«Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Խորհրդատու Մարմինի Այցելութիւնը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին
Լիբանանի «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկի տնօրէն Սերոբ Օհանեան եւ խորհրդատու մարմինի անդամներ Կարպիս Մարգարեան, դոկտ. Ժան Սալմանեան, Սօսի Պալեան, Ռաֆայէլ Ումուտեան, դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, Ազատուհի Սիմոնեան եւ Վահէ Պարսումեան Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանին մէջ այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ ունեցան յատուկ խորհրդակցութիւն: Հաստատութեան տնօրէնն ու խորհրդատու մարմինի անդամները վեհափառ հօր ներկայացուցին հաստատութեան ունեցած դրական ներդրումը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ...




















