Գլխաւոր լուրեր

102 Թեր Եւ 3 Դէմ Քուէներով Ընդունուեցաւ  Բանակին Մէջ Փոխհատուցման Համակարգ  Ապահովող Հիմնադրամի Ստեղծումը

102 Թեր Եւ 3 Դէմ Քուէներով Ընդունուեցաւ Բանակին Մէջ Փոխհատուցման Համակարգ Ապահովող Հիմնադրամի Ստեղծումը

17 նոյեմբերին Ազգային ժողովի քառօրեայ նիստին ընթացքին քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած օրինագիծը` բանակին մէջ փոխհատուցման համակարգ ապահովող հիմնադրամի ստեղծման վերաբերեալ: Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեան ըսաւ, որ օրինագիծը ներկայացնելէ առաջ կարելի էր խորհրդակցիլ պատգամաւորներուն հետ` նշելով, որ պիտի չմասնակցի քուէարկութեան: Ապա տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն, եւ օրինագիծը ընդունուեցաւ 102 թեր եւ 3 դէմ քուէներով: Նոյն օրը, Ազգային ժողովին...

Լեւոն Մկրտչեանի Համաձայն.  Հայաստանի Համար Նոր Հորիզոններ  Կը Բացուին Գիտակրթական Մարզին Մէջ

Լեւոն Մկրտչեանի Համաձայն. Հայաստանի Համար Նոր Հորիզոններ Կը Բացուին Գիտակրթական Մարզին Մէջ

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան շատ կարեւոր կը նկատէ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու նախարարներուն եւ փոխնախարարներուն հետ հանդիպումը: Ըստ նախարարին համոզումին, «Հորիզոն-2020»-ին անդամակցելէ ետք Հայաստան պիտի ունենայ նոր կարելիութիւններ գիտակրթական համակարգը եւրոպական կառոյցներուն մէջ համարկելու ուղղութեամբ: «Մեզի համար կրթութիւնն ու գիտութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ունեցող մարզեր են: Դարերով մեր երկիրը գտնուած է տարբեր քաղաքակրթութիւններու քառուղիին վրայ: Այդ քաղաքակրթութիւններու բախումէն...

Մամլոյ 121-րդ Լսարան.  «Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնին  Ցուցադրութիւնը

Մամլոյ 121-րդ Լսարան. «Ես Վերադարձել Եմ» Ժապաւէնին Ցուցադրութիւնը

Երէկ` հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2016-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Ես Վերադաձել եմ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որ նուիրուած է արեւմտահայ մտաւորական Եղիազար Մուրատեանի ծննդեան 175-ամեակին եւ ժապաւէնի հեղինակ` հայրենի գրականագէտ դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի կողմէ պատրաստուած, մեծանուն մտաւորականին նուիրուած եռահատորին: «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան ներկայացուց հայրենի գրականագէտը եւ անոր աշխատութիւնը: Ձեռնարկին սկիզբը դոկտ. Անդրանիկեան ներկայացուց...

Խմբագրական.  Պահու Կարեւորութիւնը

Խմբագրական. Պահու Կարեւորութիւնը

Նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը մէկ կողմէ ընդհանուր բարոյահոգեբանական առումով դրական արձագանգումներ գտան լիբանանեան հասարակութեան մօտ, միւս կողմէ նաեւ որոշ շրջանակներու կողմէ վերապահութեան, չխանդավառուելու եւ թերահաւատութեամբ մօտենալու դրսեւորումներու արժանացան: Փոփոխութիւնը, բարեկարգումը մնայուն աշխատակարգի վերածելը վարչակառավարման առումով միայն դրական մթնոլորտի ստեղծման եւ անկէ աւելին` աշխատանքի արդիւնաւորման ազդող հզօր ազդակ են: Եւ եթէ նախագահի ընտրութիւնն ու վարչապետի նշանակումը միաւորման ընդհանուր մթնոլորտի յառաջացման...

«Ազդակ» – Ազգային Գրադարան Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր.  ՀՅԴ Մամուլի 26 Անուն Թերթեր Կը Թուայնացուին

«Ազդակ» – Ազգային Գրադարան Համագործակցութեան Առաջին Քայլեր. ՀՅԴ Մամուլի 26 Անուն Թերթեր Կը Թուայնացուին

Ստորեւ ներկայացուած ցանկը` դաշնակցական մամուլի 26 անուն հաւաքածոներ, արդէն «Ազդակ»-ի տրամադրութեան տակ են, նկարահանուած վիճակով: Ազգային գրադարանին մօտ պահուող եւ այնտեղ նկարահանուած այս հաւաքածոները «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ շուտով յատուկ ծրագրաւորումի փուլէն անցնելէ ետք կ՛օժտուին որոնողական համակարգով եւ այսպիսով կը նկատուին թուայնացուած: Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին հետ «Ազդակ»-ի համագործակցութիւնը առաջին քայլերը կ՛առնէ. ծրագրուած է յատկապէս մամուլի հաւաքածոներուն...

