Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն Մկրտչեանի Համաձայն. Հայաստանի Համար Նոր Հորիզոններ Կը Բացուին Գիտակրթական Մարզին Մէջ

November 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

levon-mekertchian_111716

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան շատ կարեւոր կը նկատէ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու նախարարներուն եւ փոխնախարարներուն հետ հանդիպումը: Ըստ նախարարին համոզումին, «Հորիզոն-2020»-ին անդամակցելէ ետք Հայաստան պիտի ունենայ նոր կարելիութիւններ գիտակրթական համակարգը եւրոպական կառոյցներուն մէջ համարկելու ուղղութեամբ:

«Մեզի համար կրթութիւնն ու գիտութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունեցող մարզեր են: Դարերով մեր երկիրը գտնուած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու քառուղիին վրայ: Այդ քաղաքակրթութիւններու բախումէն մենք շատ բան կորսնցուցած ենք, բայց նաեւ այդ երկիրներու երկխօսութենէն հայ ժողովուրդը շատ բան շահած է: Մեր անկախութեան ձեռքբերումէն ետք մենք կը հաւատանք, որ Հայաստանի համար նոր հորիզոններ կը բացուին քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան վայր հանդիսանալու համար», ըսած է Մկրտչեան:

Դրացնութեան քաղաքականութեան եւ ընդլայնման հարցերու Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննես Հան դիտել տուած է, որ ասիկա մեծ ջանքերու շարունակութիւնն է, որ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները Եւրոպական Միութեան հետ աւելի սերտօրէն կը կապուին կրկին:

«Կարեւորագոյնը` սատարել տնտեսական զարգացումներուն, իսկ ատիկա կարելի կը դառնայ, երբ ունիս որակեալ աշխատուժ: Իր կարգին, ասիկա կ՛ենթադրէ, որ պէտք է ըլլան որակաւոր գիտնականներ, եւ անոնք ունենան ամէնէն արդի բոլոր սարքաւորումները: Մենք պէտք է օգտուինք գիտահետազօտական աշխատանքներու եւ նորարարութեան ներուժէն, որ արդէն առկայ է: Գոյութիւն ունի «Հորիզոն-2020» կոչուող սպառիչ եւ համապարփակ եւրոպական գիտական ծրագիր, որ նախատեսուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր չհանդիսացողներուն համար, որովհետեւ, ինչպէս գիտէք, գիտութեան եւ հետազօտութիւններու մարզին մէջ սահման գոյութիւն չունի եւ պիտի չունենայ: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որպէսզի յաղթահարենք անցեալի դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Մեր խնդիրներէն մէկը այն է, որ ուղեղներու արտահոսքը վերածենք ուղեղներու շրջանառութեան: Մեր Եւրոպական գիտահետազօտական ծրագիրը, ի թիւս այլոց, նախատեսուած եւ յարմարեցուած է ճիշդ այդ նպատակին համար: Այս բոլորը առնչուած են արեւելեան դրացնութեան երկամեայ վեհաժողովներուն ընթացքին», յայտնած է Հան:

Եւրոպական Միութեան նախորդ` 7-րդ շրջանային ծրագիրին Արեւելեան գործընկերութեան երկիրները մասնակցած են 427 նախագիծերու, որոնց իրականացման համար Եւրոպական Միութեան կողմէ յատկացուած է 44,75 միլիոն եւրօ:

 

Նախորդը

Զախարովա Հաստատած Է, Որ Շփման Գիծին Վրայ Հետաքննութեան Մեքանիզմներու Հաստատումէն Հրաժարած Է Ազրպէյճանը

Յաջորդը

102 Թեր Եւ 3 Դէմ Քուէներով Ընդունուեցաւ Բանակին Մէջ Փոխհատուցման Համակարգ Ապահովող Հիմնադրամի Ստեղծումը

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 30, 2026
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.