Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

December 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

logo-ArmenianPrelacyՈւրախութեամբ կը յայտարարենք, որ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան միացեալ ջանքերով, Ազգային առաջնորդարանը սկսած է արդէն փակել ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու, անձնակազմերու նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ յետնեալ պարտքեր:

Այս նախաձեռնութեամբ, ամբողջականօրէն գործադրութեան հունի մէջ կը մտնէ Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին որդեգրած որոշումը` Ազգային միացեալ վարժարանի 2017-2018 կրթական վերամուտէն առաջ փակելու նիւթական պարտաւորութիւնները` միաւորուած, ինչպէս նաեւ գործող բոլոր ազգային վարժարաններուն:

Այս քայլով Ազգային առաջնորդարանը կու գայ միանգամընդմիշտ տալու արմատական լուծում 21 տարիներէ ի վեր կուտակուած նիւթական պարտքերու թղթածրարին, որ գոյացած է Լիբանանի տնտեսական տագնապին, կրթական ֆոնտերու նօսրացման, ինչպէս նաեւ այլ առարկայական ու ենթակայական պատճառներով: Այստեղ պէտք է հաստատել, որ վերջին շրջանին, առաջնորդարանը արդէն իսկ հիմնական դերակատար դարձած է ազգային կարգ մը վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութեան ստեղծման ճիգերուն` կատարելով մեծագումար յատկացումներ:

Կ՛ակնկալենք, որ հայ դպրոցին նկատմամբ այս գուրգուրոտ վերաբերմունքը եւ յետնեալ նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու Ազգային առաջնորդարանին վճռական որոշումը, որ անշուշտ կ՛ենթադրէ մեծագումար նիւթական միջոցներ, դառնայ ուշադրութեան կարեւոր առանցք, եւ կրթական պատասխանատուներ` տնօրէնութիւններ, ուսուցչական կազմեր, խնամակալութիւններ, ինչպէս նաեւ ծնողներ ու հայկական դպրոցին նեցուկ հանդիսացող բարերարներ ու բարեկամներ միացեալ ճիգով ու յաւելեալ աշխուժութեամբ զօրակցին Ազգային վարժարաններու պայծառակերտման ու անոնց ճառագայթումին նպաստող բոլոր քայլերուն ու ծրագիրներուն որդեգրման ու գործադրութեան:

Աւելի՛ն, Ազգային առաջնորդարանը հետամուտ է ստեղծելու եկամուտի մնայուն աղբիւրներ, որպէսզի Ազգային վարժարաններու պիւտճէական հաւասարակշռութիւնը այլեւս դուրս գայ մնայուն մղձաւանջ ստեղծող կացութենէն եւ առիթ ընձեռէ, որ կրթական համակարգը օժտուի արդիական եւ ժամանակակից նոր կարելիութիւններով ու միջոցներով:

Ազգային միացեալ վարժարանի համար 25 նոյեմբեր 2016-ին կազմակերպուած հանգանակային ճաշկերոյթը ստեղծեց լայն խանդավառութիւն, եւ գոյացած հասոյթը եկաւ տալու յաւելեալ փաստ մը, որ լիբանանահայ գաղութը իր բոլոր շերտերով մեծապէս կը գնահատէ հայկական դպրոցին դերակատարութիւնը` նորահաս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան, մարդակերտումի ու ապագայ մարդուժի պատրաստութեան առումով:

Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` յաւելեալ յանձնառութեամբ, համոզումով ու գիտակցութեամբ կառչելու հայկական դպրոցի առաքելութեան եւ նեցուկ կանգնելու արդէն իսկ կրթական հարուստ կենսափորձ նուաճած ազգային վարժարաններու դերակատարութեան շեշտադրման, որ ինքնին կարեւոր գործօն է գաղութային կեանքի ուժեղացման եւ նպատակասլաց երթին:

Բոլորս միասնաբա՛ր պարտաւոր ենք լարելու մեր ճիգերը, համակելու մեր միջավայրը հայեցի կրթութեան շունչով ու հաւատքով, որպէսզի մեր առօրեային մէջ հայկականութիւնը դառնայ մնայուն ու տիրական ներկայութիւն, կարելի ըլլայ երաշխաւորել մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումը եւ անխախտ պահել լիբանանահայ գաղութին համահայկական դերակատարութիւնը: Հայկական դպրոցի պահպանումն ու զարգացումը մեզի համար պէտք է շարունակեն մնալ ռազմավարական խնդիր, եւ անոր յառաջընթացին համար պէտք չէ խնայել ճիգ ու ներդրում:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

15 դեկտեմբեր 2016

Նախորդը

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Յաջորդը

Սուրիահայ Պետական Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարէն Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.