Ընդունելով Գագիկ Ծառուկեանը`  «Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութիւնը  Եւ Վերականգնումը Կը Մնան  Համահայկական Առաջնահերթութիւն»  Շեշհեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ընդունելով Գագիկ Ծառուկեանը` «Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութիւնը Եւ Վերականգնումը Կը Մնան Համահայկական Առաջնահերթութիւն» Շեշհեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Ծառուկեան յատուկ կերպով եկած էր վեհափառ հայրապետին պարզելու Սուրիոյ հայութեան կարիքներուն օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը եւ ստանալու կաթողիկոսին պատկերացումը այս ուղղութեամբ: Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ Գ. Ծառուկեանի հանդիպումին ներկայ էին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան...

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Եւ Լեհաստանի  Դեսպանութեան Միջեւ Գործակցաբար.  Որմազդներու Եւ Լուսանկարներու Ցուցահանդէս ` Յետպատերազմեան Վարշաւայի Մասին

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Եւ Լեհաստանի Դեսպանութեան Միջեւ Գործակցաբար. Որմազդներու Եւ Լուսանկարներու Ցուցահանդէս ` Յետպատերազմեան Վարշաւայի Մասին

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպանատան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 16 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ որմազդներու եւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը` «Վարշաւան Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք» խորագիրով: Լիբանանի եւ Լեհաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք,  Աշոտ Բագրատունի հակիրճ ձեւով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը իր խօսքը ուղղելու: Պօղոսեան շեշտեց այս...

Արմէն Ռուստամեանը` Պաշտպանութեան  Նախարարութեան Հիմնադրամին Մասին.  «Պէտք Է Նաեւ Յետադարձ  Ուժ Ունենալու Հարցերը Լուծուին»

Արմէն Ռուստամեանը` Պաշտպանութեան Նախարարութեան Հիմնադրամին Մասին. «Պէտք Է Նաեւ Յետադարձ Ուժ Ունենալու Հարցերը Լուծուին»

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 15 նոյեմբերին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին` անդրադառնալով բանակին համար հիմնադրամ ստեղծելու հարցին, նշած է, որ, իր կարծիքով, պէտք էր հանրութեան քիչ մը աւելի լաւ ներկայացնել գաղափարը, որ այսպիսի յանպատրաստից չըլլար ամէն բան, եւ ժողովուրդի մէկ մասին կողմէ դժգոհութիւն չյառաջանար: Ըստ անոր, նպատակը, գաղափարը շատ ճիշդ...

Հայաստան Եւ Յունաստան Ստորագրած Են  2017-ի Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիր

Հայաստան Եւ Յունաստան Ստորագրած Են 2017-ի Զինուորական Համագործակցութեան Ծրագիր

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ 15 նոյեմբերին տեղի ունեցած են հայ-յունական երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան տարեկան բանակցութիւնները, որոնց մասնակցած է Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի միջազգային յարաբերութիւններու վարչութեան պետ, զօրավար Միլթիատիս Կրիլլաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ամփոփուած են 2016-ի երկկողմանի համագործակցութեան ծրագիրին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ համաձայնեցուած եւ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ 2017-ի զինուորական համագործակցութեան...

Ընթացք Առին Պուրճ Համուտի Ազգային  Գերեզմանատան Բարեզարդման Աշխատանքները

Ընթացք Առին Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան Բարեզարդման Աշխատանքները

Առ ի գիտութիւն կու գանք տեղեկացնելու, որ նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի եւ Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատուներուն պարզած պատկերը եւ զանոնք բարեկարգելու առաջադրանքով Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական յաջորդական ժողովներու կողմէ կատարուած թելադրութիւնները,  Ազգային վարչութիւնը որոշեց հանգրուանային կերպով զոյգ գերեզմանատուներուն մէջ իրականացնել ճշդուած բարեզարդումներու ծրագիրներ, որոնց մանրամասնութիւնները կը փոխանցուին յառաջիկային: Այս ծիրին մէջ, առաջին աշխատանքը հանդիսացաւ Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մայր դարպասի...

Ակնարկ.  Զեկուցումներու Քաղաքական  Տրամաբանութիւնը

Ակնարկ. Զեկուցումներու Քաղաքական Տրամաբանութիւնը

Ակնկալելի էր, որ Եւրոպական յանձնաժողովը Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հարցով տարեկան իր զեկուցումին մէջ խիստ շեշտադրումներ եւ ընդգծումներ վերապահած ըլլար Անգարային: Ներթրքական իրադարձութիւնները, մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը, զինուորական «յեղաշրջման» փորձի դիմաց շարունակուող ձերբակալութիւնները, քրտամէտ կուսակցութեան երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը չեղեալ նկատելն ու հետագայ ձերբակալութիւնները ստուար թղթածրար կը կազմեն Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան արգելակման առումով: Պահ մը լուսարձակի տակ առնենք այն կէտերը, որոնք Եւրոպական յանձնաժողովը...

«Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Ճշգրիտ  Եւ Արդար Ներկայացուցչութիւնը Ե՛ւ Կառավարութեան,  Ե՛ւ Ընտրական Օրէնքին Պարագային»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Ճշգրիտ Եւ Արդար Ներկայացուցչութիւնը Ե՛ւ Կառավարութեան, Ե՛ւ Ընտրական Օրէնքին Պարագային» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթ օր «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին  արագ ընթացքը չի նշանակեր, որ պէտք է աճապարել` նախարարաց խորհուրդը կազմելու իմաստով: «Անշուշտ անկարելի չէ, որ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կազմուի, սակայն որոշ դժուարութիւններ կան, եւ պէտք չէ գրաւ դնել անպայման Անկախութեան...

Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի  Սկզբնաւորման 20-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգի Սկզբնաւորման 20-Ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ներկայ գտնուած է  Հայաստանի մէջ տեղական ինքնակառավարման համակարգի ներդրման 20-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին եւ շնորհաւորական խօսք յղած է յոբելեանին առիթով: Հանրապետութեան նախագահը ձեռնարկին ընթացքին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու շարք մը ներկայացուցիչներ արդիւնաւէտ եւ բարեխիղճ աշխատանքին համար պարգեւատրած է պետական պարգեւներով: Նախագահ Սարգսեան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ մասնաւորաբար...

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու  Վարիչ Մարմիններու Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Պատանեկան Միութիւններու Վարիչ Մարմիններու Խորհրդաժողով

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 10-12 նոյեմբեր 2016-ին Երեւանի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու վարիչ մարմիններու համահայկական խորհրդաժողով` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Կիպրոսի, Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի Հիւսիսային եւ Հարաւային շրջաններու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Արցախի եւ Հայաստանի վարիչ մարմիններու 27 ներկայացուցիչներու: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

27-29 հոկտեմբեր 2016-ին Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի միջդիւանական 9-րդ խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ Կիպրոսի ՀՄԸՄ-ՀԵՄ-ի վարչութեան եւ մասնակցութեամբ միութեան համահայկական կառոյցի 7 Շրջանային եւ 12 Մեկուսի վարչութիւններու 40 ներկայացուցիչներու: Խորհրդաժողովին առաջին օրը յատկացուեցաւ միութեան աշխատանքներուն ներկայացման եւ արժեւորման: Մասնակիցները լսեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ապա` Շրջանային թէ Մեկուսի վարչութիւններու միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ իրազեկ դարձան յառաջիկայի անոնց...

Ազրպէյճանի Նախայարձակ  Աշխուժութիւնը Ճնշուած Է

Ազրպէյճանի Նախայարձակ Աշխուժութիւնը Ճնշուած Է

  12-էն 13 նոյեմբերի լուսցող գիշերը հակառակորդը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերուն վրայ կիրարկած է 60 միլիմեթրնոց ականանետ (17 արկ) եւ ձեռքի հակահրասայլային նռնականետ (9 արկ): Ընդհանուր առմամբ, նշուած ժամանակաշրջանին մէջ ազրպէյճանական զինուժին կողմէ զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտուած է աւելի քան 60 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ եւ խոշոր տրամաչափի գնդացիրներէ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան  Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած  Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Մեկնած Է Չինաստան

Կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան զարգացման նպատակով 12-էն 15 նոյեմբերին Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան հրաւէրով  Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը կը գտնուի Չինաստան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գիտութեան պետական կոմիտէի նախագահ Սամուէլ Յարութիւնեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի տնօրէն  Ռուբէն Միրզախանեան: Նախատեսուած են հանդիպումներ Չինաստանի կրթութեան նախարարութեան, կրթութեան եւ գիտութեան մարզի ներկայացուցիչներուն...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը  Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ ՕԹԱՆ-ի Կեդրոն

Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը Աշխատանքային Այցելութիւն Կու Տայ ՕԹԱՆ-ի Կեդրոն

11 նոյեմբերին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան եւ համագործակցային անվտանգութեան կոմիտէ- Հայաստան ձեւաչափով նիստը, որուն կը նախագահէր Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան: Նիստին ընթացքին  քննարկուած է Հայաստանի Հանրապետութիւն-ՕԹԱՆ Անհատական գործընկերութեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ  Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Բարձրաստիճան  Պատասխանատուներու Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Վատիկանի Մէջ Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Բարձրաստիճան Պատասխանատուներու Հետ

Վատիկան իր այցելութեան եռօրեայ շրջանին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ֆրանչիսկոս պապին հետ ունեցած հանդիպումին առընթեր, յաջորդաբար հետեւեալ տեսակցութիւնները ունեցաւ Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ. Արամ Ա. կաթողիկոս նախ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի պետական քարտուղար կարտինալ Փարոլինի հետ, որ փաստօրէն Վատիկանի վարչապետն է: Վեհափառ հայրապետին ու կարտինալին հանդիպման առանցքը դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը եւ այդ ծիրին մէջ...

Page 664 of 796 1 … 663 664 665 … 796

Արխիւներ