Կիտանեան. «Պիտի Աշխատինք Ստեղծել Զբօսաշրջական Շարժում Մը` Լիբանանը Զբօսաշրջիկներուն Համար Գրաւիչ Դարձնելու»
Երէկ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան յայտարարեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքը կ՛ապրի որակական անցում մը` նշելով միաժամանակ, որ ներկայիս կը գտնուինք լաւատեսութիւն առթող նոր փուլի մը առջեւ: Ձայնասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Կիտանեան հաստատեց, որ «պիտի աշխատինք ստեղծել զբօսաշրջական շարժում մը` երկիրը զբօսաշրջիկներուն համար գրաւիչ դարձնելու, մանաւանդ որ Լիբանանը իր շրջապատին մէջ ամէնէն ապահով երկիրն է»: Ան դիտել տուաւ, որ դեկտեմբեր ամսուան...



















