Պէյրութի Մարաթոնը Միացուց Հազարաւորներ. Հարիրի. «Լիբանանը Շատ Լաւ Վիճակի Մէջ Է»
Երէկ առաւօտեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան բարեգործական մարզական ձեռնարկը` Մարաթոն Պէյրութը, աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ Լիբանանէն հազարաւոր անձերու մասնակցութեամբ: Մարաթոնը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, կը ներառէր 11 մրցումներ` չափահասներու, կիներու, ուսանողներու, երեխաներու (ծնողներու ընկերակցութեամբ) եւ յատուկ կարիք ունեցող անհատներու: Անշուշտ մրցումներուն գագաթնակէտը միջազգայնօրէն ճշդուած եւ արտօնուած 42 քիլոմեթր վազքն էր, որ սկսաւ Պէյրութի նոր կառուցուած ծովեզերքէն եւ աւարտեցաւ...




















