Արցախի մէջ տեղի ունեցած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն. Արցախի բնակչութիւնը պիտի որոշէ կառավարման կիսանախագահական համակարգէն անցնիլ նախագահական համակարգի:
Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեան «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անգամ մը եւս հաստատեց ՀՅԴ-ի կարծիքը, որ իրենք դէմ են այդ սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ կողմնակից են, որ անցում կատարուի կառավարման խորհրդարանական համակարգին:
Ան անհասկնալի նկատեց այն պնդումները, թէ քանի որ Արցախը կը գտնուի պատերազմական իրավիճակի մէջ, ապա պէտք է ունենայ կառավարման նախագահական համակարգ: «Սահմանադրական բարեփոխումներու ներկայացուած նախագիծը կը փորձեն կապել պատերազմող Արցախի հետ եւ անհրաժեշտութիւն կը նկատեն նախագահական կառավարման համակակարգը: Ասիկա տեսակ մը անհասկնալի է. արդե՞օք Հայաստանի Հանրապետութիւնը այդ նոյն պատերազմական իրավիճակին մէջ չէ, իսկ Հայաստանի մէջ ընդունուեցաւ կառավարման խորհրդարանական համակարգը: Արդէն իսկ ինչ որ տեղ անհասկնալի եւ չբացատրուող կէտեր կան», ըսաւ Իշխանեան, ապա աւելցուց. «Դաշնակցութեան տեսակէտը նոյնն է եւ նոյնն ալ կը մնայ: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ որքանո՛վ ճիշդ էր ՀՅԴ-ի որդեգրած գիծը»:
Դ. Իշխանեան նշեց, որ ժամը 12:00-ի դրութեամբ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը տուած է պաշտօնական տեղեկատուութիւն, որ կայ մօտաւոր 18 առ հարիւր մասնակցութիւն: «Յատուկ աղաղակող երեւոյթներ չկան: Մենք մնայուն կապի մէջ ենք շրջանային մեր ընտրական գրասենեակներուն, ընտրական յանձնախումբի մեր անդամներուն հետ. որեւէ յատուկ մտահոգող փաստեր, գոնէ այժմ, չկան», ըսաւ ան:
Ըստ Իշխանեանի, շատ կարեւոր են դիտորդական առաքելութեամբ Արցախի մէջ գտնուող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչներու տեսակէտները, որոնք հանրաքուէի արդիւնքներէն ետք պիտի ներկայացուին: «Նախքան այդ տեսակէտներուն հրապարակումը` արդէն իսկ անոնց ներկայութեան փաստը պիտի արձանագրենք, որ շատ կարեւոր է յատկապէս վերջին շաբաթներուն` Ալեքսանտր Լափշինի հետ տեղի ունեցած դէպքին առնչութեամբ», ըսաւ ան, ապա աւելցուց. «Դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող տարբեր երկիրներու ներկայացուցիչները անգամ մը եւս իրենց պատկերացումները, իրենց համոզումները պիտի յստակեցնեն անկախ Արցախի Հանրապետութեան ներկային, ինչու չէ` նաեւ ապագային մասին»: