Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լիբանանի իր պաշտօնակիցին` նախագահ Միշել Աունին ուղղեց Հայաստան այցելելու հրաւէր մը:
Հրաւէրը բանաւոր կերպով փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ երէկ այցելեց նախագահ Միշել Աունի:
Այս առիթով խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ: