«Ազդակ»-ը Լիբանանի Մէջ Հրատարակուող Դաշնակցութեան Պաշտօնաթերթը Չէ Միայն, Այլեւ Համայն Հայութեան, Հայաստանի, Արցախի, Գրաւեալ Հողերուն Մէջ Ապրող Հայերու Պաշտօնաթերթն Է»
Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի շնորհահանդէս-ներկայացումը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ղազախստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Վազգէն Գաւլաքեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներ, աշխատակիցներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ օրաթերթին անձնակազմը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր Արշօ Պալեան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ ընդհանրապէս համաշխարհային առումով եւ վերջերս Լիբանանի մէջ դրսեւորուած գրաւոր մամուլի դիմագրաւած դժուարութիւններուն, «Ազդակ» իր առաքելութիւնը կը շարունակէ` պահպանելով յատուկ հրատարակութիւններու, որոնց շարքին` «Ազդակ-բացառիկ»-ի աւանդութիւնը: Ան յայտնեց, որ 296 էջերէ բաղկացող հրատարակութեան մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախի Հանրապետութենէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն, Իրանէն, Կիպրոսէն, Յունաստանէն եւ Սուրիայէն մամուլի 38 աշխատակիցներ եւ թերթին աշխատակազմը:
Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց, որ «Ազդակ-բացառիկ»-ին գրութիւնները ունին ուսումնասիրական, հրապարակագրական, գրական, խորհրդածական եւ վերլուծական բնոյթ: Ա. Պալեան նշեց, որ «Ազդակ-բացառիկ»-ի հովանաւորներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք քաջալերած են բացառիկի լոյս ընծայման աշխատանքները:
Խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ հաւաքը առիթ է, որ իւրաքանչիւրը իր խօսքը ըսէ «Ազդակ»-ին, անոր դերին, բովանդակութեան, գաղափարական ուղղուածութեան եւ այն դերակատարութեան մասին, որ «Ազդակ» կ՛ունենայ հայ մամուլի կեանքին մէջ: Դեսպանը հաստատեց, որ «Ազդակ» իր հրատարակման առաջին օրէն եւ անցած 90 տարիներուն ընթացքին յաջողած է իր ուրոյն տեղը գրաւել հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Տպագիր թերթը կը գնահատուի իր բովանդակութեամբ, իր յագեցուածութեամբ ու տեղեկատուութիւն տրամադրելու իր յաջողութեան աստիճանով եւ այս չափանիշներով «Ազդակ» միշտ յաջողած է եւ պիտի շարունակէ յաջողիլ:
Ակնարկելով նորօրեայ ընկերային ցանցերուն եւ ելեկտրոնային մամուլին` դեսպան Մկրտչեան ըսաւ, որ անոնք մեզի դրած են բազմաթիւ երկընտրանքներու առջեւ, եւ յաճախ դժուար է տարբերել սուտ լուրը ճշմարիտ լուրէն, ուր կը կայանայ տպագիր մամուլի եւ նաեւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը, որն է շարունակել մատուցել հաւաստի, ճշգրտուած եւ խոհուն հայեացքներ, միտքեր ու մօտեցումներ: Իր խօսքի աւարտին դեսպանը շնորհաւորեց «Ազդակ-բացառիկ»-ի լոյս ընծայումը եւ ըսաւ. «Շարունակենք մնալ հաւատարիմ ընթերցող «Ազդակ»-ին եւ անով հարստացնենք մենք զմեզ եւ օգնենք «Ազդակ»-ին շարունակելու իր երկարատեւ առաքելութիւնը:
Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան: Ան օրինակով մը դիտել տուաւ, թէ «Ազդակ», հասանելի ըլլալով աշխարհի տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու մէջ, առօրեայ աւիշ եւ շունչ կը ներարկէ տարբեր սերունդներու, տարբեր տարիքներու հայորդիներուն:
Իբրեւ «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի նախկին անդամ եւ աշխատակից, դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան հաստատեց, որ «Ազդակ» ասպարէզ ըլլալու կողքին նաեւ դպրոց է: Ան կարեւորութեամբ նշեց, որ այսօրուան օրաթերթը իր վրայ պէտք է վերցնէ պարտաւորութիւնը ըլլալու աւելի քան սոսկական օրաթերթ մը:
Դոկտ. Խ. Մուրատեան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց սիրելի ու հարազատ երեւոյթ մը` «Ազդակ»-ի աշխատակազմի մթնոլորտը: Ան ըսաւ, որ «Ազդակ»-ի որեւէ նախաձեռնութիւն կամ ծրագիր իր լրումին կը հասնի աշխատակիցներու ջանքին ու նուիրումին շնորհիւ:
Խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ «Ազդակ»-ի ընթերցողները եւ համակիրները քաջալերանքով նեցուկ կանգնին այս հաստատութեան, որ դպրոց է ու ասպարէզ, ինչպէս նաեւ ապրելու ոճ է հայ իրականութեան մէջ շատ հայորդիներու համար, որոնք կը հաղորդուին հայ թերթով իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Ելոյթ ունեցաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան:
Ան իր խօսքին սկիզբը «Ազդակ-բացառիկ»-ի հրատարակման առիթով դիտարկումներ կատարեց անոր բովանդակութեան, աշխատակիցներու ընդհանուր պատկերին, անոնց կարեւոր տոկոսի երիտասարդ տարրեր ըլլալու երեւոյթին եւ վերջապէս առցանց հատորներու տեսքով բացառիկներու ներկայ ձեւաչափով պահանջուած ըլլալու իրականութեան վերաբերեալ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բացառիկի հովանաւոր Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր աշխատակիցներուն:
Շահան Գանտահարեան անդրադառնալով գալիք ծրագիրներուն ըսաւ, թէ շուտով պիտի ձեռնարկուին «Ազդակ-բացառիկ»-ներու թուայնացման աշխատանքներուն, իսկ «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնը պիտի սկսի օգտագործուիլ հայկական կեանքին հետ առնչուած որեւէ նիւթ ուսումնասիրողին կողմէ: Շ. Գանտահարեան նշեց նաեւ, որ ընթացիկ տարին «Ազդակ»-ի յոբելենական 90-րդ տարին է, ուր պիտի իրականացուին զանազան ծրագիրներ ու նախաձեռնութիւններ:
Խօսքի աւարտին Շ. Գանտահարեան ըսաւ. «Անմնացորդ պիտի շարունակենք ծառայել հայ մամուլին եւ հակառակ դժուարութիւններուն պիտի շարունակենք պահպանել աւանդականը եւ քայլ պահել ամէնէն նորարար մեթոտներուն հետ: Շնորհիւ օրաթերթի աշխատակազմի հաւաքական աշխատանքին, շնորհիւ մինչեւ առտուան կանուխ ժամերը հերթափոխով աշխատող մարդուժին, բայց նաեւ շնորհիւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, շնորհիւ նուիրատուներուն, ծանուցումներով աջակցողներուն եւ ընթերցողներուն, կը յաջողինք «Ազդակ»-ը տանիլ նոր բարձունքի:
Խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ Լիբանանի հայ գաղութի հպարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը «Ազդակ»-ն է: «Մինչ Լիբանանի մէջ եւ Լիբանանէն դուրս գրաւոր մամուլը ներկայացնող զանազան թերթեր կը փակուին, «Ազդակ»` Լիբանանի մէջ հիմնադրուած առաջին օրաթերթը, անխափան 90 տարիէ կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ լոյս տեսնել: «Ազդակ» տասնամեակներէ ի վեր պատուով տարած է իր գործը, գաղութի արժանապատուութիւնը բարձր պահելով եւ բարձր պահելու համար», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի եւ հաստատեց, որ «Ազդակ» տասնամեակներէ ի վեր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթը եղած է եւ պիտի շարունակէ մնալ ոչ միայն Դաշնակցութեան համար, այլեւ մեր ժողովուրդին համար: Դաշնակցութեան ծառայութեան ոգիի մէկ արտայայտութիւնն է «Ազդակ», որ կը հրատարակուի ամէն օր, կը հրատարակուի իր բացառիկներով եւ ելեկտրոնային տարբերակներով: Ան ըսաւ. «Եթէ կար ժամանակ, երբ «Ազդակ» միայն լիբանանեան հարցերով կը զբաղէր, այսօր ճակատաբաց եւ Լիբանանի հայութեան հպարտութեամբ անվարան կրնանք ըսել, որ «Ազդակ» Դաշնակցութեան նուէրն է համայն հայ ժողովուրդին: «Ազդակ» Լիբանանի մէջ հրատարակուող Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթը չէ միայն, այլեւ համայն հայութեան, Հայաստանի, Արցախի, գրաւեալ հողերու մէջ ապրող հայերու պաշտօնաթերթն է, ուր արձագանգ կայ ամէն տեսակի ու ամէն ուղղութեան եւ լայն տեղեկութիւններու»: Իր խօսքի աւարտին Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն յանձն առած է եւ պիտի շարունակէ զօրակցիլ «Ազդակ»-ին` աշխատելով, որ «Ազդակ» ներկայանայ շատ աւելի լայն դիմագիծով, աւելի լայն տեղեկութիւններով, տարածուի լայն զանգուածներուն :
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ստացան «Ազդակ-բացառիկ»-էն օրինակներ, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ բոլորուած շարունակեցին իրենց մտորումները կիսել հայ մամուլի աշխատանքներուն մասին: