Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ցաւակցութիւն  Յայտնած Է Փութինին` Թուրքիոյ Մէջ  Դեսպանի Սպանութեան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեանը Ցաւակցութիւն Յայտնած Է Փութինին` Թուրքիոյ Մէջ Դեսպանի Սպանութեան Առիթով

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է  Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին` Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ  դեսպան Անտրէյ Քարլովի բարբարոսական սպանութեան առիթով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը խստօրէն դատապարտած է այդ ահաբեկչական գործողութիւնը, ցաւակցութիւն յայտնած դեսպանի հարազատներուն եւ բարեկամներուն, Ռուսիոյ դիւանագիտական ծառայութեան եւ Ռուսիոյ ամբողջ ժողովուրդին:

Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Յունաստան Կ՛այցելէ

Պաշտպանութեան Նախարարին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Յունաստան Կ՛այցելէ

Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններու երկկողմանի համագործակցութեան 2016-ի ծրագիրին համաձայն, 19 դեկտեմբերին սկսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Յունաստան: Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած հայկական եւ յունական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումին յաջորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Փանայոթիս Քամենոսի առանձնազրոյցը: Հանդիպումներուն...

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ  Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ

Անգարայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը Ահաբեկուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլով Անգարայի մէջ գեղանկարչութեան ցուցահանդէսի մը մասնակցութեան ընթացքին ահաբեկուեցաւ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց դեսպանին մահը` աւելցնելով. «Դեսպան Քարլովը սպաննողները պատիժէն պիտի չազատին»: Նախարարութիւնը նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութեան շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկումը պէտք է ըլլայ պարկեշտ ու բաց: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն  Ողջունեց Հալէպի Մէջ  Խաղաղութեան Վերահաստատումը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Թեհրանէն Ողջունեց Հալէպի Մէջ Խաղաղութեան Վերահաստատումը

Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2016-ին, Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ անցնող հինգ տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատերազմի  պատճառով զոհուած ու նահատակուած հայորդիներուն հոգիներուն համար: Պատարագը մատուցեց Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան: Պատարագի ընթացքին քարոզեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը`  յայտարարելով, թէ «սա պահուն`...

Լիբանանը Ունեցաւ 30 Նախարարէ  Եւ 6 Նոր Նախարարութիւններէ  Բաղկացող Իր Կառավարութիւնը

Լիբանանը Ունեցաւ 30 Նախարարէ Եւ 6 Նոր Նախարարութիւններէ Բաղկացող Իր Կառավարութիւնը

Իր նշանակումէն 48 օր ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան: Վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որուն յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը: Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հանդիպումին միացաւ...

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան  Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ  Աստուծոյ Տունը Շինեց»   Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Մեր Ժողովուրդը Իր Պատմութեան Ընթացքին Իր Տունէն Առաջ Աստուծոյ Տունը Շինեց» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Թեհրանի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` իրեն առընթերակայ ունենալով Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանն ու Թեհրանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Մակար եպս. Աշգարեանը: Բազմահարիւր հաւատացեալներու կողքին արարողութեան ներկայ էին նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի նորընտիր Պատգամաւորական ժողովի ատենապետն ու թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ շրջանի մարմիններու...

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ  Անուանակոչութիւն

Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

Անցնող շաբաթավերջին նշուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ  անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, շաբաթ, 17 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամերգութեան յաջորդեց աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում, որոնցմէ ետք մատաղի պատրաստութիւն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը: Նոյն օրը երեկոյեան ժամը 7:30-ին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, կատարողութեամբ` եկեղեցւոյ դպրաց դասին, ղեկավարութեամբ` եկեղեցւոյ դպրապետ Պօղոս սրկ. Քեսապլեանի: Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ Ա. քհնյ....

