Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ստիպուած Ենք Ամրապնդելու Անկախութիւնը, Իսկ Երկիրը Կերտելու Աշխատանքը Բոլորին Ներդրումին Կարիքը Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Նոյեմբեր 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

michel-aoun_112116

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն ուղղեց իր պատգամը, որուն մէջ նշեց, որ տարիներէ ի վեր Լիբանան կ՛ապրի պատերազմական վիճակով յատկանշուած շրջանի մը մէջ: Այդ տագնապները սկսած էին վարչակարգերու բարեկարգումի կարգախօսներ արծարծող պահանջատիրական շարժումներով, որոնք աւելի ուշ վերածուեցան բռնարարքներու, եւ ապա` զինեալ բախումներու, որոնք արտաքին ուժերուն առիթ տուին վերահսկողութեան ենթարկելու արաբ ժողովուրդներուն ճակատագիրը:

Այս վտանգներուն պատճառով Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան սուր կեցուածքներ, որոնք իրենց ժխտական ազդեցութիւնը ունեցան երկրին վրայ` սպառնալով անոր ազգային միասնականութեան:

«Վաղը մենք պիտի տօնենք Լիբանանի անկախութեան 73-ամեակը, որ պիտի ունենայ իր իւրայատուկ համը` նկատի ունենալով, որ եթէ անկախութիւնը ժողովուրդին տօնը եւ գերիշխանութեան փառատօնը չըլլայ, ապա ան ցաւալի յիշատակի մը կը վերածուի», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով անկախութիւնը նշելու կամքը բարձր պահելու եւ արգիլելու զայն յիշատակի վերածելը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց ազգային միասնականութեան ամրապնդումը իբրեւ անհրաժեշտութիւն եւ առաջնահերթութիւն, որովհետեւ անիկա կ՛ամրապնդէ Լիբանանը եւ զայն հեռու կը պահէ զինք շրջափակող իրադարձութիւններէն, եւ ատիկա բոլորին պատասխանատուութիւնն է:

«Սիրելի՛ լիբանանցիներ, դուք մտահոգ էիք ձեր ապահովական կայունութեամբ` նկատի ունենալով արտաքին միջամտութիւնները, որոնք կ՛ընդդիմանային ազգային որոշումներուն: Մենք ստիպուած ենք ամրապնդելու անկախութիւնը` արտաքին ուժերուն դիմելու քայլերուն վերջ տալով, որովհետեւ արտաքին ուժերուն դիմելու միակ նպատակը անձնական շահերուն ապահովումն է», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ անկախութիւնը տօնակատարութիւն չէ, այլ` սրտի զարկ, ժողովուրդի մը պատկանելիութիւնը, ինչպէս նաեւ հող, որ իր քաղաքացիներուն շնորհած է ինքնութիւն: «Ինքնութիւն մը, որ պէտք է պահպանել եւ ոչ թէ անոր հետ վարուիլ իբրեւ ինչք, որ կրնայ վաճառքի ենթակայ ըլլալ: Ձեր հողը ձեր ինքնութիւնն է, հետեւաբար տէր կանգնեցէ՛ք անոր», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ տկարացած սահմանադրական ու պետական հաստատութիւնները կարելի է վերականգնել աշխատանքի նոր մեթոտներով եւ միջոցներով ու միշտ փտածութեան դէմ պայքարելով:

Նախագահ Աուն ընդգծեց պարկեշտութեան անհրաժեշտութիւնը` դիտել տալով, որ փտածութիւնը մարդկային նկարագիր մըն է, որուն կարելի է դիմադրել կրթութեամբ եւ օրէնքով:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ սահմանամերձ շրջաններուն, յատկապէս գիւղերուն մէջ բարգաւաճման ծրագիրներ գործադրելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ երկիրը միայն իր քաղաքներով եւ արուարձաններով չի գոյատեւեր, այլեւ բոլոր շրջաններուն ամբողջութեամբ: «Հետեւաբար անհրաժեշտ է հաւասարակշռուած բարգաւաճում ապահովել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակը, որ ազգային միասնականութիւնը բարձր պահեց եւ կատարեալ նուիրումով պահպանեց երկրին ապահովական կայունութիւնը: Ան հաստատեց, որ բանակը կը մնայ ազգային գոյակցութեան հիմքը եւ իր ամբողջ կարողութեամբ կը պայքարի ապահովելու համար լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը:

Ան կոչ ուղղեց այս իշխանութեան վրայ յոյսեր ունեցող լիբանանցի ժողովուրդին անխոնջ աշխատանք տանելու` դիտել տալով, որ երկիրը կերտելու աշխատանքը բոլորին ներդրումին կարիքը ունի:

Պաապտայի Մէջ

aoun_hariri_112116

Նախագահ Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետ կապուած մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ իր եւ նախագահ Աունի միջեւ կատարեալ համաձայնութիւն կայ` բոլոր հարցերուն շուրջ: «Կան որոշ հարցեր, որոնց տեղերը յստակ են, եւ կը յուսանք բոլորը լուծել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան նոր կազմը յայտարարելու հաւանական թուականը ե՞րբ է, Հարիրի ըսաւ. «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակողը ծանօթ է, անոր հարց տուէք»:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ նախագահ Աունը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան 10-րդ տարելիցին առիթով Հարիսայի մէջ տեղի ունենալիք հոգեհանգստեան արարողութեան:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունին յայտնած է, թէ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը կը զօրակցի նոր իշխանութեան` յոյս յայտնելով, որ գործակցութեան նոր էջ մը կը բացուի բոլորին միջեւ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Պետական շուրայի նախագահ, դատաւոր Շուքրի Սատերը, որմէ իմացաւ Պետական շուրայի աշխատանքին մանրամասնութիւնները:

Նախորդը

1943-2016` Լիբանան Անկախութեան Եւ Իրականութեան Միջեւ (Անկախութեան Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?