Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէ` Արցախի Մէջ. «Արցախը Պիտի Շարունակէ Ժողովրդավարական Արժէքներու Կողմնակից Մնալ» Կ՛ըսէ Բակօ Սահակեան

Փետրուար 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի 3/3 ընտրական տեղամասին մէջ տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան: 20 փետրուարին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախագահ Սահակեան ըսաւ. «Այսօր մեր ազգային- ազատագրական շարժման եւ պետականութեան վերակառուցման սկիզբն է: Ասիկա յառաջընթաց մըն է մեր պետականաշինութեան առումով»:

Նախագահին համաձայն, անցնող տարիները լաւագոյն ապացոյցն են այն իրողութեան, որ Արցախը ճիշդ ճամբու վրայ է, իսկ սահմանադրական հանրաքուէով Արցախի քաղաքացիները իրենց հաւատարմութիւնը կը յայտնեն այն արժէքներուն, որոնցմով առաջնորդուած են այս տարիներուն ընթացքին:

«Վստահ եմ, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցած է ազգային-ազատագրական պայքարի տարիներուն, պատճառ դարձած է գերութենէն ազատելու եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին անձամբ տնօրինենք մեր ապագան եւ ճակատագիրը, եւ հաստատուն քայլերով ընթանանք մեր երազած ապագային ուղղութեամբ», շեշտեց Սահակեան:

Ան ըսաւ, որ այս նախաձեռնութեան նպատակը շատ պարզ է, եւ մեկնաբանողները ո՛չ միայն սխալ են, այլեւ ազնիւ չեն: «Այս քայլով մենք կը հետապնդենք մեր երկրի զարգացման եւ շէնացման համար լրացուցիչ կարելիութիւններ ստեղծելու նպատակը: Սահմանադրական բարեփոխումները ոչ թէ մէկ անձի նպատակները երաշխաւորելու համար են, այլ կոչուած են իրաւական մշակոյթի պայմաններուն մէջ տուեալ երկրի կեանքը կառուցելուն», նշեց նախագահը:

Նախագահ Սահակեան դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն միջազգային հանրութեան ներկայացուած հերթական յայտն է, որ Արցախը պիտի շարունակէ ժողովրդավարական արժէքներու կողմնակից մնալ: «Մենք պիտի շարունակենք մեր աշխատանքներուն մէջ հետեւողական ըլլալ: Կը կարծեմ, որ բոլոր անոնք, որոնք նախապէս եւ այսօր կարելիութիւն ունեցած են դիտորդական առաքելութիւն կատարելու, վստահ են, որ մենք այդ սկզբունքներէն չենք հրաժարած: Մենք եղած ենք եւ պիտի շարունակենք մնալ ժողովրդավարական արժէքներուն եւ ազատ երկիրներուն մէջ ապրելու կողմնակիցներ», ըսաւ Բակօ Սահակեան:

Իր կարգին, Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Արցախը ժողովրդավարութեան առումով չի զիջիր որեւէ այլ պետութեան:

«Հայաստանի եւ Արցախի սահմանադրութիւններուն միջեւ որոշ տարբերութիւններ կան: Հայաստանի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը վարչապետը պիտի ըլլայ, իսկ Արցախի մէջ` նախագահը: Իսկ խորհրդարանականութեան առումով Արցախի խորհրդարանին բաւական մեծ լիազօրութիւններ տրուած են», նշեց Արա Յարութիւնեան:

Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութեան` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը մասնաւորապէս նշեց. «Փետրուար 1988 թուականէն ի վեր գիտէինք, որ միջազգային հանրութեան առնչուած բարդ խնդիրներ պիտի ունենանք: Ամէնէն կարեւորը այն է, որ մենք այս սահմանադրական փոփոխութիւնները նախ եւ առաջ մեզի համար  կ՛ընենք, որպէսզի կարենանք կառուցել այնպիսի երկիր, ուր ապրիլը հաճելի ըլլայ», ըսաւ Ա. Յարութիւնեան:

Վարչապետը նշեց նաեւ, որ քուէարկելու համար անձնագիրը ներկայացնելու ընթացքին ան յիշած է 1988 թուականը, երբ կ՛երազէին անիկա ունենալ: «Այսօր ո՛չ միայն անձնագիրը ունինք, այլ այդ անձնագիրով կը վկայենք, որ նաեւ ձեւաւորուած պետութիւն ունինք, եւ կարեւորագոյն կէտը այն է, որ երկիրը սահմանադրական բարեփոխումներու կը դիմէ այն նպատակով, որ ժողովրդավարական արժէքները աւելի խորանան», շեշտեց վարչապետ Ա. Յարութիւնեան:

Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան լրագրողներուն ըսաւ, թէ ինչպէս 29 տարի առաջ, այնպէս ալ այսօր արցախցիները կը շարունակեն շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ազատութեան միակ դրօշակակիրը հանդիսանալ: «Այսօր մեր երկրի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը միայն Ազրպէյճանի կողմէ վտանգուած են: Հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ Իլհամ Ալիեւ իր յայտարարութիւններուն ընթացքին այս մասին խորունկ մտածէ», նշեց Աշոտ Ղուլեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ պետական շինարարութիւնը կայուն եւ հետեւողականօրէն յառաջընթաց հոլովոյթ մըն է, որ պարբերաբար թարմանալու կարիք ունի: «Մենք այս տրամաբանութեամբ սկսանք սահմանադրական փոփոխութիւններու հոլովոյթին: Այս փոփոխութիւնները որոշակի կերպով կը վերաբերին երկրի բոլոր մարզերուն` անվտանգութեան ապահովման, ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ կառավարման համակարգերու կատարելագործումին: Այսօր, երբ հանրութեան մէջ մտայ, հասկցայ, որ 29 տարի առաջ արցախցիներու սերունդը առաջին անգամ ազատութեան դրօշը Խորհրդային Միութեան մէջ բարձրացուցած է, եւ մինչեւ այսօր այս շրջանի ժողովուրդը նոյն ժողովրդավարական եւ ազատութեան արժէքներուն դրօշակակիրը կը շարունակէ մնալ, ինչ որ պարտաւորեցնող առաքելութիւն է», ամփոփեց Աշոտ Ղուլեան:

 

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեանը` Արցախի Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Հանրաքուէին Մասին. Դաշնակցութեան Տեսակէտը Նոյնն Է

Յաջորդը

Չելսի Պիտի Երկարաձգէ Քոնթէի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?