Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Նպատակն Է Վերականգնել Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը` Պահպանելով Հայկական Տարբեր Կողմերը Ներկայացնելու Անոր Աւանդը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hagop_Pakradounian_11217

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լեպանիզ Քորա»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի եւ Ռիատիի միջեւ պասքեթպոլի մրցումի մը ընթացքին Ռիատիի համակիրներուն կողմէ թրքական դրօշակ բարձրացնելու արարքին:

Ան յայտնեց, որ ինք կապուած է Ռիատիի հովանաւոր պատասխանատուներուն հետ եւ անոնց ուղղած յստակ հարցում մը. «Մենք լիբանանեա՞ն, թէ՞ թրքական խումբի հետ կը խաղանք: Եթէ խումբը թրքական է, ապա մենք կը մերժենք անոր հետ խաղալ: Իսկ համակիրներուն գործած արարքը վարկաբեկիչ է հայ ժողովուրդին յիշողութեան եւ անոր ենթարկուած Ցեղասպանութեան նկատմամբ: Անշուշտ տակաւին չենք խօսիր Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Լիբանանի տիրապետութեան եւ անոր հետեւանքով լիբանանցիներուն կրած տառապանքին մասին»:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Ռիատիի պատասխանատուները ներում հայցեցին կարգ մը համակիրներու կողմէ գործուած այդ արարքին համար եւ խոստացան, որ նման դէպքեր չպատահին:

«Իրականութեան մէջ սակայն այդ իրականութիւնը կը գերազանցէ սովորական մարզախաղ մը: Տխուր է այն պատկերը, որ լիբանանեան ինքնութեան մէջ հայութիւնը տակաւին լուսանցքայնացած է, մինչդեռ հայ համայնքը երկիրը բաղկացնող հիմնասիւներէն է», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Օրինակ մը մատնանշելու համար Յ. Բագրատունի հարցազրոյցին ընթացքին իր գրասեղանին վրայ զետեղուած հրաւիրատոմս մը առնելով կ՛ըսէ. «Տեսէ՛ք. Ֆիտել Քասթրոյի մեծարման ազգային յանձնախումբին կողմէ հրաւէր մը: Այդ յանձնախումբին մէջ հարիւրաւոր անուններ կան, սակայն արդեօք մէկը մտածա՞ծ է, որ անոր հայ մը անդամակցի: Լիբանանահայութեան մէջ չկա՞յ արդեօք մէկը, որ կրնայ ներկայ ըլլալ եւ այդ առիթով խօսք մը արտասանել», հարց տուաւ ան` աւելցնելով, որ ասիկա օրինակ մըն է այն տասնեակ եւ հարիւրաւոր առիթներէն, որոնց պարագային հայ համայնքը կը լուսանցքայնացուի:

«Այդ ձեռնարկները կազմակերպողները յանձնառու են, որ բոլոր համայնքներէն մարդիկ մասնակից դառնան ձեռնարկներուն, բացի հայ համայնքէն: Անոնց հաշիւներէն զերծ կացուցուած է հայ համայնքը, որուն նկատմամբ կը ցուցաբերուի այնպիսի մօտեցում, կարծէք ան չունենայ տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային հարցերու լուծման մասնակցող ատակ թեկնածուներ: Այս մօտեցումը կրնայ դիտմամբ ըլլալ, զուգադիպութիւն ըլլալ, անլրջութիւն ըլլալ, սակայն ինչ որ ալ ըլլայ անիկա տխուր երեւոյթ է», հաստատեց ան:

Այս իրականութեան մէջ լիբանանահայութեան պատասխանատուութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մեր պատասխանատուութիւնը մեր խաղաղասիրութիւնն է: Մենք չենք ուզեր թաւալող անիւներուն մէջ գաւազաններ զետեղել, ո՛չ ալ անիւ կը հրկիզենք եւ ո՛չ ալ ճամբաները կը փակենք: Այդպէս ալ պիտի շարունակենք, թերեւս մեր գործընկերները կը սորվին մեր դրական մօտեցումներէն»:

Լիբանանեան քաղաքական իրավիճակին մասին խօսելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք լաւատես է, ընդգծելով, որ այդ լաւատեսութիւնը իրապաշտ լաւատեսութիւն կարելի է կոչել:

Այս տեսակէտը Յ. Բագրատունի մեկնաբանեց հետեւեալ կերպով.

«Հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն ետք Լիբանանի մէջ ստեղծուեցաւ դրական մթնոլորտ մը, ինչպէս որ կը պատահի որեւէ նոր իշխանութեան սկզբնաւորութեան: Սակայն ես կը կրկնեմ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի առաջին նիստին իսկ իմ ունեցած կեցուածքս, որ դրական մթնոլորտը իր չափին մէջ պէտք է պահել: Երկրին եւ լիբանանցիներուն կարիքները մեծ են եւ անոնց ակնկալութիւնները` բազմաթիւ: Զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը հրաշք մըն էր` անոր կամքին, ջանքերուն եւ նպատակին կառչածութեան շնորհիւ: Բայց եւ այնպէս հրաշքներու ժամանակը անցած է արդէն եւ երկրին հարցերը կարելի չէ լուծել կոճակ մը սեղմելով: Պէտք է առնել շարք մը դրական քայլեր` սահմանադրութեան եւ օրէնքի շրջագիծին մէջ, որպէսզի սկսինք երկրին հարցերուն լուծումներ գտնելու, յատկապէս հարցերուն հարցին, որ փտածութիւնն է:

Փտածութիւնը, որ ցաւ ի սիրտ վերածուած է քաղաքացիներուն եւ պատասխանատուներուն առօրեայ աշխատանքային օրակարգին: Փտածութիւնն ու կաշառակերութիւնը օսմանեան իշխանութեան օրերէն ի վեր բոյն դրած է Լիբանանի մէջ եւ անոր լուծումն ու զայն արմատախիլ ընելու առաքելութիւնը մեծ ջանքերու եւ երկար ժամանակի կը կարօտի: Սակայն եթէ նոր մօտեցումներ ու լուծումներ փորձենք գտնել` փտածութիւնը 20 կամ 30 առ հարիւրով նուազեցնելու, ապա սկսած կ՛ըլլանք նուաճումներ իրականացնելու: Այս տեսակէտը յոռետեսութիւն չէ, այլ` իրապաշտ մեկնաբանութիւն մեր ապրած իրականութեան եւ ունեցած կարողութիւններուն»:

Նոր իշխանութենէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ակնկալութեան ու Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ լիբանանահայութեան իրաւունքները վերադարձնելու իրողութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը վերականգնելու ու անոր բազմազանութեան կառչած մնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Հայկական երեսփոխանական պլոքը միշտ ալ ներկայացուցած է ամբողջ լիբանանահայութիւնը: Մենք, որ կը մերժենք իբրեւ համայնք եւ կուսակցութիւն լուսանցքայնացուիլ, ինչպէ՞ս կրնանք ընդունիլ, որ հայկական խմբաւորում մը բացակայի Հայկական երեսփոխանական պլոքէն: Մենք կը պահանջենք մշակել ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ կը դրսեւորէ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը: Օրէնք մը, որ լիբանանահայութեան վրայ երեսփոխաններ չի պարտադրեր»:

Այս վերջին կեցուածքին մասին յաւելեալ բացատրութիւն տալով` երեսփոխան Բագրատունի կը հաստատէ, որ կան հայ երեսփոխաններ, որոնք միայն լիբանանահայութեան մէկ մասը կը ներկայացնեն: «Մենք անհատներուն դէմ չենք, այլ` զանոնք ընտրելու ձեւին, որ ընտրութենէ աւելի համայնքին վրայ պարտադրանքի բնոյթ ունի: Մենք անցած ենք այնպիսի պայմաններէ, որ կը մաղթենք դարձեալ չապրիլ զանոնք, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ այդ պայմանները չկրկնուին», յայտնեց ան:

Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ինք անկեղծօրէն կը զօրակցի 1960-ի իսկական օրէնքին, որուն հիման վրայ Պէյրութ 3 մասի կը բաժնուէր: «Սակայն, ըստ երեւոյթին, այս օրէնքին որդեգրումը անկարելի պիտի ըլլայ, նուազագոյնը յայտարարուած կեցուածքներէն մեկնելով», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց, որ մշակուի համամասնական դրութեամբ ընտրական նոր օրէնք մը, որ լաւագոյնս կը ներկայացնէ բոլոր համայնքները, յատկապէս քրիստոնեաները: «Համամասնական խառն օրէնքին պարագային, ամէնէն կարեւորը ընտրաշրջաններուն բաժանումն է», ըսաւ ան:

ՀՅ Դաշնակցութեան ընտրական դաշինքներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ այդ դաշինքներուն պարագային Կեդրոնական կոմիտէն նկատի կ՛ունենայ հիմնական երկու սկզբունքներ, որոնք հետեւեալներն են. Ա) Այս դաշինքը ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գործադրուի, սկսեալ` Պէյրութէն, հասնելով մինչեւ Մեթն եւ Զահլէ, Բ) Կը դաշնակցինք անոր հետ, որ յանձնառութիւն կը ցուցաբերէ հայկական ճշգրիտ ներկայացուցչութեան նկատմամբ:

Երեսփոխան Բագրատունի մաղթեց նաեւ, որ գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ գոյանան համախոհական ընտրացանկեր, որոնք կը ներառեն քաղաքական բոլոր ուժերը:

«Սակայն ուր որ անկարելի կ՛ըլլայ նման քայլերու դիմել, ապա մենք կը զօրակցինք այն ուժերուն, որոնք մեր իրաւունքներուն նեցուկ կը կանգնին: Մեթնի մէջ պիտի դաշնակցինք Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն հետ, պայմանաւ որ համաձայնինք նաեւ Զահլէի եւ Պէյրութի թեկնածուներուն շուրջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի երեսփոխան Միշել Մըրի հետ մեր դաշինքին, ապա անիկա հաստատ է եւ անխախտ: Պիտի ջանանք նաեւ, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ դառնայ մեր ընտրական դաշնակիցը: Պէյրութի պարագային ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ վստահութիւնը վերականգնուած է: Զանազան առիթներով դրական էր մեր վերաբերումը, իսկ Պէյրութի քաղաքապետական ընտրութիւններուն ընթացքին մեր դաշինքին նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը գործով փաստեցինք», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Սուրիոյ իրավիճակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կան 12 հազար սուրիահայեր` յոյս յայտնելով, որ Հալէպի ազատագրումէն ետք աշխատին սուրիահայերը վերադարձնել իրենց տուներն ու շրջանները:

Սուրիոյ հետ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ Կեդրոնական կոմիտէին կապը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանն է, իսկ սուրիական վարչակարգին զօրակցելու մասին ան ըսաւ. «Մենք կը զօրակցինք Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումին, երկրին մէջ ապահովական կայունութեան վերահաստատումին եւ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը վայելող ահաբեկչութեան դէմ պայքարին»:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նպատակներն ու քաղաքականութիւնը կը մնան անփոփոխ: «Ան պիտի շարունակէ կառչած մնալ իր բաց քաղաքականութեան, դրական վարուելակերպին, չափաւորականութեան եւ հաւասարակշռուածութեան: Միաժամանակ պիտի ջանանք վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն եւ զանոնք գործադրել պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն եւ խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ: Մեր պատմական անշեղ նպատակներէն է ընկերային, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ հայկական աւանդութիւններուն պաշտպանութիւնը, որ կը հարստացնէ լիբանանեան ընկերութիւնը, ինչպէս որ մենք կը հարստանանք լիբանանեան աւանդներով», շեշտեց ան:

Նախորդը

Ճայերը Կը Սպառնան Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Ապահովութեան, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Փութայ Գործնական Քայլեր Առնելու

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Գործին Մէջ Թուրք Հասարակութեան Ներգրաւուածութեան Հարցը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.