«Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ համակարծիք չէ այն մօտեցումին, թէ Սուրիոյ կառավարութիւնը միայն հիմա դրական մօտեցում ունի հայերուն նկատմամբ: Ան հաստատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը առանց խտրականութեան հայերուն հետ կը վերաբերի իբրեւ սիրելի ժողովուրդ: «Հայերը, իբրեւ ժողովուրդ, Սուրիոյ մէջ կը վայելեն իրենց քաղաքացիական բոլոր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները եւ բնականաբար պետութեան հոգատարութիւնը», շեշտած է Ռէյիսեան: Նշենք, որ «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին արաբագէտ Հայկ Քոչարեան նկատել տուած էր, որ ներկայիս, մեկնելով պահու անհրաժեշտութենէն, Սուրիոյ մէջ հայերուն դերը աւելի շեշտուած է: Ան դիտել տուած էր, որ ժամանակին` թուրք-սուրիական մերձեցման շրջանին, կ՛արգիլուէր նոյնիսկ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գիրքերուն վաճառքը: «Այդ պատճառով ալ պէտք է օգտուիլ պահէն եւ զօրացնել հայկական տարրի, հայկական գործօնի ազդեցութիւնը սուրիական ներքաղաքական կեանքին մէջ», ըսած էր Քոչարեան:
Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխանին խօսքով` հայերը միշտ վայելած են Սուրիոյ իշխանութիւններուն դրական վերաբերումը:
«Ինչ կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, անիկա Սուրիոյ պետութեան ընդհանուր արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուած է: Սուրիան յատուկ կեցուածք չունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, ճանաչումը քաղաքական որոշում է, եւ այդ է պատճառը, որ Սուրիան չի ճանչնար Ցեղասպանութիւնը: Բայց պէտք է յիշել Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սուրիացի ժողովուրդին երախտագիտութիւնը արտայայտող մատուռը, որ կ՛արտայայտէ Սուրիոյ վերաբերումը դատին վերաբերեալ», ըսաւ ան:
Ժիրայր Ռէյիսեանի խօսքով` հիմա հայերը, ինչպէս սուրիացի ժողովուրդը, հաւասարապէս կը մասնակցին Սուրիոյ վերածնունդին եւ զարգացման հոլովոյթին:
«Հայերը` իբրեւ քաղաքացի, իրենց մասնակցութիւնը ունին Սուրիոյ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ: Այնպէս որ հաւանական է, որ հայերը իրենց քաղաքական կշիռը բարձրացնեն Սուրիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ», ըսաւ ան:
Ան նաեւ գնահատեց Սուրիոյ մէջ տիրող վիճակը` նշելով, որ Հալէպի մեծ մասը ազատագրուած է, Սուրիան բաւականաչափ ազատագրուած է ահաբեկչական խմբաւորումներէն:
«Ժողովուրդը երկրի ղեկավարութեան օժանդակութեամբ երկիրը պէտք է վերականգնէ», ըսաւ ան: