Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հանդիպում Ունեցած Է Դիւանագիտական Կազմի Ներկայացուցիչներուն Հետ

January 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Garabedian_11217

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու դեսպաններուն, միջազգային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան, բարեփոխումներու օրակարգին, տնտեսական զարգացման ծրագիրներուն, փտածութեան դէմ պայքարին վերաբերող քայլերուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է դիւանագիտական կազմին հետ նման ձեւաչափով պարբերական հանդիպումներու կայացումը` համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով եւ նշած, որ կառավարութիւնը բաց է խորհուրդներու, քննադատութեան, առաջարկներու համար:

«Չափազանց կարեւոր կը նկատեմ, որ դուք Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ մեր պատկերացումները հասցնէք այն երկիրներուն եւ կառոյցներուն, զորս կը ներկայացնէք: Համագործակցութենէն  ակնկալիքներն ու սպասումները չափազանց մեծ են` սկսած ներդրողներէն, մասնագիտական մշակոյթէն, զբօսաշրջութենէն, որովհետեւ մենք, առանց հանրութեան, առանց աշխարհին համապատասխան ազդակներ յղելու, առանց ցոյց տալու, որ բաց ենք եւ կը սպասենք իրենց, պիտի չկարենանք մեր երկիրը զարգացնել: Այս առումով, մենք կ՛ակնկալենք ձեր աջակցութիւնը», ըսած է Կարէն Կարապետեան:

Անդրադառնալով յառաջիկային տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն` Կարէն Կարապետեան ընդգծած է. «Այս ընտրութիւններէն մենք կը սպասենք սկզբունքօրէն նոր որակ: Մենք պատրաստակամ ենք ընելու ամէն ինչ, որպէսզի այս ընտրութիւնները ըլլան թափանցիկ»:

Գործադիրի ղեկավարը աւելցուցած է, որ նոր կազմուած կառավարութիւնը ամփոփած է գործունէութեան 100 օրը, եւ շեշտած, որ այս ժամանակաշրջանին կառավարութեան խումբը առաւելագոյն ջանք ի գործ դրած է` ծառացած խնդիրներու ախտորոշման նպատակով: Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ յառաջիկային հաշուետուութեամբ պիտի ներկայացուին այս փուլին, ըստ ոլորտներու, կատարուած աշխատանքները:

«Կը կարծեմ, որ կառավարութեան անդամները արդէն կը զգան իրենց ոլորտներու զարկերակները եւ այն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել: Խնդիրները բազմաթիւ են, տնտեսական մարզի հիմնական խնդիրն է` գործարարութեան համար առաւելագոյն հաւասար, բաց եւ արդար պայմաններու ստեղծումը: Եւ այդ առումով, մենք յայտարարած ենք, որ շատ փոփոխութիւններ պէտք է կատարենք ու նախ եւ առաջ մենք պէտք է փոխուինք», նշած է վարչապետը:

Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ ներդրումային միջավայրի բարելաւման նպատակով կը նախատեսուի հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան հոլովոյթի պարզեցում եւ ամբողջական անցում ելեկտրոնային համակարգին, ինչ որ պիտի նուազեցնէ փտածութեան վտանգները:

Խօսելով փտածութեան դէմ պայքարին մասին` վարչապետը շեշտած է, որ կառավարութիւնը մնայուն ուշադրութիւն կը դարձնէ այս հարցին եւ հետեւողական քայլերու կը ձեռնարկէ փտածութեան ցուցանիշներու մակարդակը նուազեցնելու ուղղութեամբ` միջավայրը փոխելու միջոցով: Կարէն Կարապետեանի համաձայն, հրապարակուելիք հաշուետուութեան մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ այդ ուղղութեամբ կառավարութեան առած քայլերը:

Հանդիպումի աւարտին վարչապետը պատասխանած է ներկաները հետաքրքրող բոլոր հարցումներուն:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Ռազմավարական Նախաձեռնութիւններու Կեդրոնի Պաշտօնական Բացում

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչները

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով  Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին  Պատրաստ Է Օգնելու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրան Աննախադէպ Կերպով Ազատութեան Կը Ձգտի, Եւ Ամերիկան Ամբողջովին Պատրաստ Է Օգնելու»

January 12, 2026
Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն  Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն  «Տիրելու Պատրաստուելու»
Գլխաւոր լուրեր

Ռեզա Փահլաւի Իրանի Մէջ Ցուցարարներուն Կոչ Ուղղեց` Քաղաքներու Կեդրոններուն «Տիրելու Պատրաստուելու»

January 12, 2026
Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ  Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն
Գլխաւոր լուրեր

Քրտական Ուժերը Հեռացան Հալէպի Աշրաֆիէ Եւ Շէյխ Մաքսուտ Թաղամասերէն

January 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.