը` ներկայութեամբ լիբանանահայ գրասէր լսարանի:
Յայտնենք, որ այս հատորի եւ իր հեղինակին արժեւորման համար յատկապէս Լիբանան ժամանած էին Ֆրանսայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Հայաստանի Հանրապետութենէն սփիւռքի հիմնադիր նախարար դոկտ. Հրանուշ Յակոբեան, Զուիցերիոյ կրօններու խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան: Հայաստանէն եւ սփիւռքէն ժամանած դասախօսներու շարքին բանախօսեց լիբանանահայ կրթական եւ հասարակական գործիչ, մտաւորական Կարօ Յովհաննէսեան:
Յայտագիրը լիցքաւորող մտաւորական անձնաւորութիւններու այս հոյլը արժանի գնահատականը տուաւ ժամանակակից արեւմտահայ գրականութեան հարստացման մէջ մէջ իր ներդրումը բերած այս հատորին:
«Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակից Սէրուժ Խանճիհանեան բացումը կատարեց երեկոյին եւ վարեց շնորհահանդէսը: Աւարտին, Սեդա Մարկոսեան Խտըշեան փոխանցեց իր շնորհակալական խօսքը, որմէ ետք գինեձօնը կատարեցին յայտագիրին մասնակցողներն ու կազմակերպիչները:
Ձեռնարկին մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնանք յաջորդիւ:


