Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յունուար 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

leyla-2_10917

Ազգային միացեալ վարժարանին բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւններուն ծիրին մէջ, երեքշաբթի, 3 յունուար 2017-ին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան տնօրէն եւ փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէի ներկայացուցիչ Ապտել Սալամ Մարինիի եւ Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդի եւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւններու կարելիութիւնները, եւ այս շրջագիծին մէջ «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութիւնը ստանձնեց Ազգային միացեալ վարժարանի համակարգչային ընդհանուր համակարգի, 59 համակարգիչներու, երկրորդական բաժինի «Սմարթ պորտ»-երու եւ ե-գրադարանային արդի համակարգի հաստատման նիւթական ծախսերը: Արդի արհեստագիտութեան օգտագործման նպաստող այս ձեռքբերումը մեծապէս կը նպաստէ, որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական համակարգին մէջ իրականանան արդի մանկավարժական-կրթական ծրագիրները:

leyla-1_10917

Յայտնենք, որ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ չորեքշաբթի, 27 յուլիս 2016-ին, ընկերակցութեամբ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, այցելած էր վարժարան եւ մօտէն ծանօթացած շինարարական աշխատանքներուն, իսկ չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին ներկայ գտնուած էր Ազգային միացեալ վարժարանի բացման պաշտօնական հանդիսութեան: Սոլհ-Համատէ բարձրօրէն գնահատած էր Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքը եւ խոստացած` ապահովել «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան զօրակցութիւնը:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեանն ու Ազգային վարչութիւնը յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան եւ ի մասնաւորի կառոյցի փոխնախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէին, եւ կը յուսան, որ յառաջիկային եւս շարունակուի երկկողմանի գործակցութիւնը` իրականացնելու նորահաս սերունդի որակաւոր կրթութեան ապահովման նորանոր ծրագիրներ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան Կազմակերպած Ս. Ծննդեան Ճաշկերոյթը Համախմբեց 1050 Ներկայ

Յաջորդը

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ռումիէի Բանտին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եկեղեցական Արարողութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական.  Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Մուսա Լեռը Զօրակից` Արարատ Լերան

Սեպտեմբեր 18, 2025
Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?