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը  «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

«Այգ» Երգչախումբի Ելոյթը «Պէյրութ Չենթս»-ի Ծիրին Մէջ

Նոր տարուան ու Ս. Ծնունդի առիթով կազմակերպուած «Պէյրութ Չենթս» համերգներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2016-ի, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «ԱՅԳ» երգչախումբի համերգը, մասնակցութեամբ` «Կարկաչ» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին` դաշնակի վրայ Լիանա Յարութիւնեան եւ սրինգով Լոռի Պիլալեան: Ուշագրաւ ներկայութիւն էր լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը իր թռիչքային ձայնով: Ան մենակատարութեամբ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը  Եւ Ջախջախեց Սաժեսը` 44 Կէտի Տարբերութեամբ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Մնաց Անպարտելի Միակ Խումբը Եւ Ջախջախեց Սաժեսը` 44 Կէտի Տարբերութեամբ

- Այսօր` Մէյրուպա - ՀՄԸՄ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նոր նախագահը` Փիեռ Քախիա, կը հետեւի մրցումին (կեդրոնը` ոտքի) ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն մաս մը Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ յետմիջօրէին «ՀՄԸՄ Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը թատերաբեմը դարձաւ ՀՄԸՄ-ի մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակին, երբ ՀՄԸՄ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` 44 կէտի տարբերութեամբ եւ 129-85 արդիւնքով ջախջախելով...

Նախագահ Սարգսեան Հայաստան Հրաւիրեց Լիբանանի Նախագահ Միշել Աունը

Նախագահ Սարգսեան Հայաստան Հրաւիրեց Լիբանանի Նախագահ Միշել Աունը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լիբանանի իր պաշտօնակիցին` նախագահ Միշել Աունին  ուղղեց Հայաստան այցելելու հրաւէր մը: Հրաւէրը բանաւոր կերպով փոխանցեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, որ երէկ այցելեց նախագահ Միշել Աունի: Այս առիթով խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Լիբանանի ու Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ:

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ապօրինի  Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Ապօրինի Հարստացումը Քրէականացնող Օրէնքը

Խորհրդարանը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունեց ապօրինի հարստացումը քրէականացնող օրէնքը: Հայաստանի քրէական եւ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքերուն մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ ընդունելու հարցին թեր քուէարկեց 96, ձեռնպահ` 1 պատգամաւոր: Նախագիծով կ՛առաջարկուի պատասխանատուութիւն նախատեսել այն պարագաներուն, երբ յայտարարագիր ներկայացնելու պարտաւորութիւն ունեցող պաշտօնատար անձին գոյքը աւելցած է կամ պարտաւորութիւնները նուազած են, եւ անոնք էական չափով...

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան  Նկատմամբ Վերաբերմունքը Սպասողական Է

Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նկատմամբ Վերաբերմունքը Սպասողական Է

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 դեկտեմբերին ընդունած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵՏՅ) անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանը: «Մենք միասին Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու հոլովոյթի ակունքներուն մէջ էինք, եւ այդ միութեան անդամակցելով` ակնկալիք ունէինք էապէս բարելաւելու Հայաստանի տնտեսական վիճակը: Ցաւօք, անդամակցութիւնը զուգադիպեցաւ  միջազգային տնտեսական հոլովոյթներու հետ, որոնք բացասաբար ազդեցին երկրի տնտեսութեան վրայ, եւ մեր քաղաքացիներու  վերաբերմունքը Եւրասիական տնտեսական միութեան տակաւին, մեղմ...

«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը  Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման`  Ընկերութեան Կեանքին Մէջ»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Իմամ Խումէյնիի Յեղափոխութիւնը Կը Ձգտէր Բարոյական Արժէքներու Վերահաստատման` Ընկերութեան Կեանքին Մէջ» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Ալիք» կը հաղորդէ, որ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի ու իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իսլամական յեղափոխութեան հիմնադիր առաջնորդ Իմամ Խումէյնիի դամբարանը: Վեհափառ հայրապետը այս առիթով խօսք առնելով ըսաւ. «Իմամ Խումէյնիի յեղափոխութիւնը կը ձգտէր բարոյական...

