ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի դիտորդական առաքելութեան անդամները 18 փետրուարին հանդիպում ունեցած են Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին եւրոպական 8 երկիրներէ Արցախ հասած դիտորդները հետաքրքրուած են հանրաքուէի քարոզարշաւի ընթացքին, սահմանադրութեան նախագիծին քաղաքացիներու իրազեկուածութեան եւ այլ հարցերով: