Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Որպէսզի Չընդլայնուի Հակամարտութեան Աշխարհագրութիւնը

Յունուար 12, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

osce_11017

Համանախագահներու վերջին յայտարարութեան մէջ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները վերահաստատելը կը նշանակէ 94-95-ի զինադադարը հիմք ունենալ իբրեւ գլխաւոր իրաւական համաձայնագիր:

Աւելցնենք,  որ մինչեւ Վիեննա մշտադիտարկումի համակարգի հաստատման մասին էր խօսքը, Վիեննա կը խօսէր հետաքննութեան մեքանիզմին մասին. մշտադիտարկումը աւելի չէզոք հասկացողութիւն է, մինչ հետաքննութիւնը կ՛ենթադրէ յանցագործի բացայայտում եւ իրաւականօրէն նաեւ հետեւանքի վերացում: Ինչ որ աւելիով կը բացատրէ ազրպէյճանական կողմի խուսափումը այս բառապաշարի եւ այս հասկացողութեան օգտագործումէն:

Պէտք չէ անտեսել, որ համանախագահներու նոր յայտարարութիւնը այս բաժինը ներառած է, առանց շրջանցելու անշուշտ ԵԱՀԿ-ի կողմէ  անգամ մը եւս դրսեւորուող պատասխանատուութիւններու հաւասարեցման անբովանդակ մօտեցումը: Պաշտօնական Երեւանի արձագանգը նշելով, որ երբ հետախոյզ ազրպէյճանցի զինուորին դին կը յայտնաբերուի հայկական տարածքի մէջ, պարզ է թէ ո՛վ է նախայարձակը, առանց յատուկ մշտադիտարկման գործիքակազմերու եզրայանգումներուն:

Այս բոլորը պարզ են համանախագահներուն համար: Բայց կը շարունակուի աւանդական, չէզոք, «անկողմնակալ» մօտեցումի դրսեւորումը, որ հիմնական որեւէ բեկումնային պահ ստեղծելու որեւէ նախադրեալ չի պարփակեր իր մէջ:

Դիտարկելի է նաեւ այն, որ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական ձեւաչափը լիազօրուած է սկզբունքով արցախեան հակամարտութեան բանակացութիւնները վարելու եւ այդ պարունակին մէջ Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծերուն վրայ կատարուած միջադէպերուն նկատմամբ գնահատական տալու միայն. ասիկա Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին վերաբերող դէպք է, այլ խօսքով` Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան ուղղուած ռազմական գործողութիւն: Գուցէ Պաքուն պիտի մեղադրուի ՀԱՊԿ-ի հարթութեան վրայ կամ միջազգային այլ կառոյցներու կողմէ` երկրորդ կողմի ուղղութեամբ ռազմական ոտնձգութեան փորձ իրականացնելու մեղադրանքով:

Հաւանաբար, յայտարարութեան հետեւեալ բաժինը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր վրայ.

Համանախագահները նաեւ կոչ կ՛ուղղեն անյապաղ վերադարձնել աճիւնը, 2010-ին բարձր մակարդակով Ասթրախանի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համապատասխան, հաշուի առնելով տուեալ հարցի բացառապէս մարդասիրական բնոյթը»:

Միջազգային կառոյցներու մօտ օրինաչափ է շեշտը դնել մարդասիրական բնոյթի հարցերուն վրայ եւ յղում կատարել միջազգային պայմանաւորուածութիւններու, այս պարագային աճիւններու վերադարձի կամ ընդհանրապէս ռազմագերիներու փոխանակման անհրաժեշտութիւնը ընդգծելով:

Անտեղի պիտի չըլլար այստեղ  յիշելը վարժողական ծրագիր իրականացնող հայկական խոցուած ինքնաթիռի պատահարը եւ այդ առիթով նահատակուած հայ զինուորներուն աճիւնները հայկական կողմին վերադարձնելու գործողութիւնները արգելակած Պաքուի օրինակը: Ո՛չ ԵԱՀԿ-ը, ո՛չ Միջազգային կարմիր խաչը, ո՛չ ալ միջազգային որեւէ մարդասիրական կառոյց յաջողեցաւ վերցնել ազրպէյճանական արգելքը, որպէսզի միջազգային կողմը հայ սպաներու աճիւնները յանձնէ հայկական կողմին: Համանախագահներուն կողմէ այս յստակութեամբ չհնչեց նաեւ հրամայական` հայ զինուորներու աճիւններու յանձնման:

Հայկական զինեալ ուժերը նկատելով, որ սպառած են մարդասիրական բոլոր փորձերը,  որոշեցին իրականացնել աճիւններու, եւ անհրաժեշտ գոյքերու ազատագրման եւ անոնց հայրենադարձութեան գործողութիւնը: Գուցէ ժամանակակից ռազմարուեստի պատմութեան մէջ նմանը չունեցած եզակի գործողութիւն, որ շրջապատեց, վնասազերծեց խոցուած ինքնաթիռի տարածքը, չէզոքացուց թշնամիին կողմէ լարուած ծուղակը եւ փրկեց հայ նահատակներուն աճիւնները:

Համանախագահները պէտք է նկատած ըլլան նաեւ, որ մէկը վարժողական ծրագիր իրականացնող հայկական ինքնաթիռ էր ու հայ սպաներ, միւսը` ներթափանցման գործողութիւն իրականացնել փորձող ազրպէյճանցի զինուոր:

Յամենայն դէպս, Չինարիի դէպքին ուղղութեամբ միջազգային ընտանիքի իրաւական գնահատականը պէտք չէ ուշանայ, այլապէս նման դէպքեր կրնան յանգեցնել Պաքուի նկատմամբ անպատժելիութեան, ինչ որ իր հերթին կրնայ արտօնել Պաքուին կրկնելու նման ապարդիւն փորձեր. այդ պարագային լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջանայ, որ հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ եւ նոր տարածութիւն տեղափոխուիլ:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Այցելած Է Շահումեան

Յաջորդը

Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը. Վորօ Կոնզալես` Վալենսիայի Մարզիչ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?