«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով, բժիշկ Յարութիւն Նագուլեան «Ազդակ»-ին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ պատրաստուած լոկօ-կրծքանշանը, զոր կը կրէին ժողովրդային ցոյցերու կազմակերպիչները: Թանգարանային իրի նշանակութիւն ունեցող այս խորհրդանիշը գործն է հայրենի գեղանկարիչ Ռուբէն Յովնաթանեանի: