Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի  Նոր Նշանակուած  Համանախագահը Այցելեց Նախագահին  Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարին

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ֆրանսացի Նոր Նշանակուած Համանախագահը Այցելեց Նախագահին Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 դեկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ֆրանսացի նոր նշանակուած համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթին, որ աւելի ուշ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Նախագահը իր շնորհաւորութիւնը յայտնած է` յաջողութիւն մաղթելով դիւանագիտական կարեւորագոյն առաքելութեան իրականացման մէջ: Ան յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի միջնորդական ջանքերը...

«1000 Դրամ» Նախագիծը Երկրորդ  Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

«1000 Դրամ» Նախագիծը Երկրորդ Ընթերցումով Ընդունուեցաւ

Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին պատգամաւորները քուէարկած են «Հայաստանի պաշտպանութեան ժամանակ զինուորներու կեանքին կամ առողջութեան պատճառուած վնասներու հատուցման մասին» նախագիծերու ծրարին: Նախագիծը ընդունուած է 96 թեր, 4 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ: Մինչ քուէարկութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսի խմբակցութեան պատգամաւոր Հրանդ Բագրատեան յայտարարած է, որ դէմ է նախագիծին, սակայն քուէարկութեան պիտի չմասնակցի: ՀԱՔ-ի պատգամաւորներ Լեւոն Զուրաբեանն ու Արամ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Բացումը  Կը Կատարէ Քրիստոնեայ-Իսլամ  Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Բացումը Կը Կատարէ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան 7-րդ Համագումարին

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին սկիզբ առաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի Իրան կատարած այցելութեան առաջին օրը: Վեհափառ հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Թեհրանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն եւ իր շքախումբի անդամներուն, այցելեց Իրանի Մշակոյթի եւ հաղորդակցութեան կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ կազմակերպութեան նախագահ դոկտ....

Գաղութէ – Գաղութ

Իրաք. Երկրորդ Կարգի Մրցանակի Յանձնում Իրաքահայ Թեմին

Պաղտատի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին մէջ դեկտեմբեր 8-ին մեծ շուքով տեղի ունեցաւ  սփիւռքի նախարարութեան եւ համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ Իրաքահայ թեմին շնորհուած պարգեւներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Իրաքի Հայոց Թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի կողքին ներկայ եղան Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կցորդ Սմբատ Խաչատրեանը, Պաղտատի հոգեւոր հովիւներէն Նարեկ Ա. քհնյ. Իշխանեանը, ինչպէս նաեւ Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները: Արարողութեան ընթացքին Իրաքի...

Յայտնի Չէ, Թէ Ե՛րբ Ֆրանսա Պիտի Ընդունի  Ցեղասպանութեան Հերքումը  Քրէականացնող Օրինագիծը

Յայտնի Չէ, Թէ Ե՛րբ Ֆրանսա Պիտի Ընդունի Ցեղասպանութեան Հերքումը Քրէականացնող Օրինագիծը

Յայտնի չէ, թէ ե՛րբ Ֆրանսայի մէջ օրէնքի ուժ պիտի ստանայ Հայոց ցեղասպանութեան հերքումը քրէականացնող «Հաւասարութիւն եւ  քաղաքացիութիւն» անուանումը կրող օրինագիծը, թէեւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի պաշտօնավարումը կը մօտենայ  իր աւարտին: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը իր ընտրարշաւին օրերուն խոստացած էր նման օրէնք ընդունիլ, երբ փետրուար 2012-ին Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական նկատած էր Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու պալատներու համաձայնութեան արժանացած նմանատիպ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Թեհրան

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հասաւ Թեհրան

Երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր շքախումբի անդամներով հասաւ Թեհրան: Վեհափառ հայրապետը Թեհրանի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ «Կրօններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն»-ի նախագահին, Թեհրանի թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Սպահանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի, Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պետական ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ճորճ Աբրահամեանի, Մեծի Տանն...

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը  Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ուղեկցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Սամուէլ Մկրտչեան եւ դեսպանատան անձնակազմի անդամներ: Հանդիպումին ներկայ եղան արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ  եւ արժանապատիւ հայրեր, պետական երեսփոխան մեթր Սերժ Թուրսարգիսեան, նախկին նախարար մեթր Ժաք Չուխատարեան եւ...

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան  Այցելեց Համազգայինի  «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Այցելեց Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային Կեդրոն

Երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելութիւն տուաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոն եւ ներկայ եղաւ ի պատիւ իրեն կազմակերպուած ձեռնարկին` «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամներ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէններ եւ հիւրեր: Ողջոյնի խօսքով հանդէս...

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան»  Թատերախումբ.  Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ  Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին  Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Բազմավաստակ Լիբանանահայ Դերասաններ Մարի Ռոզ Մանուկեանին Եւ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ)

  Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 13 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած վաստակաշատ դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն այն բեմին վրայ, ուր տարիներ շարունակ Մանուէլ Մարգարեան (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեան ներդրում ունեցած են...

Փարիզի Մէջ 3.860.000 Ամերիկեան Տոլար  Հանգանակուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աշխատանքներուն Համար

Փարիզի Մէջ 3.860.000 Ամերիկեան Տոլար Հանգանակուեցաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Աշխատանքներուն Համար

Լիբանանի Հայութեան Մասնակցութիւնը`  1.107.000 Ամերիկեան Տոլար 10 դեկտեմբեր 2016-ին, Փարիզի Էլիզէի պալատին դրացնութեամբ, «Cercle de l’Union Interalline» սրահին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Հայ դատի աշխատանքներու հզօրացման ու աջակցութեան նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաք-ճաշկերոյթը: Պատուոյ սեղանի հիւրերն էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Վատիկանի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր...

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու  Պատասխանատուներուն Հետ

Էդուարդ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանէն կը հաղորդեն, որ 11 դեկտեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, եւրոպական միջազգային կառոյցներու մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչներու հանդիպումը Հայ դատի գրասենեակներու պատասխանատուներուն հետ` Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ: Էդուարդ Նալբանդեան Հայ դատի յանձնախումբերու ղեկավարներուն ներկայացուց Համպուրկի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին արդիւնքները, Մինսքի խմբակի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ուղղուած Ահաբեկչական Արարքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Ղպտի Եկեղեցւոյ Դէմ Ուղղուած Ահաբեկչական Արարքը

Ղպտի եկեղեցւոյ Թէոդորոս պատրիարքին ուղղուած նամակով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խիստ կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Գահիրէի ղպտի եկեղեցւոյ դէմ իրագործուած ահաբեկչական արարքը, որուն զոհ գացին աւելի քան 30 ղպտի քրիստոնեայ հաւատացեալներ: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ ահաբեկչութիւնը, որուն դէմ որ ուղղուած ըլլայ անիկա, դատապարտելի է, եւ ո՛չ մէկ կրօնի համար ընդունելի են նման ոճիրներ: Նման դէպքերը Աստուծոյ առջեւ...

Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական  Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Նախարար Յակոբեան Պարգեւատրեց Կրթական Եւ Հասարակական Ոլորտի Լիբանանահայ Գործիչներ

Երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2016-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ներկայացուած լուսանկարներու ցուցահանդէս`  նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 25-րդ տարեդարձին: Այս առիթով ալ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ յանձնուեցան սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներ, մետալներ եւ 2015-ի Համահայկական մրցանակաբաշխութեան մրցանակներ: Ձեռնարկին ներկայ էր  սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, լիբանանահայ ազգային, կրթական հաստատութիւններու եւ լրատուական կառոյցներու...

Ներկայութեամբ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի.  «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում-Զրոյց`  Հայաստանի 25-Ամեայ Անկախութեան  Իրագործումներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

Ներկայութեամբ Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի. «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ Հանդիպում-Զրոյց` Հայաստանի 25-Ամեայ Անկախութեան Իրագործումներուն Եւ Մարտահրաւէրներուն Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, հովանաւորութեամբ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովին, ներկայութեամբ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, երէկ` երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց` Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներուն մասին: Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի մասնակցութեամբ կայացած...

Սերժ Սարգսեան Արցախի Մէջ Այցելած Է  Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր

Սերժ Սարգսեան Արցախի Մէջ Այցելած Է Պաշտպանութեան Բանակի Զօրամասեր

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեան երկրորդ օրը` 9 դեկտեմբերին, Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան, հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի, Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարներուն եւ բարձրաստիճան հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ այցելած է Արցախի հարաւային եւ հարաւարեւելեան շարք մը զօրամասեր: Պաշտպանական դիրքերէն մէկուն մէջ նախագահները ունկնդրած են հրամանատարին...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի  Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի Բնակավայրը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գործակցութեամբ «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի մտաւորական Սպարտակ Ղարաբաղցեանի «Արեւի բնակավայրը» գիրքին շնորհահանդէսը: Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Համամճեան, որ լուսարձակի  տակ առնելով Սպարտակ Ղարաբաղցեանի արժէքը` թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ, ըսաւ. «Կարելի է իսկապէս...

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ.  Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու  Գերազանց Աշակերտներու  Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ ԶՈՄ-Ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անունով բացման խօսքը արտասանեց Սեպուհ Տօնիկեան, որ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այս հանդիսութեան կարեւորութեան, ինչ որ աւանդութիւն մը դարձած է տարիներէ ի վեր: Տօնիկեան իր խօսքին մէջ նշեց...

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ»  Գիրքի Մակագրում

Կրէյս Լոճիկեանի «Տը Փարատոքսիքըլ» Գիրքի Մակագրում

Երէկ` ուրբաթ, 9 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:00-8:00, «Վըրճըն մեկասթոր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Կրէյս Լոճիկեանի անդրանիկ գիրքին` «Տը Փարատոքսիքըլ»-ին մակագրութիւնը: Այս առիթով ներկաներուն բարի գալուստի ու շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Կրէյս Լոճիկեան, որ անդրադարձաւ գրականութենէն բաւական հեռու եղող իր մասնագիտութեան զուգահեռ գիրի ու ստեղծագործութեան հետ իր ունեցած արժէքաւոր կապին` դիտել տալով, որ լուսնի լոյսին տակ գրիչ մը, սպիտակ թուղթ մը եւ գաւաթ...

Քեթի Փիրի. «Թուրքիոյ Ճանաչումը  Հայոց Ցեղասպանութեան Պայման Մը Չէ  Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Համար.  Սակայն Անդամակցութեան  Տրամաբանական Հետեւանք Է»

Քեթի Փիրի. «Թուրքիոյ Ճանաչումը Հայոց Ցեղասպանութեան Պայման Մը Չէ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Համար. Սակայն Անդամակցութեան Տրամաբանական Հետեւանք Է»

Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին, Հոլանտայի հայ համայնքին մաս կազմող հայրենակիցներ այցելեցին Եւրոպական խորհրդարան, Պրիւքսէլ: Այցելութեան մասնակցեցան Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ»  երիտասարդական միութեան, «Անի» Մշակութային միութեան, Հոլանտայի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերու` Ալմելոյի, Առնհեմի, եւ Ալքմարի անդամները: Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ  Եւրոպական խորհրդարանի աշխատանքներուն, անոր դերակատարութեան` իբրեւ Եւրոպական Միութեան բնակիչներուն ձայնը հասանելի դարձնող միջոց, եւ ազդեցութեան` Եւրոպայի ներքին եւ արտաքին...

Խմբագրական.   9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը  Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. 9 Դեկտեմբերի Հնչեղութիւնը Պահելու Անհրաժեշտութիւնը

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ամէնէն ուշագրաւ եւ քաղաքական նշանակութիւն ունեցող նախաձեռնութիւններէն մէկը ՄԱԿ-ի կողմէ Ցեղասպանութիւններու զոհերու յիշատակի օրուան որդեգրումն է: Պաշտօնական Երեւանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ իբրեւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր»: Օրուան ընտրութիւնը պատահական չէ անշուշտ: Դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի...

Page 659 of 796 1 … 658 659 660 … 796

Արխիւներ