Գլխաւոր լուրեր

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովին Փակումը

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովին Փակումը

Շաբաթ, 29-ի hոկտեմբերի կէսօրին, Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը, որ սկսած էր հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի շրջաններու 40 ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովը երեք օրուան ընթացքին կատարեց ընդհանուր արժեւորումը միութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութեան եւ գնահատանքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի նորաստեղծ մասնաճիւղերուն` Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Հոլանտայի մէջ ծաւալած աշխատանքներուն:...

Ռուբէն Յովսէփեանին  Վերջին Հրաժեշտ Պիտի Տրուի

Ռուբէն Յովսէփեանին Վերջին Հրաժեշտ Պիտի Տրուի

27 հոկտեմբերին 77 տարեկանին կեանքէն հեռացած գրող, թարգմանիչ Ռուբէն Յովսէփեանի թաղման արարողութիւնը կազմակերպելու համար ստեղծուած է կառավարական յանձնախումբ` Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի ղեկավարութեամբ: Ռուբէն Յովսէփեանի հոգեհանգիտը տեղի պիտի ունենայ այսօր` 29 հոկտեմբերին, ժամը 18:00-20:00 (Երեւանի ժամանակացոյցով), Համազգային թատրոնին մէջ (Ամիրեան 26), իսկ վերջին հրաժեշտը` 30 հոկտեմբերին, ժամը 12:00-14:00, Հայաստանի Գրողներու միութեան կեդրոնին մէջ (Բաղրամեան 3):  Յուղարկաւորութիւնը` Երեւանի...

Վարչապետ Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Մետվետեւի Հետ

Վարչապետ Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Մետվետեւի Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Մինսքի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ իր պաշտօնակիցին` Տմիթրի Մետվետեւի հետ: Լուրը կը փոխանցեն կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն: Ընդգծելով այն հանգամանքը, որ երկու երկիրները նախ եւ առաջ իրարու կապուած են դաշնակցային-ռազմավարական յարաբերութիւններով` վարչապետներ Կարէն Կարապետեանն ու Տմիթրի Մետվետեւը կարեւոր նկատած են երկկողմանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները առաւել խորացնելու ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը`...

«Ազգային Ժողովը Լիարժէք Վերահսկողութիւն  Իրականացնելու Յստակ Գործիքակազմ Պէտք Է Ունենայ»  Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

«Ազգային Ժողովը Լիարժէք Վերահսկողութիւն Իրականացնելու Յստակ Գործիքակազմ Պէտք Է Ունենայ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 28 հոկտեմբերին խորհրդարանական ճեպազրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախկին ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքականութիւն վերադառնալու կարելիութեան` դիտել տալով, որ ատիկա բացառուած չէ: «Ես չեմ բացառեր, որ նման բան կատարուի, հակառակը` շատ հաւանական կը նկատեմ: Իսկապէս, Հարվըրտ պէտք չէ աւարտել` հասկնալու համար` եթէ դուն չես զբաղիր քաղաքականութեամբ, քաղաքականութիւնը կը...

Քլեմանսոյի Մէջ .  Ժոմպլաթ Զօրակցութիւն Յայտնեց  Զօր. Աունի Թեկնածութեան

Քլեմանսոյի Մէջ . Ժոմպլաթ Զօրակցութիւն Յայտնեց Զօր. Աունի Թեկնածութեան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, ընկերկացութեամբ` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի, երէկ այցելեց վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ապա զօր. Աուն ուղղուեցաւ Քլեմանսօ, ուր ընդունուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պասիլ, նախարարներ Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Աքրամ Շեհայէպ, երեսփոխաններ Հանրի Հըլու, Ալաէտտին Թըրրօ եւ Ղազի...

Մոսկուայի Մէջ Զարիֆ-Լաւրով-Մոալլեմ  Եռակողմանի Հանդիպում.  «Պատրաստ Ենք Հալէպի Մէջ  Զինադադարը Վերականգնելու»  Կ՛Ըսէ Մոալլեմ

Մոսկուայի Մէջ Զարիֆ-Լաւրով-Մոալլեմ Եռակողմանի Հանդիպում. «Պատրաստ Ենք Հալէպի Մէջ Զինադադարը Վերականգնելու» Կ՛Ըսէ Մոալլեմ

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրովի, Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի եւ Ուալիտ Մոալլեմի միջեւ եռակողմանի հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիոյ զարգացումները` մեկնելով երեք երկիրներու ահաբեկչութեան դէմ անդուլ եւ ազդու պայքարի նկատմամբ յանձնառութեան, զինադադարի հաստատման, քաղաքայիններու տառապանքներուն անմիջապէս վերջ տալու, մարդասիրական հարցերը լուծելու եւ միջազգային օրէնքի հիմամբ քաղաքական հոլովոյթին ընթացք տալու կամքէն: Հանդիպումէն...

