Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն Ողջունեց Հալէպի Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատումը

Դեկտեմբեր 20, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram-i-catholicos_121916

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատերազմի  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան:

Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը`  յայտարարելով, թէ «սա պահուն` Ս. եւ անմահ պատարագի խորհուրդով վերանորոգուած Թեհրանէն մեծ ուրախութեամբ կ՛ողջունենք Հալէպի մէջ խաղաղութեան վերահաստատումը: Անցնող հինգ տարիներուն ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները ապրեցան տագնապալից օրեր: Սակայն, շնորհիւ մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ ամուր կամքին մեր ժողովուրդի զաւակները մնացին կառչած մեր եկեղեցւոյ, մեր հոգեւոր-բարոյական ու ազգային արժէքներուն եւ մնացին պատնէշի վրայ: Եւ այսօր մենք մեծ ուրախութեամբ կը բաժնենք ուրախութիւնը սուրիացի ժողովուրդին ու յատկապէս մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը շարունակելով կարեւորութեամբ շեշտը դրաւ հաւատքին մեր անհատական ու հաւաքական կեանքէն ներս ունեցած կենսական դերին վրայ` ըսելով. «Քրիստոսի ուսուցումներուն առանցքը կը կազմէր հաւատքը: Կեանքի տագնապալից կացութիւններուն ու պարագաներուն դիմաց Քրիստոս իր աշակերտներուն ու հետեւորդներուն թելադրեց հաւատք ունենալ. հաւատքով է, որ կարելի է կեանքի բոլոր տագնապները դիմագրաւել, ա՛յս էր Քրիստոսի պատգամը ժողովուրդին»:

Անդրադառնալով հայ ժողովուրդի պատմութեան` վեհափառը յիշեցուց, թէ «պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց մեր ժողովուրդը հաւատքով իր գոյութիւնը պահեց, որովհետեւ հաւատաց աստուածաշնչական արժէքներուն ու սկզբունքներուն, եւ քալեց Քրիստոսի ցոյց տուած ճանապարհէն: Աստուծոյ Որդին դարձնելով իր կեանքին մէջ ամէնօրեայ ու տիրական ներկայութիւն: Առանց քրիստոնէական հաւատքի պայծառակերպող ներկայութեան, հայ ժողովուրդը պիտի կորսուէր պատմութեան փոշիին տակ»:

Վեհափառ հայրապետը ողջունեց հաւատքի հզօրութեամբ դժուարութիւնները դիմագրաւելու Սուրիոյ հայութեան քրիստոնէավայել ու հայավայել կեցուածքը: Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Հայ կաթողիկէ ու Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն, բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որոնք անցնող հինգ տարիներուն զանազան ձեւերով օժանդակեցին սուրիահայութեան պէտքերուն ու կարիքներուն:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց, թէ «սուրիահայութեան օժանդակութիւնը համազգային առաջնահերթութիւն էր, նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը պէտք է դառնայ համահայկական առաջնահերթութիւն»: Ապա յիշեցուց, թէ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաջնորդութեամբ պիտի ծրագրուին Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները»:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ  հոգեհանգստեան արարողութիւն, անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ անցնող օրերուն կատարուած ահաբեկչական գործողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ զոհուած ղպտի հաւատակիցներուն հոգիներուն համար:

Պատարագի աւարտին վեհափառ հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի դահլիճ, ուր ժողովուրդի եւ ժողովականութեան ներկայութեան երգուեցան «Կիլիկիա»-ն եւ «Հայրապետական մաղթերգ»-ը:

Նախորդը

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողովին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Հաւանական Է, Որ Թուրքերն Ու Որոշ Դաւաճան Քիւրտեր Յարձակում Կազմակերպեն Օճալանի Դէմ» Կ՛ըսէ Քարայըլան

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?