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ  Արցախեան Տօնավաճառի Պաշտօնական Բացում

«Արցախ Ֆոնտ»-ին Կազմակերպութեամբ Արցախեան Տօնավաճառի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին կազմակերպութեամբ երէկ` ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին,  «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան տօնավաճառ, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն: Տօնավաճառին ներկայացուած էին  Արցախի գեղանկարիչներուն արուեստը, Կովսականի կիներու համագործակցականի ձեռային աշխատանքը, Արցախի նշանաւոր մեղր ու այլ արտադրանքներ:  Ուշագրաւ էր նաեւ ցուցադրուած մեծ պաստառը,...

Հալէպի Մէջ Զինադադարի Ճշդուած Ժամանակաշրջանի Աւարտով Կացութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Լարուած

«Հալէպի Ազատագրումը Զինեալ Գրոհայիններէն Մեծ Խանդավառութիւն Ու Հոգեկան Անդորրութիւն Ստեղծեց Բոլորին Մէջ» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զարմիկ Պողիկեան

Հարցազրոյցը վարեց` Ն. Բ. Հալէպը ազատագրուած է, հոն ապրող հալէպահայութիւնը որոշ չափով հանգիստ է, որովհետեւ ռմբակոծումներն ու ամէն վայրկեան մահուան սպառնալիքը հեռու են արդէն: Հալէպի մէջ տիրող վիճակին, հալէպահայերուն տրամադրութեան եւ գետնի վրայ առկայ կացութեան մօտէն ծանօթանալու եւ հաւաստի աղբիւրէ տեղեկութիւններ քաղելու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեանի հետ: «ԱԶԴԱԿ».- Արդէն իսկ Հալէպը ազատագրուած է: Բնականաբար...

Սուրիահայ Պետական Երեսփոխան  Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարէն Կը Պահանջէ  Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Սուրիահայ Պետական Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեան Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարէն Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, թէ չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին, Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, որուն ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմը, երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունեցաւ եւ արտաքին գործոց նախարարէն պահանջեց Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտումը: Դոկտ. Արիսեան իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առաւ ՄԱԿ-ի կողմէ 9 դեկտեմբերին «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան, եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»-ուան...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ առաջնորդ սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան միացեալ ջանքերով, Ազգային առաջնորդարանը սկսած է արդէն փակել ազգային վարժարաններու ուսուցիչներու, անձնակազմերու նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ յետնեալ պարտքեր: Այս նախաձեռնութեամբ, ամբողջականօրէն գործադրութեան հունի մէջ կը մտնէ Լիբանանի թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին որդեգրած որոշումը` Ազգային միացեալ վարժարանի 2017-2018 կրթական վերամուտէն առաջ փակելու նիւթական պարտաւորութիւնները` միաւորուած, ինչպէս նաեւ...

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին  Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Աւետիս Ահարոնեանի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Միջազգային Գիտաժողով

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի նախաձեռնութեամբ 15 դեկտեմբերին պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է գրող, ազգային-պետական գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով: Բացման խօսքով հանդէս եկած են Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Ընթերցուած...

Միացեալ Յայտարարութեամբ Փակումը  Կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Եւ Իրանի Քրիստոնեայ-Իսլամ  Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Միացեալ Յայտարարութեամբ Փակումը Կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Իրանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբեր 2016-ին իր լրումին հասաւ Թեհրանի մէջ գումարուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն-Իրան քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան 7-րդ համագումարը, որուն կը նախագահէր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը: Համագումարին վերջին օրը քննարկման առարկայ դարձան «Կրօնի եւ բռնութեան զանազան եւ հասարակական ազդեցութիւնը», «Զիրար ընդունելու եւ ծայրայեղականութեան ու բռնութեան դէմ պայքարին մէջ կրօնաւոր պետերու դերը` խաղաղութիւն եւ փոխադարձ յարգանք տարածելու առումով» եւ «Յարգելով մարդու իրաւունքները`...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց  Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում  Համախմբումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ անդամ Յակոբ Հաւաթեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր եւ Նաժի Ղարիոս: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով համախմբումին նախաձեռնութիւնը: Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ «մեր առաջադրած...

Page 658 of 796 1 … 657 658 659 … 796

Արխիւներ