Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 18 փետրուարին ընդունած է Սահմանադրական հանրաքուէի ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Արցախ հասած` Լաթվիոյ, Սլովենիոյ, Իսպանիոյ, Բրիտանիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ եւ Պելճիքայի պատուիրակութիւններու անդամները, որոնց կազմին մէջ էին իրաւագէտներ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
Նախագահը կարեւոր նկատած է արտերկրէն հասած պատուիրակութիւններու դիտորդական առաքելութեան նշանակութիւնը հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու ամրապնդման, տարբեր երկիրներու մէջ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններու ներկայացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման տեսանկիւններէն:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Արցախի Մասին Ճշմարտացի Տեղեկութիւններ`
Պոլիվիացի Երեսփոխաններուն
Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է Պոլիվիոյ Երեսփոխաններու պալատի անդամները:
Հանդիպումներուն ընթացքին արծարծուած են դիտորդական առաքելութեան նշանակութիւնը երկրին համար, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետականաշինութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ղուլեան. «Եւրոպական Խորհրդարանի Ներկայացուցիչները
Յատուկ Նշանակութիւն Կը Հաղորդեն
Արցախի Սահմանադրութեան Հանրաքուէին»
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 19 փետրուարին ընդունած է դիտորդական առաքելութեամբ Արցախ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ Ֆրանք Էնկելը (Լիւքսամպուրկ) եւ Եարոմիր Շթեթինայը (Չեխիա):
Ողջունելով հիւրերը` Աշոտ Ղուլեան ընդգծած է, որ շատ ուրախ է Արցախի բարեկամները տեսնելու այստեղ ոչ միայն դժուարին օրերուն, ինչպէս էր նախորդ տարուան ապրիլը, այլեւ հիմա, երբ Լեռնային Ղարաբաղը կարեւոր քայլ կը կատարէ:
«Եւրոպական խորհրդարանի ներկայացուցիչները յատուկ նշանակութիւն կը հաղորդեն Արցախի Սահմանադրութեան հանրաքուէին», նշած է Աշոտ Ղուլեան: Ֆրանք էնկել եւս երախտագիտութիւն յայտնած է Ազգային ժողովի նախագահին` ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ այս անգամ իրենք լաւ առիթով Արցախ կը գտնուին` այն է` Սահմանադրութեան հանրաքուէն:
Այնուհետեւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանները Ազգային ժողովի նախագահին ուղղած են սահմանադրական բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան, նախագիծին մէջ առաջարկուող կառավարման ձեւի եւ սահմանադրութեան նախագիծի այլ դրոյթներուն վերաբերող հարցումներ:
Հանդիպումի աւարտին խորհրդարանի ղեկավարը յոյս յայտնած է, որ դիտորդական առաքելութեան ընթացքին խորհրդարանականները կը հաւաքագրեն անհրաժեշտ նիւթեր` հետագայ գործունէութեան համար:
Նոյն ծիրին մէջ, օրուան երկրորդ կէսին, Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Էլենի Թէոխարուսը (Կիպրոս) եւ «Համերաշխութեան շարժում» քաղաքական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակի նախագահ Եանիս Սելինոփուլոսը:
Ազգային ժողովի նախագահը բարձր գնահատած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանին ներկայութիւնը Արցախի համար շատ կարեւոր իրադարձութեան` յոյս յայտնելով, որ Սահմանադրութեան հանրաքուէի մասին երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ յառաջ տանիլ միացեալ քննարկումներու օրակարգը:
Ողջունելով խորհրդարանի նախագահը` Էլենի Թէոխարուսը սահմանագիծի այցելութեան իր տպաւորութիւնները կիսած է եւ նշած, որ տպաւորուած է զինուորներու ոգիով:
«Այստեղ ես կը տեսնեմ բարգաւաճում եւ յառաջընթաց: Եւ հպարտ եմ Ղարաբաղի իշխանութիւններուն համար, քանի որ անոնք ջանք չեն խնայեր ժողովուրդին կենսամակարդակը բարձրացնելու եւ պետութիւնը զարգացնելու համար», նշած է Էլենի Թէոխարուս:
