Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Դեկտեմբեր 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

hagop1_121816

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը:

Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Պօղոս սրկ. Քեսապլեանի:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան: Ան նկատել տուաւ, որ կը տօնենք սուրբի մը տօնը ո՛չ միայն անոր կենսագրութիւնը սորվելու, այլ նաեւ ծանօթանալու անոր գործերուն եւ ապրելու անոր օրինակով: «Ապրինք Ս. Յակոբի օրինակով եւ ըլլանք հաւատքի մարդ, կամքի տէր մարդ», շեշտեց քահանայ հայրը` աւելցնելով, որ հետաքրքրութեան աշխարհը փոխուած է մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ, եւ մեր ժողովուրդը նահանջի մէջ է, սակայն մենք կը փորձենք միացնել մեր ազգային, հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը:

Այնուհետեւ դպրաց դասը մեկնաբանեց շարականներ, ազգային եւ հոգեւոր երգերու փունջ մը` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սեպուհ Յովակիմեանի: Դպրաց դասի անդամներէն Շանթ Գարակէօզեան ներկայացուց Ս. Յակոբին կեանքը, Սերին Սարգիսեան ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Խաղաղութիւն ամէնեցուն» քերթուածը, իսկ Արմիկ Քէրքէզեան մեկնաբանեց «Ջութակ» երգը: Եսայի սրկ. Մանուկեան երգեհոնի վրայ ներկայացուց երաժշտական կտոր մը, նաեւ` խօսքերու եւ մտածումներու փունջ մը:

Աւարտին Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան եկեղեցւոյ ընտանիքին անունով մեծապէս գնահատեց դպրաց դասի անդամներուն կատարումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:

Կիրակի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ սրբազանը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:

hagop2_121816

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ դարեր շարունակ մեր ժողովուրդը երկիւղածութեամբ նշած է Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին տօնը` աւելցնելով, որ թէկուզ պատմութեան մէջ յստակ չէ անոր ծագումը, սակայն մեր ժողովուրդը 4-րդ դարէն մինչեւ այսօր զինք կը դաւանի որպէս հայ եւ որպէս յաղթող ու քաջ սուրբ մը: Սրբազանը դիտել տուաւ, թէ մեր ժողովուրդը համոզուած է, որ իր պաշտած սուրբը անկասկած իրեն համար Աստուծոյ մօտ բարեխօս կը մնայ` անոր փոխանցելով իր իղձերն ու բաղձանքները: «Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, Ս. Յակոբը յիշելով մենք ալ մեր սրտին իղձերը իրեն կ՛ուղղենք` խնդրելով, որ մեզի համար ինք բարեխօս ըլլայ Աստուծոյ մօտ եւ կեանքի պատահարներուն դիմաց իր օրինակով մենք ալ ջանանք ըլլալ յաղթող», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը: Շարունակելով իր խօսքը ան նկատել տուաւ, որ մեր կեանքին մէջ բազմաթիւ աւանդութիւններ եւ աւանդներ հաստատուած են նախորդ սերունդներուն կողմէ եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք մերօրեայ կեանքին մէջ զանոնք ո՛րքանով պահած ենք եւ անոնք ո՛րքանով կ՛առնչուին մեր կեանքին, այդ բոլորով ինչպէ՛ս կը փորձենք զօրանալ, սրբութիւն բերել մեր կեանքին համար, յաղթանակ տանիլ բոլոր այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք անդադար կը ձգտին աղաւաղել քրիստոնէական եւ ազգային մեր նկարագիրը: Սրբազան հայրը կոչ ուղղեց` այդ նուիրական աւանդները պահելու եւ զանոնք անաղարտօրէն փոխանցելու սերունդէ սերունդ: Անդրադառնալով Ս. Յակոբին կեանքին, սրբազան հայրը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը զինք կը յիշէ իբրեւ այն անձնաւորութիւնը, որ ժողովուրդին մօտ հաւատք ամրացնելու համար յառաջացած տարիքին առանձինն փորձեց բարձրանալ Արարատ լերան գագաթը եւ Նոյեան տապանէն մասնիկ մը բերել եւ զայն ժողովուրդին ներկայացնել որպէս հաւատքի փաստ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը յորդորեց սրբութեամբ վարելու մեր կեանքը, որպէսզի հարազատօրէն կարենաք տեսնել այն հորիզոնը, ուր պարտինք հասնիլ իբրեւ ժողովուրդի մը զաւակներ, որ տակաւին անկատար իղձեր եւ իտէալներ ունի: Ան նշեց, որ մեր զօրութիւնն ու մեծութիւնը կը կայանան մեր իսկութեան մէջ, հարազատօրէն ապրելով մեր հաւատքը, մեր ազգային գիտակցութեամբ եւ սուրբերուն առաջնորդութեամբ: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ «Նախիլ» ճաշարանին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` նախագահութեամբ սրբազան հօր եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Անդօ Սարգիսեան ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Լիբանանի թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան` յոյս եւ փափաք յայտնելով, որ վեհափառը նաեւ հովուապետական այցելութիւն տայ Ս. Յակոբ եկեղեցի: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով տարուած աշխատանքներուն:

Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ. Քէրքէզեան բացատրեց մէկտեղումին նպատակը, որն է` տէր դառնալ մեր նախնիներուն կտակած ժառանգին, վերանորոգել մեր ուխտը` եկեղեցւոյ ծառայելու, նաեւ` մեր ազգի յաւերժական գոյութեան եւ լինելութեան համար:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանը, որ գոհունակութիւն յայտնեց այն մասին, թէ մեր ժողովուրդին զաւակներուն մէջ տակաւին հաւատքը կ՛ապրի, եւ այդ հաւատքին շնորհիւ մեր եկեղեցիներուն եւ մեր կառոյցներուն մէջ անհատներ կամաւորաբար կը գործեն, որպէսզի մենք մեր նկարագիրով շարունակենք մեր կեանքին ընթացքը: Ան գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին տարած աշխատանքը` եկեղեցւոյ պայծառութեան համար:

Սիրոյ սեղանին գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ երգիչ Մանուկ Մինասեան, իսկ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ դպրաց դասը մեկնաբանեց երգերու փունջ մը:

 

Նախորդը

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

Յաջորդը

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ Աստուծոյ Տունը Շինեց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 14, 2025
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական  Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու  Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Թրամփի Հետ Արաբական Երկիրներուն Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Վրայ Կ՛աշխատինք»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?