Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 յունուարին ընդունած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանն ու ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի գրասենեակին համաձայն, հանդիպումին ընթացքին, որուն մասնակցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, արծարծուած են Լեռնային Ղարաբաղի ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման եւ շրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր: