Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Իսքանտեր»-ը Հակաթոյն Է»

Նոյեմբեր 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

sargsian_interview_111716

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հարցազրոյց տուած է ռուսական «Ռոսիա սեկոտնիա» միջազգային լրատուական գործակալութեան, որուն գլխաւոր տնօրէնը` Տմիթրի Քիսելէովը վարած է զայն: Այս մասին կը գրէ Յովհաննէս Մովսիսեան:

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ հայկական կողմը կ՛ընդունի Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, բայց ատիկա ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին չի հակասեր: Ըստ անոր, ղարաբաղեան խնդիրը քանի մը անգամ մօտեցած է լուծման, եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը նոյնպէս ներառուած եղած է փաստաթուղթին մէջ, բայց Ազրպէյճան հրաժարած է ստորագրելէ:

«Մենք կ՛ընդունինք որեւէ պետութեան, ներառեալ` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Բայց ժողովուրդի ինքնորոշումը  ընդհանրապէս չի հակասեր տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին, որովհետեւ տարածքային ամբողջականութիւնը կը վերաբերի պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններուն, իսկ ինքնորոշումը` մայրաքաղաքին եւ ժողովուրդին, որ կը բնակի իր պատմական հայրենիքին մէջ: Եթէ մենք կ՛անտեսենք ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, այդ պարագային պէտք չէ դուրս գայինք Խորհրդային Միութեան կազմէն: Չէ՞ որ ատիկա տեղի ունեցաւ այդ սկզբունքին հիման վրայ: Ուստի այս սկզբունքները զիրար չեն հակասեր», ըսած է Սարգսեան:

Անոր համաձայն, հայկական կողմը հիմա ալ պատրաստ է վերադառնալու բանակցութիւններուն, բայց ցարդ չեն կատարուած ապրիլեան պատերազմէն ետք Վիեննայի մէջ ընդունուած յայտարարութեան կէտերը` սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծում եւ ԵԱՀԿ-ի նախագահի անձնական ներկայացուցիչի աշխատանքային կարողականութեան ընդլայնում: Պատճառը, ըստ Հայաստանի նախագահին, Ազրպէյճանն է:

Պատասխանելով Հայաստանի կողմէ «Իսքանտեր» հրթիռները ձեռք բերելու մասին հարցումին` նախագահը ըսած է, որ հայկական կողմը Ռուսիոյ հետ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը պահպանելու վերաբերեալ համաձայնագիր ունի եւ, կը կարծէ, թէ Ռուսիա անկէ մեկնելով  ընդառաջած է Հայաստանի խնդրանքին եւ տրամադրած «Իսքանտեր»-ը:

«Կը կարծեմ, որ ատիկա հարկադրուած միջոց էր` մեր շրջանին մէջ ռազմական իրավիճակը ձեւով մը հաւասարակշռելու համար: Գաղտնիք չէ, որ Ազրպէյճանը վերջին քանի մը տարուան ընթացքին կանոնաւոր ձեւով նորագոյն սպառազինութիւն ձեռք ձգած է: Մենք չունինք ֆինանսական այն կարելիութիւնները, որոնք ունի Ազրպէյճանը, բայց մենք անընդհատ կը փորձենք հաւասարակշռել իրավիճակը` ձեռք բերելով հակաթոյն: Իմ կարծիքովս` այս պարագային «Իսքանտեր»-ը հակաթոյն է: Վստահաբար, սպառազինութիւններու մրցավազքը լաւ իրավիճակ չէ, եւ մենք ցանկութիւն չունինք այդ քայլին դիմելու, իսկ ի՞նչ ընել, եթէ ամէն օր քեզի կը սպառնան պատերազմով, կործանումով», ըսած է Սերժ Սարգսեան:

Ըստ անոր, խնդիրը պէտք է լուծուի փոխզիջումներու միջոցով,  եւ ասիկա այն պարագան չէ, որ յաղթած է Հայաստանը կամ Ազրպէյճանը, կամ ալ` Ղարաբաղը: Լրագրողը հարցուցած է, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ թէժ գիծ չի՞ գործեր. Սարգսեան ժխտական պատասխանած է` աւելցնելով, որ 90-ականներուն, երբ ինք պաշտպանութեան նախարար էր, իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ նման կապ ունէր, եւ հրատապ հարցերը կը քննարկուէին: Հիմա նման գիծի ստեղծման առումով Սարգսեան դրական տրամադրուած է:

Անդրադառնալով ապրիլեան պատերազմին մէջ Ռուսիոյ դերակատարութեան` Սարգսեան ըսած է, որ մարտական գործողութիւնները դադրեցնելու առումով Ռուսիոյ դերը առանցքային եղած է: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բանակներուն հրամանատարները Մոսկուայի մէջ պայմանաւորուած են դադրեցնել զինուորական  գործողութիւնները: Վլատիմիր Փութինն ալ իրեն հետ զրոյցի ատեն կարեւոր նկատած է տագնապին լուծումը:

Անդրադառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, թէ համոզուած է, որ այդ միութեան անդամակցիլը ճիշդ որոշում էր, եւ Հայաստան այդ քայլով ոչ միայն ոչինչ կորսնցուցած է, այլ շահած: Ըստ անոր, Հայաստանի անդամակցութիւնը զուգադիպեցաւ պատժամիջոցներու տնօրինման պատճառով Ռուսիոյ տնտեսական իրավիճակի վատթարացման, ինչ որ ազդեց նաեւ Հայաստանի վրայ: Սարգսեան, սակայն, վստահ է` մէկ-երկու տարի ետք Հայաստանի քաղաքացիները պիտի զգան միութեան առաւելութիւնները:

Ըստ անոր, իր երազն է, որ իրագործուի ազգային գաղափարը` ուժեղ, ամուր պետութիւն դառնալ, խնդիրներ չունենալ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ: Նախագահ Սարգսեան կ՛երազէ, որ Ղարաբաղը ըլլայ կա՛մ Հայաստանի կազմին մէջ, կա՛մ ալ` անկախ պետութիւն: Իսկ ամէնէն անհաւանական երազանքը այն է, որ բոլոր հայերը Հայաստան գան:

Սերժ Սարգսեան ըսած է նաեւ, թէ մեծ յոյսեր ունի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կառավարութենէն, որուն առաջադրանքը տնտեսական աճի ապահովումն է:

Նախորդը

102 Թեր Եւ 3 Դէմ Քուէներով Ընդունուեցաւ Բանակին Մէջ Փոխհատուցման Համակարգ Ապահովող Հիմնադրամի Ստեղծումը

Յաջորդը

Նորվեկիոյ Մարզիչը Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?