Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհի Սանտի Թապեթ Ուրախութեամբ Լեցուց Պուրճ Համուտի Հայ Աշակերտներուն Սրտերը

January 11, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

tebet_11017

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթի ներկայութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 10 յունուար 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ Պուրճ Համուտի հայկական վարժարաններէն աշակերտներ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ստացան Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով նուէրներ:

tabet4_11017Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը սիրոյ, նուիրումի եւ ներողամտութեան խորհրդանիշ է: Ան հաստատեց. «Ծննդեան տօնը չի սահմանափակուիր մէկ օրով, այլ տարուան ընթացքին անոր խորհուրդը կ՛արտացոլայ տարբեր բնոյթի նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու ընդմէջէն: Այսօր Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիին կը մարմնաւորէ այդ գեղեցիկ օրերէն մէկը»:

Ք. Սարգիսեան ընկերային յանձնախումբի եւ բոլոր փոքրիկներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց գեղեցկութեան թագուհին, որ իր այցելութեամբ ուրախութիւն եւ  ժպիտ գծեց բոլորին դէմքերուն վրայ. ապա ան մաղթեց, որ գեղեցկութեան թագուհին շարունակէ իր բարեգործական աշխատանքները: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Լիբանանը նուիրումի, սիրոյ եւ հիւրընկալութեան խորհրդանիշ է, իսկ գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթ լաւագոյնս մարմնաւորեց այս բոլորը իր այցելութեամբ ու բարի գործերով»:

tabet2_11017Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի 2016 տարեշրջանի գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթ: Ան իր գոհունակութիւնը եւ անսահման ուրախութիւնը յայտնեց առաջին անգամ ըլլալով վայելելու Պուրճ Համուտի հայ աշակերտներուն հրճուանքը Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Սանտի Թապեթ շնորհակալութիւն յատնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակած են գեղեցիկ նախաձեռնութեան յաջողութեան: Ան մաղթեց, որ Նոր տարին եւ Ս. Ծննդեան տօնը բարին բերեն բոլորին, ու ժպիտը անպակաս մնայ բոլորի դէմքէն: Ապա իր խօսքը ուղղելով աշակերտութեան ըսաւ. «Դուք մեր ապագան էք: Մենք լաւագոյն պատկերը ձեր մէջ պիտի տեսնենք: Վստահ ենք, որ դուք մեր սիրելի Լիբանանի անունը միշտ բարձր պիտի պահէք: Ուրախ մնացէ՛ք ու միշտ ժպտացէ՛ք»:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Շամլեան-Թաթիկեան, Ս. Խանամիրեան եւ Աքսոր Գասարճեան դպրոցներու աշակերտները, որոնք ներկայացուցին Ծնունդի երգեր եւ արտասանութիւններ:

tabet3_11017Խօսք առաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ ուրախութեամբ ողջունեց Լիբանանի գեղեցկութեան թագուհիին առաջին այցելութիւնը Պուրճ Համուտ: Նախարար Կիտանեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս գեղեցկութեան թագուհի Սանտի Թապեթին տարուան առաջին օրերուն առաջարկած էր հայ աշակերտները ուրախացնել Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով: Ան բարձր գնահատեց Սանտի Թապեթի բարեսիրական ծրագիրները, անոր անկեղծութիւնն ու համեստութիւնը եւ մանաւանդ ճիգը` ուրախութեամբ լեցնելու բոլորին սրտերը: Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին հայ աշակերտներուն հրճուանք պարգեւող գեղեցիկ օրուան կազմակերպման համար:

Յաջորդաբար Սրբուհի Ագնէս, Սուրէն Խանամիրեան, Մեսրոպեան, Աբգարեան, Թորոսեան, Շամլեան-Թաթիկեան, Թէքէեան, Աքսոր Գասարճեան, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ «Գարակէօզեան» հաստատութենէն աշակերտներ խանդավառութեամբ մօտեցան եւ ստացան իրենց նուէրները:

tabet1_11017

tabet5_11017

 

 

Նախորդը

Հպարտ Հայեր Ու Հայութեան Ամրոց

Յաջորդը

Ժիրայր Ռէյիսեան. «Հայերը Միշտ Ալ Վայելած Են Սուրիոյ Դրական Վերաբերումը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.