Նախորդ տարիներուն նման, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը պիտի կազմակերպէ իր տարեկան դրամահաւաք-ռատիոթոնը:
«Դէպի Արցախ» կարգախօսով ընթացան համահայկական դրամահաւաքներէն գոյացած գումարներով Վարդենիս – Մարտակերտ մայրուղիի կառուցման աշխատանքներուն աւարտէն եւ «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրի նախաձեռնումէն ետք, այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր դրամահաւաքին հասոյթը պիտի տրամադրէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին աւերուած շրջաններու վերակառուցման նպատակին:
Շարունակելով հանդերձ Արցախի տարածքին ապրող բազմանդամ ընտանիքները նորակառոյց բնակարաններով օժտելու` «Մեր տունը» խորագիրով ծրագիրին իրագործումը, այս տարի անհրաժեշտութիւնը կը ծագի մասնակցելու ազրպէյճանական նախայարձակումին պատճառով աւերուած շրջաններու վերակառուցման աշխատանքին:
Մասնակցելով «Իմ Արցախ» կարգախօսով ընթանալիք այս տարուան դրամահաւաքին` դուք ձեր ներդրումը պիտի ունենաք Արցախի հզօրացման գործին եւ քառօրեայ պատերազմին պատճառած նիւթական վնասներուն դարմանումին: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը այս տարի անգամ մը եւս կը դիմէ հայութեան` Արցախի շուրջ համախմբուելու, որովհետեւ Արցախը այսօր իւրաքանչիւր հայորդիի անմիջական աջակցութեան կարիքը ունի` լուծելու համար մասնաւորաբար աւերուած շրջաններուն մէջ ենթակառոյցներու վերականգնման ուղղուած կարեւորագոյն հարցերը:
Առ այդ, չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կը կազմակերպէ ռատիոթոնը, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ:
Կո՛չ կ՛ուղղենք հայ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր իրենց մասնակցութիւնը բերելու «Իմ Արցախ» կարգախօսով դրամահաւաքին, որովհետեւ մեր բոլորին պարտականութիւնն է Արցախի հզօրացումը, հայրենի հողի պաշտպանութիւնը եւ պատերազմի վէրքերուն ամոքումը: Թէկուզ փոքր նուիրատուութիւններով, բոլորս մասնակի՛ց դառնանք այս սրբազան աշխատանքին:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 17 նոյեմբեր 2016