«Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնը կը փորձէ երկիրը ապակայունացման տանիլ», այս մասին «Ալֆա Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի: Ըստ Բագրատունիի, Լիբանանի հայ համայնքին համար եկեղեցին այն խորհրդանիշն է, որ պահած է, կը պահէ եւ կը շարունակէ պահել ժողովուրդը:
«Լիբանանահայութեան մէջ այս արշաւին կողմ մարդիկ չկան, կրնան ըլլալ անհատներ, որոնք ինչ-ինչ գաղափարական իմաստով կողմ են ներկայ իշխանութիւններուն, բայց եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց կեցուածքը յստակ է, ոչ ոք կրնայ դպչիլ եկեղեցւոյ», նշեց Բագրատունի:
Ըստ անոր, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող ոեւէ անհատ այս պահուն պէտք է հաստատուն կանգնի եկեղեցւոյ կողքին:
«Դժբախտաբար կան հոգեւորականներ, որոնք ինչ-ինչ պատճառներով տարբեր դիրքորոշում ունին, բայց ես միշտ կ՛ըսեմ` ժայռերը ծովերուն մէջ կը դիմանան, բայց ծովու ալիքները խճաքարերը ծովեր կը թափեն», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:


