Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միւնիխի Մէջ` Նալբանդեան- Մամետեարով Հանդիպում. ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կոչ Կ՛ուղղեն Վերսկսելու Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Համապարփակ Բանակցութիւնները

Փետրուար 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթի (Ֆրանսա), Ռիչըրտ Հոկլընտ (Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք 16 փետրուարին առանձին հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ Միւնիխի մէջ, ուր տեղի ունեցած է նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ համանախագահներու տարածած յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի, որ նախարարներու հետ քննարկած են շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ տիրող ներկայ իրավիճակը: Համանախագահները վերահաստատած են, որ տագնապին խաղաղ լուծման այլընտրանք չկայ եւ որ պատերազմը տարբերակ չէ` կոչ ուղղելով կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու թէ՛ գետնի վրայ, թէ՛ ալ հանրային հաղորդակցութեան մէջ ու իրենց բնակչութիւնները պատրաստելու խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի:

Համանախագահները կողմերուն կոչ ուղղած են նաեւ պահպանելու 1994-1995 թուականներու զինադուլի համաձայնագիրները, որոնք թշնամական գործողութիւններու դադրեցման հիմքը կը կազմեն: Համանախագահները յղում կատարած են իրենց երկիրներու նախագահներուն կողմէ 2011-ին Տովիլի մէջ որդեգրուած յայտարարութեան` ընդգծելով, որ ուժի կիրարկումը միայն պիտի բերէ աւելի շատ տառապանքի ու կործանման եւ պիտի դատապարտուի միջազգային ընտանիքին կողմէ:

Համանախագահները կողմերուն հետ կարծիքներ փոխանակած են այն քայլերուն շուրջ, որոնք պիտի բերեն 2016-ին Վիեննայի ու Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներու որոշումներու իրականացման` նպատակ ունենալով կայունացնել իրավիճակը տագնապի գօտիին մէջ: Համանախագահները ընդգծած են առաւել մեծ ճկունութիւն ցուցաբերելու կարիքը` կայուն լուծման հասնելու համար կարելի եղածին չափ շուտ համապարփակ բանակցութիւնները վերսկսելու հարցին մէջ:

Համանախագահները ընդունած են, որ ազրպէյճանցի զինուորի մարմինը վերադարձնելու Հայաստանի իշխանութիւններու վերջին որոշումը օգտակար մարդասիրական քայլ էր: Երկու նախարարներն ալ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը միջազգային մարդասիրական պարտականութիւնները կատարելու հարցին մէջ, ներառեալ անոնք, որոնք սահմանուած են հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու Աստրախանի մէջ որդեգրած միացեալ յայտարարութեամբ:

Համանախագահները տեղեակ են, որ 20 փետրուար 2017-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախատեսուած է կայացնել սահմանադրական հանրաքուէ: Հակառակ անոր որ համանախագահները կը նշեն, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրողական իշխանութիւնները այդպիսի ընթացակարգը կը նկատեն իբրեւ իրենց բնակչութեան հանրային կեանքը կազմակերպելու ջանք, անոնք դարձեալ կ՛ընդգծեն, որ որեւէ երկիր, ներառեալ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, չեն ճանչնար Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն:

Ըստ այնմ, համանախագահները չեն ընդունիր 20 փետրուար 2017-ի հանրաքուէի արդիւնքները` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կարգավիճակին վրայ ազդող քայլ: Համանախագահները նաեւ կ՛ընդգծեն, որ արդիւնքները որեւէ ձեւով չեն կանխորոշեր Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ ու տեւական լուծման ուղղուած բանակցութիւններու ելքը: Համանախագահները կը ծրագրեն մարտին այցելել շրջան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի վարչութենէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ 16 փետրուարին Միւնիխի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են երկու նախարարներուն միջեւ հետագայ հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ համանախագահներու` շրջան այցելութեան հետ կապուած հարցեր:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Ուղարկէ Արցախ

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?