Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ Աստուծոյ Տունը Շինեց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

gatoghigos_121816

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանը:

Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի նորընտիր Պատգամաւորական ժողովի ատենապետն ու թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ շրջանի մարմիններու ներկայացուցիչները:

Իրանի հայոց երեք թեմերու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին անունով խօսք առաւ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ իրանահայութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին` իր կատարած հովուապետական օրհնաբեր այցելութեան առիթով:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամի սկզբնաւորութեան բարձր գնահատեց Իրանի զանազան շրջաններուն մէջ ծառայող առաջնորդ սրբազանները, հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ գործող ազգային բոլոր կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները:

Վեհափառ հայրապետի քարոզին բնաբանն էր Պօղոս առաքեալի նամակներէն քաղուած «Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած քրիստոնեաներ ենք: Աղօթեցէ՛ք, որպէսզի ձեզմէ հեռու մնայ չարը» համարը: Վեհափառ հայրապետը Պօղոս առաքեալի խօսքը կապելով մեր առօրեայ իրականութեան, խօսեցաւ աղօթելու անհրաժեշտութեան եւ բարիով մեր կեանքը լեցնելու կոչումին մասին` յիշեցնելով, թէ «մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին զանազան առիթներով շեշտեց աղօթքին կարեւորութիւնը: Պօղոս առաքեալ իր կարգին երկնաւոր վարդապետին շեշտած այս խորհուրդը իր նամակներուն ճամբով վերյիշեցուց քրիստոնէութեան դաշտ նոր մուտք գործող բազմութեան: Աստուծոյ մօտենալու եւ զԱստուած ճանչնալու ամէնէն ուղիղ ճամբան աղօթքն է: Եթէ չաղօթենք, Աստուած հեռու կը մնայ մեր կեանքէն: Աղօթքի ճամբով Աստուած ուղղութիւն կու տայ մեր կեանքին»: Իր պատգամին ընդմէջէն վեհափառ հայրապետը հրաւէր կարդաց ժողովուրդին համախմբուելու եկեղեցւոյ շուրջ` ըսելով. «Մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին իր տունէն առաջ Աստուծոյ տունը շինեց: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր ժողովուրդին համար եկեղեցին դարձաւ նախապատիւ տուն, հոգեւոր ու ազգային վերանորոգութեան անզուգական ծննդավայր, ու մեր ազգը դէպի յաւերժութիւն տանող լոյս ճանապարհ: Եկեղեցաշինութիւնը մեր ազգային ինքնութեան մաս կը կազմէ: Գմբէթ բարձրացնելով կամ Աստուծոյ տաճարը նորոգելով մենք կը բարձրացնենք մեր հոգին առ Աստուած եւ կը նորոգենք մեր հոգեիմացական կեանքը»:

Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով առաւել աղօթելու, աւելի հաւատալու եւ բազում բարիք գործելու, որպէսզի մեծապէս պայծառակերպուին ու ծաղկազարդուի հայ եկեղեցին եւ ժողովուրդը:

Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին Եկեղեցական խորհուրդը սիրոյ սեղանով պատուեց վեհափառ հայրապետը. սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ վեհափառ հայրապետի շքախումբը, թեմական առաջնորդները եւ զանազան կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

 

Նախորդը

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Երկու Տարածաշրջան,  Երկու Գլխաւոր Պետութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Երկու Տարածաշրջան, Երկու Գլխաւոր Պետութիւն

January 12, 2026
Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.