Մահազդ

Ոչ Եւս Է Գրող, Հրապարակագիր Եւ Հասարակական Գործիչ Ռուբէն Յովսէփեան

Երէկ 77 տարեկանին մահացաւ հայրենի վաստակաշատ գրող, հրապարակագիր, թարգմանիչ, մտաւորական, գրականագէտ եւ հասարակական գործիչ Ռուբէն Յովսէփեան: Ան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մէջ: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղեց Յովսէփեաններու ընտանիքին` Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ գրող Ռուբէն Յովսէփեանի մահուան առիթով: «Անոր վիպակները, պատմուածքներն ու թարգմանութիւնները մնայուն արժէքներ են մեր գրականութեան մէջ: Նշանակալի է...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է  Սուրիահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Սուրիահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

  Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է սուրիահայութեան ու հայկական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, համայնքային խնդիրներով զբաղող բարերարներու եւ պատասխանատուներու հետ: Հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ հանդիպման մասնակիցները հրաւիրած է քննարկելու աջակցութեան նոր գաղափարներ, նոր ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներէն անմիջականօրէն տեղեկանալու վերջին զարգացումներուն եւ առկայ իրավիճակին, այդ իրավիճակին մէջ գտնուող գաղութի ներկայ կարիքներուն...

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը  Որոշած Է Նոր Պատրիարք Ընտրել

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը Որոշած Է Նոր Պատրիարք Ընտրել

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած եկեղեցական ժողովի ընթացքին որոշած է դիմել թրքական իշխանութիւններուն` նոր պատրիարք ընտրելու արտօնութիւն տրամադրելու խնդրանքով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ գումարուած ժողովին ընթացքին քննարկուած է այն հարցը, որ մայիս 2008-էն պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեան դադրած է պաշտօնավարելէ եւ պատրիարքական աթոռի ընթացիկ գործերը կատարելու համար պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ ընտրուած է Արամ արք. Աթեշեանը: «Եկեղեցական կանոններն ու...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Ո՛չ Քլինթընին, Ո՛չ Ալ Թրամփին Պիտի Աջակցի

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ո՛չ Քլինթընին, Ո՛չ Ալ Թրամփին Պիտի Աջակցի

  Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը իր կայքին վրայ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ կը մերժէ սատարել Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններու թեկնածուներէն ոեւէ մէկուն: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը, իբրեւ նախընտրական ռազմավարութեան մաս, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ուշադիր կ՛ուսումնասիրէ նախագահի թեկնածուներու անցած ուղին եւ ընթացիկ ընտրապայքարը, որ առանձնայատուկ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ամերիկահայ համայնքին մօտ:...

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովի Բացում

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 9-րդ Խորհրդաժողովի Բացում

Հինգշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան: Խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան համահայկական կառոյցի 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի վարչութիւններու 40 ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիրը: Մասնակիցներու շարքին են միութեան նորաստեղծ շրջաններէն Թիֆլիսի, Մոսկուայի, Միւնիխի եւ Առնհեմի...

«Չափանիշը Ապրիլ Ամիսը Չէ,  Այլ Զինադադարի Համաձայնագիրը»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Չափանիշը Ապրիլ Ամիսը Չէ, Այլ Զինադադարի Համաձայնագիրը» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան 26 հոկտեմբերին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հիմնականօրէն անդրադարձած է ղարաբաղեան հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն Պաքու եւ Երեւան տուած այցելութիւններուն արդիւնքներուն: Ան դիտել տուած է, որ հայկական կողմին տրամադրած տեղեկատուութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նախագահին յայտարարութիւնները կ՛ընթանան զինադադարի դրութեան ամրապնդման...

Հայաստանի Մէջ Ոսկերչութեան Զարգացման  Լաւագոյն Պայմանները Ստեղծուած Են

Հայաստանի Մէջ Ոսկերչութեան Զարգացման Լաւագոյն Պայմանները Ստեղծուած Են

26 հոկտեմբերին Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնութեան համաժողովը` մասնակցութեամբ աշխարհի 25 երկիրներէ եկած ոսկերչութեան եւ թանկարժէք մետաղներու մշակման մարզերը ներկայացնող աւելի քան 80 պատուիրակներու, ինչպէս նաեւ Ոսկերիչներու համաշխարհային համադաշնութեան նախագահ Կայեթանօ Քաւալիերին: «Այս օրը պէտք է ըլլայ պատմական Հայաստանի ոսկերչական արդիւնաբերութեան զարգացման համար, քանի որ ամբողջ աշխարհի արդիւնաբերութեան ղեկավարները մէկ շաբաթով կը գտնուին Հայաստան...

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան  Պատուիրակութեան Ղեկավար Քրիսթինա Լասընի  Այցելութիւնը  «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Պատուիրակութեան Ղեկավար Քրիսթինա Լասընի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն

Երէկ` չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2016-ին, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութիւն այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Քրիսթինա Լասըն, որուն կ՛ընկերակցէին Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Սարա Քամփիոնի, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Սամար Համմուտ, UNHCR-ի ներկայացուցիչ Մակի Պուրաժէլ եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Ազզէտին Զենուալ: «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան Նիւ Եորքի կեդրոնական վարչութեան անդամ Զաւէն Թաշճեան, գործադիր տնօրէն Իրինա Լազարեան եւ Լիբանանի տնօրէն Սերոբ Օհանեան դիմաւորեցին...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Ոստիկանները Խնձոր Բաժնեցին Անցորդներուն

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ոստիկանները Խնձոր Բաժնեցին Անցորդներուն

Չորեքշաբթի, 26 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան կանուխ ժամերէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան շրջանի հիմնական փողոցներուն վրայ քաղաքապետարանի ոստիկանները խնձոր բաժնեցին անցորդներուն` թէ՛ հետիոտն եղողներուն, եւ թէ՛ ինքնաշարժ վարողներուն: Այս նախաձեռնութիւնը յատուկ մթնոլորտ ստեղծեց շրջանին մէջ: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու համար զրուցեցինք Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանի հետ: Ան բացատրեց, որ երկրին մէջ խնձորի բերքի սպառման սուր տագնապ կայ, ինչ...

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու  Բարձրաստիճան Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներու Բարձրաստիճան Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան  25 հոկտեմբերին ընդունած են ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Փիեռ Անտրիոն (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիքը (Միացեալ Նահանգներ), ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքը: Զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին եւ առկայ խնդիրներուն վերաբերող հարցեր: Համանախագահները Հայաստանի նախագահին ներկայացուցած են այցելութեան ծիրին...

Նոր Փաստեր` Պարեկապահակային  Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Մասին

Նոր Փաստեր` Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Տարածքի Գրաւման Մասին

Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութեան մէջ կը շարունակուի զինուած խումբին կողմէ 17 յուլիս 2016-ին Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդի (ՊՊԾ) վարչական շէնքերն ու յարակից տարածքը գրաւելու եւ պահելու դէպքին առիթով Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 219-րդ եւ 235-րդ յօդուածներով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը: Նախաքննութեան աւելի կանուխ փուլին յայտնուած էր, որ ՊՊԾ գունդի շէնքերն ու տարածքը գրաւած զինեալներու խումբը կը բաղկանար...

Պասիլ Նամակ Մը Ստացաւ  Էդուարդ Նալբանդեանէն

Պասիլ Նամակ Մը Ստացաւ Էդուարդ Նալբանդեանէն

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները: Հանդիպումին ընթացքին Մկրտչեան Պասիլին յանձնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի կողմէ ուղղուած նամակ մը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Մասնակցութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ  Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց  Յանձնախումբի Ժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու Եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց Յանձնախումբի Ժողովին

19-22 հոկտեմբեր 2016-ին, Կիպրոսի Փարալիմնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ուղղափառ եկեղեցիներու երկու ընտանիքներուն (քաղկեդոնական ու ոչ քաղկեդոնական) եւ Աստուածաշունչի միացեալ ընկերութեանց միջեւ համագործակցութեան աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի տարեկան ժողովը: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին Տիեզերական ու Ռուսիոյ պատրիարքութեանց, Յունաստանի, Կիպրոսի, հայ, ղպտի ու ասորի եկեղեցիներու եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց ներկայացուցիչները: Սոյն ժողովին հայ եկեղեցին ներկայացուցին Եզնիկ արք. Պետրոսեան (Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւն) եւ...

Պուրճ Համուտի Կառոյցներու  Եւ Միութիւններու  Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ  Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Պուրճ Համուտի Կառոյցներու Եւ Միութիւններու Ներկայացուցիչներու` Ազգային Միացեալ Վարժարանի Ծանօթացման Հաւաք

Երէկ` երեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցան կառոյցի ծանօթացման աշխատանքները` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի կառոյցներու եւ մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու թաղական խորհուրդներու, մամուլի, հայրենակցական միութիւններու, ՀՅԴ կոմիտէներու ներկայացուցիչներու եւ համալսարանական դասախօսներու: Հաւաքի սկզբնաւորութեան, ներկաները դիտեցին վարժարանի մասին տեսերիզ մը, ապա խօսք առին Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան եւ հանգանակիչ մարմինի ատենապետ...

Page 668 of 796 1 … 667 668 669 … 796

Արխիւներ