Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծ

Նոյեմբեր 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

government_111816

Բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ անոնց հետ կապ ունեցող անձերը, որոնք չեն կրնար հիմնաւորել, թէ ինչպէ՛ս հարստացած են, յառաջիկային պիտի ենթարկուին քրէական պատասխանատուութեան: Այս առնչութեամբ նախագիծ վաւերացուած է: Այս մասին կը գրէ Սարգիս Յարութիւնեան:

18 նոյեմբերի կառավարութեան նիստին համաձայնութեան արժանացաւ քրէական օրէնսգիրքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող նախագիծը, ըստ որուն, եթէ յայտարարագիր ներկայացնող պաշտօնեայի կամ անոր ընտանիքի անդամին կարողութիւնը մէկ տարուան ընթացքին առնուազն հինգ միլիոն դրամով աւելի եղած է, քան այդ անձին օրինական եկամուտն է, եւ այդ անձը չի կրնար հիմնաւորել, թէ ինչպէ՛ս գոյացած է այդ եկամուտը, ապա բարձրաստիճան պաշտօնեան կամ անոր հետ կապ ունեցող անձը պիտի ենթարկուի քրէական պատասխանատուութեան:

Այլ նախագիծով մը արդարադատութեան նախարարը առաջարկած է «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքին մէջ կատարել փոփոխութիւն, որով բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու անոնց ընտանիքներուն անդամները պարտաւոր պիտի ըլլան փոխառութիւններէ ստացած վճարումները, դրամական նուիրատուութիւնները, այլ եկամուտները, որոնք երկու միլիոն դրամը կը գերազանցեն, անկանխիկ ընելու: Այս նախագիծին եւս համաձայնութիւն տուաւ գործադիրը: Այս փոփոխութիւնները օրէնքի ուժ պիտի ստանան խորհրդարանին մէջ ընդունուելէ եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ ստորագրուելէ ետք:

Բազմաթիւ են հայաստանցի այն բարձրաստիճան պաշտօնեաները, որոնք իրենց աշխատավարձը տասնեակ, հարիւրաւոր անգամներով գերազանցող եկամուտներ յայտարարագրած են` զանոնք ներկայացնելով իբրեւ հանրութեան անյայտ անձերու կողմէ կատարուած նուիրատուութիւններ կամ տրուած փոխառութիւններէն ստացուած եկամուտ:

18 նոյեմբերին կառավարութեան մէջ այս նախագիծերու ընդունումը բացատրուած է փտածութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու անհրաժեշտութեամբ:

Նոյն շրջագիծին մէջ, Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան` պատասխանելով «168 ժամ»-ի հարցումին, թէ ինչո՞ւ անշարժ գոյքի համար չէ ներդրուած շքեղութեան հարկ, որ որոշ չափով օրինական դաշտ պիտի բերէ ապօրինի հարստացման առնչուող հարուստներուն դղեակները, ըսած է, որ մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները կառավարութիւնը գոյքահարկի վերաբերեալ նոր մօտեցումներ պիտի ներկայացնէ:

Միւս կողմէ, իշխանութիւնները պիտի քննարկեն զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու հատուցման համար ձեւաւորուելիք հիմնադրամին պարտադիր վճարումները կամաւոր դարձնելու առաջարկը: Ազգային ժողովին մէջ խորհրդարանական ճեպազրոյցներու ծիրին մէջ լրագրողներուն հետ զրուցելով, այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Ազգային ժողովի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան  խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան:

«Մենք առաջարկ ունինք այդ պարտադիր դրոյթը կամաւոր դարձնելու, եւ ես կը կարծեմ, որ ատիկա բնական մօտեցում է, որ եթէ կայ մէկը, որ չ՛ուզեր վճարել, անոր չպարտադրուի: Կը կարծեմ, որ այդ առաջարկը կը քննարկուի, քանի որ բոլոր առաջարկները ենթակայ են քննարկման», ըսած է Բաղդասարեան:

Լրագրող մը հարցուցած է, թէ հաւանակա՞ն է, որ օրէնքի նախագիծի առաջինէն երկրորդ ընթերցման դրութեան մէջ փոփոխութիւններ ըլլան եւ պարտադիր բաղադրիչը վերցուի նախագիծէն. Վահրամ Բաղդասարեան պատասխանած է, թէ կայ նման առաջարկ, որ պիտի քննարկուի:

Կառավարութեան աշխատանքներու ծիրին մէջ, 18 նոյեմբերին տեղի ունեցած նիստին գործադիրը, ի թիւս այլ հարցերու, որոշում տուած է Սուրիոյ ազգութեամբ հայ քաղաքացիներուն կողմէ 1 յուլիս 2012-էն ետք Սուրիայէն Հայաստան ներածուած ինքնաշարժներուն մաքսային վճարումներուն եւ օրէնքով սահմանուած մաքսային մարմիններուն կատարուելիք վճարումներուն համար կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն գումար յատկացնել Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէին:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Ձեւակերպում Կար Ղարաբաղի Հետ Կապուած, Որ Մեզի Համար Անընդունելի Էր»

Յաջորդը

Դաշնակցական Պատասխանատու Ընկեր Արա Տէմիրճեանի Կենսագրականը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?