Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

Նոյեմբեր 19, 2016
| Այլազան, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ara-demirdjian_00

Արա Տէմիրճեան ծնած է Քեսապ, 18 յունուար 1948-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քեսապի ազգային վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանը: Պէյրութի Հայկազեան եւ Լիբանանեան համալսարաններէն ստացած է քաղաքական գիտութեանց վկայականը:

Հետեւած է ՀՅԴ կուսակցական դպրոցի դասընթացքներուն, Հրաչ Տասնապետեանի կնքահայրութեամբ` 1968-ին անդամակցած է ՀՅԴ շարքերուն: Անդամակցած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ աւելի ուշ հանդիսացած է ԶՈՄ-ի ատենապետ:

Արաբերէն լեզու դասաւանդած է Պէյրութի Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանին եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ:

Եղած է Հայկական երեսփոխանական պլոքի քարտուղար, ապա 1977-էն սկսեալ մինչեւ մահը վարած է ՀՅԴ Բիւրոյի գործավարութիւնը, որուն պատճառով շրջան մը (1986-1996), նոյն պաշտօնով տեղափոխուած է Յունաստան:

2008 դեկտեմբերին գումարուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովին կողմէ ընտրուած է եւ այնուհետեւ վերընտրուած` Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ:

Արա Տէմիրճեան նշանակալի ներդրում ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան հիմնադրութեան մէջ: Կուսակցական կեանքին ընթացքին, անմիջական գործակիցը եղած է ընկերներ Գէորգ Առաքելեանի, Սարգիս Ազնաւուրեանի, Աբօ Աշճեանի, Հրաչ Տասնապետեանի եւ Հրայր Մարուխեանի:

Պսակուած է 1975-ին` Զարմիկ Կէօքճեանի հետ, որուն անակնկալ մահը 2014-ին իրեն համար եղաւ հիմնական կորուստ մը:

Յետ կարճատեւ հիւանդութեան, մահկանացուն կնքեց չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Պէյրութ:

Արա Տէմիրճեան ունի երեք զաւակ` Պետօ, Սարհատ եւ Լալա, եւ երեք թոռներ:

Պիտի կատարուի Ազգային յուղարկաւորութիւն, շաբաթ, 19 նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 1:00ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Ճեզէն Բացի Հիւրընկալ Չորս Խումբերն Ալ` Յաղթական

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?