Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Յայտարարութեամբ Փակումը Կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Դեկտեմբեր 16, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

closing-diaglogue1_121516

Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Իրան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «Կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «Զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր պետերու դերը` խաղաղութիւն եւ փոխադարձ յարգանք տարածելու առումով» եւ «Յարգելով մարդու իրաւունքները` կանխել կրօնի սխալ ընկալումը» նիւթերուն առնչուող կարգ մը հարցեր:

Երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ երկու համայնքներու համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը շեշտելով հանդէս եկան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի եւ Կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի նախագահ դոկտ. Մոհամետ Մեհտի Թասխիրի, Իրանի փիլիսոփայութեան միութեան նախագահ Ապտուլհիւսէյն Խոսրոփանահ, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչներ Ճորճ Աբրահամեան եւ դոկտ. Կարէն Խանլարեան, Իսլամական դաւանանքներու համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ահմատ Մոպալեղի, Կրօններու եւ դաւանանքներու համալսարանի տնօրէն դոկտ. Ապուլհասան Նաւաբ եւ սուրիահայութեան պետական ներկայացուցիչ երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան:

Վեհափառ հայրապետը իր փակման խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «սոյն երկխօսութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է քով-քովի գալու, իրար լսելու եւ մեր կեանքը յուզող տագնապներուն ու դժուարութիւններուն միացեալ լուծում առաջարկելու: Բոլոր տեսակի ծայրայեղութիւնները կը վտանգեն մարդկային ընկերութիւնները: Երբ մենք Քրիստոնեայ թէ իսլամ մեր ըմբռնումներուն եւ գործունէութեանց մէջ ըլլանք հաւասարակշռուած, այդ ժամանակ համագոյակցութեան քաղցրագոյն մթնոլորտը կը ստեղծենք մեր կեանքերուն մէջ: Կրօններու առաջնորդները մեր ընկերութիւններուն մէջ համերաշխութեան տարածման հրաւիրուած են լծուելու: Մենք` իբրեւ հոգեւորականներ, կրօններու առաջնորդներ, պէտք է մեր կարելին ընենք աղօթքով, խօսքով թէ գործով կասեցնելու համար ներկայ ընկերութիւնը յուզող ամէնէն տագնապալի երեւոյթը` ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»:

Համագումարի աւարտին կարդացուեցաւ ժողովէն բխած 9 կէտերէ բաղկացած հռչակագիրը, ուր մասնաւորապէս կը շեշտուէր, թէ ժողովի մասնակիցները «կը դատապարտեն ամէն տեսակի բռնութիւն կամ ահաբեկչական գործողութիւն, որ պատճառ կը դառնայ ժողովուրդի տարագրութեան կամ ցեղասպանութեան»:

Կողմերը, սոյն համագումարը շահեկան նկատելով, որոշեցին ապահովել երկխօսութեան շարունակականութիւնը, սահմաններու ընդլայնումով հասնելու համաշխարհային մակարդակի:

Յայտնենք, որ կողմերու յաջորդ հանդիպումը որոշուեցաւ կայացնել 2018 թուականին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը` Թեհրանի Հայոց Թեմի
Նորընտիր Պատգամաւորական Ժողովին

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Թեհրանի հայոց թեմի նորընտիր պատգամաւորական ժողովին, որուն ներկայ էին նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի կրօնական եւ թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մարմինի յանձնախումբը:

Հանդիպման ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր խօսքը ուղղելով ժողովականներուն ըսաւ. «Եկեղեցին իր էութեամբ համակ առաքելութիւն է` ժողովուրդի կեանքին մէջ ծառայութեամբ կենսագործուող եւ պատմութիւնը վկայ է, թէ մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տիրական եւ ծառայական ներկայութիւն դարձած է»: Վեհափառ հայրապետը գնահատեց մարմիններուն տարած աշխատանքը շրջանին մէջ եւ քաջալերեց զանոնք առաւել եւս անշահախնդրօրէն նուիրուելու հայ ժողովուրդի ծառայութեան:

Աւարտին ժողովականները հարցումներ ուղղեցին վեհափառ հայրապետին սուրիահայութեան, Սիսի կաթողիկոսութեան դատին եւ համահայկական բնոյթ ունեցող զանազան հարցերու մասին:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Շուէտական Դատարանի Վճիռը

Յաջորդը

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?