Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակի Յառաջատար Կին Թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեան. «Գիտութիւնը Եւ Քաղաքականութիւնը Կը Լրացնեն Զիրար»

February 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն առաջադրուած թեկնածուներու ցուցակին չորրորդ տեղը կը գրաւէ Արմենուհի Կիւրեղեան, որ մասնագիտութեամբ ուսողագէտ է, բնագիտական գիտութիւններու թեկնածու, Վանաձորի պետական համալսարանի դասախօս, համալսարական կրթութեամբ կիներու  ընկերակցութեան անդամ եւ Վանաձորի աւագանիի անդամ:

Արմենուհի Կիւրեղեան «Երկիր»-ի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ըսած է, թէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը որոշած է իր թեկնածութիւնը առաջադրել եւ ինք դէմ չէ եղած:

Անդրադառնալով Վանաձորի աւագանիի ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի արձանագրած արդիւնքներուն եւ այդ ծիրին մէջ խօսելով խորհրդարանական ընտրութիւններուն ակնկալուող արդիւնքներուն մասին` ան նշեց, որ ՀՅԴ-ի յաջողութեան հասնելու գրաւականներէն մէկը կուսակցութեան մէջ ներգրաւուած մարդոց մտաւոր ներուժն է եւ կուսակցութեան կանոնագիրը, որ, ըստ անոր, ամէնէն ակնյայտ ժողովրդավարական փաստաթուղթն է:

Ա. Կիւրեղեան նշեց, որ լաւը դժուարութեամբ ճամբայ կը հարթէ, բայց այդ ճամբան կ՛ըլլայ կայուն եւ հաստատուն: «Ես միշտ կ՛ըսեմ, որ լաւը դժուարութեամբ կը հարթէ իր ճամբան, այսօրուան իրավիճակին մէջ  լաւը շատ աւելի դժուար կը հասնի յաղթանակի: Այնպէս չէ, որ լաւին  համար դիւրին է, որովհետեւ լաւը իր պայքարի միջոցներու ընտրութեան մէջ ազնիւ է: Այլ ուժեր այնպիսի միջոցներ կ՛օգտագործեն, որոնց ուղղութեամբ մենք մեզի թոյլ ալ չենք տար մտածել», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նախընտրական իրավիճակ կը տիրէ Վանաձորի մէջ` նկատի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ աւագանիի նիստերը մշտապէս պոյքոթի կ՛ենթարկուին, Կիւրեղեան պատասխանեց. «Ասիկա աւելիով կ՛ապացուցէ այսօրուան Վանաձորին մէջ իրենք զիրենք ընդդիմութիւն յայտարարած ուժերուն  անկարողութիւնը: Ես համոզուած եմ, որ անոնց պոյքոթին հիմքը անոնց անկարողութիւնն է, անոնք համոզուած են, որ եթէ մասնակցին, պիտի չկարենան աշխատանք ցոյց տալ, եւ կը վախնան ատկէ: Անոնք այդ ուժը չունին, որ աշխատին, ու բնակչութիւնը տեսնէ` ինչ ուժեղ են: Անոնք  պարզապէս խնդիրը կը ձգձգեն մինչեւ 2 ապրիլ` մինչեւ Ազգային ժողովի  ընտրութիւններ, որ իրենց մէկ աթոռը ստանան, եւ անկէ ետք ամէն ինչ իր տեղը կ՛ըլլայ»:

Անդրադառնալով իր` գիտութեամբ զբաղուելուն զուգահեռ նաեւ աշխուժ քաղաքական հոլովոյթներու մէջ ներգրաւուած ըլլալուն, Կիւրեղեան ըսաւ, որ երկու բնագաւառներուն մէջ դիւրութեամբ կրնայ գործել, եւ մէկ բնագաւառը միւսին կ՛օգնէ: «Գիտութիւնը իմս է, արեանս մէջն է: Ես իմ մտաւոր ներուժս պիտի օգտագործեմ հասարակութեան հետ աշխատանքի մարզին մէջ ճիշդ ձեւեր ընտրելու համար: Երկուքն ալ իրար կ՛օգնեն, չեն խանգարեր», նշեց ան:

Անդրադառնալով քաղաքացիներու հետ հանդիպումներու ձեւաչափին` Ա. Կիւրեղեան ըսաւ. «Պիտի օգտագործուին կարելի քաղաքակիրթ բոլոր ձեւերը` ընկերային ցանցերու ընձեռած կարելիութիւններ, բակային հանդիպումներ, եթեր® պէտք է օգտագործել ընկերային ու բարեկամական միջոցները, համոզելու, վիճելու, բանավիճելու եւ այլ տարբերակներ»:

 

Նախորդը

Նալբանդեան Եւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Շեշտեն Վիեննայի Եւ Ս. Փեթերսպուրկի Համաձայնութիւններու Իրականացման Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.