Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նկատմամբ Վերաբերմունքը Սպասողական Է

December 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

serjdikransargsyan_121616

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 դեկտեմբերին ընդունած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանը:

«Մենք միասին Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հոլովոյթի ակունքներուն մէջ էինք, եւ այդ միութեան անդամակցելով` ակնկալիք ունէինք էապէս բարելաւելու Հայաստանի տնտեսական վիճակը: Ցաւօք, անդամակցութիւնը զուգադիպեցաւ  միջազգային տնտեսական հոլովոյթներու հետ, որոնք բացասաբար ազդեցին երկրի տնտեսութեան վրայ, եւ մեր քաղաքացիներու  վերաբերմունքը Եւրասիական տնտեսական միութեան տակաւին, մեղմ ըսելով, սպասողական է, թէեւ չանդամակցելու պարագային, ես վստահ եմ` բացասական մօտեցումները աւելի շատ պիտի ըլլային», ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ հսկայական աշխատանք կատարուած է, եւ 10 օր ետք պիտի ամփոփուին որոշ արդիւնքներ:

Նախագահը կարեւոր նկատած է 26 դեկտեմբերին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունենալիք Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի օրակարգին վրայ ներառուած հարցերը, որոնց կարգին` Մաքսային օրէնսգիրքի ընդունումը:

«Մենք կ՛աջակցինք Եւրասիական յանձնաժողովի եւ մեր աւանդական գործընկերոջ` Իրանի միջեւ բանակցային հոլովոյթին` նպատակ ունենալով կարելի եղածին չափ արագ եւ արդիւնաւէտ հասնիլ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագիրի ստորագրման», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Տիգրան Սարգսեան իր կարգին ընդգծած է, որ Հայաստանի նախագահին հետ միասնաբար պիտի քննարկուին համարկման միութեան խորացման վերաբերող առաջնահերթութիւնները, «որպէսզի անդամ բոլոր երկիրները ստանան այն տնտեսական օգուտները, որոնց վերաբերեալ ձեւաւորուած  են լուրջ ակնկալիքներ ինչպէս հասարակութեան շրջանակին մէջ, այնպէս ալ քաղաքական գործիչներու»:

 

 

Նախորդը

Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Հայաստան Այցելեց

Յաջորդը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.