Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Ձեւակերպում Կար Ղարաբաղի Հետ Կապուած, Որ Մեզի Համար Անընդունելի Էր»

November 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_111816

Երէկ խորհրդարանական ճեպազրոյցներուն ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան անդրադարձաւ պարզաբանումի մը, որ չէր վերաբերեր քառօրեային, սակայն անոր մեծ տեղ յատկացուցած էր ազրպէյճանական մամուլը վերջերս տեղի ունեցած դիտարկումի յատուկ յանձնախումբի գործունէութեան ընթացքին: Ազրպէյճանական մամուլը ներկայացուցած էր, թէ իբրեւ այդ յանձնախումբի նիստին ժամանակ կանխուած է հայ պատգամաւորի մը սադրանքը:

«Եւ այդ պատգամաւորը ես եմ: Որեւէ սադրանք եթէ կանխուած է, ապա կանխուած է տագնապներու հարցով զբաղող «Սառեցուած տագնապներու հարցերով զբաղող» յատուկ ենթայանձնախումբին մէջ, որ իր գործունէութեան ընթացքին որեւէ շօշափելի արդիւնք չէ տուած: Մենք դէմ եղած ենք այդ յանձնախումբի աշխատանքներուն, որովհետեւ ձեւակերպում կար Ղարաբաղի հետ կապուած, որ մեզի համար բացարձակ անընդունելի էր` Լեռնային Ղարաբաղի եւ գրաւեալ տարածքներ ձեւով», ըսաւ Ռուստամեան: Ան աւելցուց, որ մեծագոյն սադրանքը այն եղած է, որ յանձնախումբի նիստին յայտարարուած է, թէ հայկական եւ ազրպէյճանական կողմը համաձայն են ձեւակերպումով քննարկել հարցը: Ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան: Յանձնախումբի նիստին հայկական կողմը ըսած է, որ եթէ այս ձեւակերպումով կը փորձեն քննարկում ծաւալել, ուրեմն իմաստ չեն տեսներ քննարկելու տագնապը` նախապէս կանխորոշելով այդ քննարկումներուն եզրակացութիւնը:

Ռուստամեան աւելցուց, որ այդ յանձնախումբը փոխած է կարգավիճակը յատուկէն վերածուելով սովորական յանձնախումբի, բայց հայկական կողմը յաջողած է ամրագրել կարեւոր պահանջ մը, որ որեւէ տագնապ կրնայ քննարկուիլ, եթէ երկու կողմերու համաձայնութիւնը կայ:

 

 

Նախորդը

Հայաստանը Պատրաստ Է Իրանի Համար Հարթակ Ձեւաւորելու` Դէպի Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Շուկայ

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան Գործունէութիւնը Ապօրինի Հարստացումը Կանխող Նախագիծ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.