Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ Արցախեան Տօնավաճառի Պաշտօնական Բացում

Դեկտեմբեր 17, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

don-2_121616

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն: Տօնավաճառին ներկայացուած էին  Արցախի գեղանկարիչներուն արուեստը, Կովսականի կիներու համագործակցականի ձեռային աշխատանքը, Արցախի նշանաւոր մեղր ու այլ արտադրանքներ:  Ուշագրաւ էր նաեւ ցուցադրուած մեծ պաստառը, որ կը ներկայացնէր «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրով Արցախի ազատագրուած շրջաններուն մէջ բազմազաւակ ընտանիքներուն բաժնուած անասուններուն ցուցակը` 2007-էն 2016 թուական:

don-4_121616Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Արցախ ֆոնտ»-ի անդամ Ծովիկ Գալեմքէրեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ լիբանանահայութիւնը արցախեան շարժման առաջին օրէն իր մասնակցութիւնը բերած է ազատամարտին` նուիրաբերելով իր լաւագոյն որդիներէն Վիգէն Զաքարեանը եւ Մհեր Ջուլհաճեանը: «Այնքան ատեն որ չէ աւարտած գոյապայքարը եւ Արցախը կարիքը ունի մեր նեցուկին, մենք նոյն գիտակցութեամբ եւ նուիրումով կը շարունակենք գործնական զօրակցութիւնը», հաստատեց ան, ապա ներկայացուց «Արցախ ֆոնտ»-ին ծաւալած գործունէութիւնը: Ան ըսաւ, թէ «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրին նպատակն է քաջալերել ու աշխուժացնել ազատագրուած տարածքներուն վրայ նոր հաստատուած կեանքը. իւրաքանչիւր երրորդ նորածինի ընտանիքը «Արցախ ֆոնտ»-ին ճամբով կը ստանայ կաթնատու կով մը: Ծ. Գալեմքէրեան յայտնեց նաեւ, որ «Արցախ ֆոնտ»-ը պարբերաբար կը կազմակերպէ արցախեան մշակոյթի օրեր, ուր կը հիւրընկալուին արցախցի երիտասարդ արուեստագէտներ: Ան աւելցուց նշելով, որ ամէն տարի լիբանանահայ աշակերտները իրենց ներդրումը կը բերեն Արցախի ազատագրուած տարածքներու նորակառոյց դպրոցներու կահաւորումին, ապա նշեց «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը, որուն ամէն տարի կը մասնակցին լիբանանահայ տարբեր վարժարաններու բարձր դասարաններու աշակերտներ: Իսկ «Արցախ ֆոնտ»-ի տիկնանց համագործակցականը կը միտի շրջանի բնակիչները ինքնաբաւ դարձնել` քաջալերելով անոնց անձնական նախաձեռնութիւնները:

Ծ. Գալեմքէրեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Նախատօնական այս օրերուն, սպառելով արցախցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն մտքի ու բազուկի արտադրանքը, մենք կրկին մեր ներկայութիւնը հաստատած կ՛ըլլանք արցախեան շարունակուող գոյապայքարին մէջ»:

don-1_121616

Խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան ըսաւ, թէ վերջին տասնամեակներուն Արցախ կարիք ունեցած է հայութեան աջակցութեան` անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ, ապա հաստատեց, որ Լիբանանի հայութեան 25 տարիներու ընթացքին բերած նպաստը ուղղուած է Արցախի անկախութեան պահպանման, անոր հզօրացման ու ամրապնդման, ինչ որ գովելի իրականութիւն է: Դեսպանը յայտնեց. «Արցախ ֆոնտ»-ին կողմէ Արցախի մէջ իրականացուող ձեռնարկները ոչ միայն բովանդակ են, այլեւ իմաստալից, որովհետեւ կը փորձեն հողին վրայ պահել Արցախի ժողովուրդը, աւելի ամրապնդել անոր արմատները եւ զարգացնել, նաեւ ընդլայնել Արցախի ազգաբնակչութեան թուաքանակը, որովհետեւ հողատարածքները մարդուն կը պատկանին` հողին վրայ ապրող մնայուն հաստատուն բնակչութեան միջոցով: Այն բնակչութեան, որ կառչած է հողին, բայց նաեւ ունի այդ հողը պաշտպանելու, ծաղկեցնելու ու բերրի դարձնելու կարելիութիւնները: «Արցախ Ֆոնտ»-ը իր ջանքերով եւ գործունէութեամբ այդ նպատակները կիրականացնէ»:

Խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան բարձր գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը «Արցախ ֆոնտ»-ի կազմակերպած իւրայատուկ ցուցահանդէսին եւ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է Արցախի կողքին ըլլայ եւ քաջալերէ Արցախի արտադրութիւնները` յիշելով, որ այդ արտադրութիւններով Արցախի շողէն մասնիկ մը եւ հայոց հողէն բաժին մը իբրեւ օրհնութիւն կ՛ունենայ իր տան մէջ: Ան դիտել տուաւ, թէ մեր մասնակցութեամբ ու քաջալերանքով նպաստած կ՛ըլլանք Արցախի վերաշինութեան ու զարգացման գործին, որուն ամէն հայ իր պարտականութեան բաժինը պէտք է բերէ:

don-3_121616

Առաջնորդ սրբազան հայրը բարի տօնավաճառ մաղթելով օրհնեց ձեռնարկին առիթ ու միջոց ընծայողները եւ բոլոր մասնակիցները:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց կը մնայ շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Նախորդը

Ս. Ծննդեան Եւ Նոր Տարուան Նշում «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման` Ընկերութեան Կեանքին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?