Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Դաշնակցութեան` Հայաստանի Եւ Արցախի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւններու Հանդիպումը

November 21, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hantiboum_112016

Շաբաթ, 19 նոյեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը նշեց, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութեան տարեկան ծրագիրով նախատեսուած է տարեկան երկու հանդիպում: «Արցախի Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ` առաջին հանդիպումը որոշեցինք կայացնել Երեւանի մէջ: Շարք մը հարցեր քննարկուեցան` թէ՛ օրէնքներու  ընդունման նախագիծերու եւ թէ՛ մեր համագործակցութիւնը աւելի գործնական դարձնելու ու խորացնելու առումով», ըսաւ ան:

Իշխանեանի խօսքով` թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան շարք մը օրէնքներու ընդունումը մէկ դաշտի մէջ է, եւ նոյնաբովանդակ օրէնքներու ընդունման անհրաժեշտութիւն կայ: «Տպաւորութիւն ստեղծուած, որ Հայաստանի մէջ այս կամ այն օրէնքի ընդունումէն ետք Արցախի մէջ ալ պարտադիր այդ օրէնքները կ՛ընդունուին` իբրեւ կանոն, եւ այսպէս ըսած` Արցախի խորհրդարանը կարծես թէ դերակատարութիւն չունի ու կրկնօրինակելու ձեւական բնոյթ կը կրէ: Կը փորձենք այդ ամէնը քիչ մը այլ ուղղութեամբ կատարել եւ քննարկումներու միջոցով ելքեր փնտռել` աւելի գործնական ըլլալու, աւելի նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալու առումով», շեշտեց ան:

Իշխանեան նշեց, որ իրենք չեն կրնար շրջանցել Արցախի մէջ այսօր հրատապ դարձած քաղաքական այնպիսի հոլովոյթ մը, ինչպիսին է սահմանադրական բարեփոխումը, բայց այս հանդիպումը ո՛չ Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններով, ո՛չ ալ Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններով թելադրուած է: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենց համար կարեւորը սկզբունքներն ու այն ծրագիրներն են, որոնք որդեգրուած են, եւ այդ ծրագիրներով առաջնորդուելու խնդիրը:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի  ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի Ազգային ժողովներուն մէջ ունի խմբակցութիւն, եւ երկու տեղերուն մէջ ալ ընդհանուր պետական, ազգային ծրագիրները նոյնն են, որովհետեւ նոյն կուսակցութեան հետապնդած խնդիրներուն կը ծառայեն:

Ըստ Ռուստամեանի, միշտ անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ, որ պարբերաբար հանդիպին եւ քննարկեն այն հարցերը, որոնք պէտք է համադրուին, համակարգուին, եւ հրատապ հարցեր կան, որոնք լուծում ու տեսակէտներու փոխանակում կը պահանջեն:

«Այսօր այդպիսի խնդիր է Արցախի սահմանադրութիւնը, որ հրապարակուած է, եւ մենք հիմա նախնական քննարկում կը կատարենք, որպէսզի ընդհանուր մօտեցում ձեւաւորուի, ատիկա պիտի ըլլայ Արցախի մեր կառոյցին տեսակէտը, բայց նախնական քննարկումները երբեք անոր չեն խանգարեր, որովհետեւ փաստաթուղթը շատ կարեւոր է, եւ անոր հետ կապուած հետագայ հեռանկարային քայլերն ալ այսօրուընէ պէտք է ճշդուին», ըսաւ Ռուստամեան:

Ան նաեւ նշեց, որ «ազգ-բանակ» նոր հասկացողութիւնը, որ հրապարակի վրայ  է հիմա Հայաստանի մէջ, միս ու արիւն դարձնելու խնդիրն է, որ պէտք է լուծուի Արցախի գործընկերներու լիարժէք մասնակցութեամբ: «Օրակարգը շատ մեծ է եւ խորքային` կապուած այդ նոյն` ազգային տուրքի խնդիրներուն հետ եւ այլն: Հարցեր կան, որ օրէնսդրական կարգաւորումներու խնդիրներ կը յառաջացնեն, որովհետեւ պէտք է այդ ներդաշնակեցումը տեղի ունենայ` անկախ անկէ, թէ քաղաքացին կ՛ապրի Արցախի, թէ Հայաստանի մէջ», եզրափակեց Ռուստամեան:

Նախորդը

«Կողմերը Կը Հաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Բացառապէս Խաղաղ Լուծման Անհրաժեշտութիւն»

Յաջորդը

Փեքին-2008. 11 Ողիմպիական Մետալակիրներ Զրկուեցան Իրենց Մետալներէն

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.