Խօսելով Արցախի Հանրապետութեան նոր սահմանադրութեան մասին` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ նոր սահմանադրութեամբ առաջնակարգ տեղ տրուած է անվտանգութեան:
«Ժողովրդավարութիւնը եւ ազատութիւնը պէտք է նախ եւ առաջ պաշտպանուած ըլլան», ընդգծած է խորհրդարանի նախագահը:
«Մարդիկ, որոնք իրենց կեանքը կը զոհաբերեն ազատութեան համար, ամէն ինչ կ՛ընեն նաեւ ժողովրդավարութեան համար», արցախցիներու կամքին մասին կարծիք յայտնած է Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը:
Հանդիպումին խօսուած է նաեւ Կիպրոսի տագնապին վերջերս արձանագրուած տեղաշարժերուն եւ սպասումներուն մասին:
Միւս կողմէ, 19 փետրուարին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան ընդունած է Աբխազիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ժողովրդական ժողովի փոխնախագահ Էմմա Կամիսոնիան եւ երեսփոխաններ` Ախրա Պաչուլիանն ու Լեւոն Գալստեանը, որոնք Ստեփանակերտ եկած են Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծի հանրաքուէին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրերը` Աշոտ Ղուլեան նշած է, որ այս տարիներուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բաւական դրական տեղաշարժ արձանագրած են: «Մենք անընդհատ նոր տարբերակներ կ՛որոնենք` հետագայ մեր համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ, եւ այդ առումով լաւ հեռանկար ունինք», ընդգծած է Ազգային ժողովի նախագահը: Աբխազիոյ Ժողովրդական ժողովի փոխնախագահ Էմմա Կամիսոնիան` պատուիրակութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնելով արցախցիներուն ջերմ ընդունելութեան համար` խորհրդարանի ղեկավարին փոխանցած է Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպայի եւ խորհրդարանի նախագահ Վալերի Պկանպայի ողջոյններն ու յանձնած Աբխազիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու հրաւէրը: «Ես կը կարծեմ, որ դուք լուրջ ժողովրդավարական քայլ կատարած էք:
Ձեր երկրին մէջ բարձր քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորուած է, որ անգամ մը եւս կը փաստէ, որ դուք քայլ առ քայլ կը լուծէք ձեր պետական կարեւորագոյն հարցերը: Այն հիմնարկները, որոնք մենք եւ դուք կը ստեղծենք` ուղղուած են մեր ժողովուրդին եւ մեր երկիրներուն զարգացման», ըսած է Էմմա Կամիսոնիան: Աբխազիոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան Լեւոն Գալստեան, անդրադառնալով Արցախի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին դրական գնահատած է:
«Մեծ ուշադրութեամբ հետեւած ենք այստեղ տեղի ունեցող սահմանադրական հոլովոյթին, եւ պէտք է ըսեմ, որ բաւական դրական կը գնահատենք զայն` հաշուի առնելով, որ այդ ամբողջ ընթացքին ներգրաւած էք հասարակութեան լայն շրջանակներ», աւելցուցած է Լեւոն Գալստեան: «Վստահ ենք, որ ձեր հանրապետութիւնը մեծ յաջողութիւններու պիտի հասնի, քանի որ ժողովրդավարական արժէքներու մեծ զարգացում ու աճ կը նկատենք: Կը կարծեմ` ձեր փորձը օգտակար պիտի ըլլայ նաեւ մեզի համար», նշած է Աբխազիոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան Ախրա Պաչուլիան:
Այնուհետեւ, խորհրդարանականներուն խնդրանքանքով, Աշոտ Ղուլեան անդրադարձած է Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան նախագիծի առանձին դրոյթներուն եւ Աբխազիոյ մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ ազգային ժողովի ընկերային եւ առողջապահութեան հարցերու մնայուն յանձնախումբի անդամ Լիւտմիլա Բարսեղեան:
Արժանթինցի Երեսփոխանն Ու Ուրուկուէյցի Իրաւապաշտպանը
Մեկնած Են Արցախ` Ներկայ Գտնուելու Սահմանադրական Հանրաքուէին
Արժանթինցի երեսփոխան Պրենտա Աուսթին եւ ուրուկուէյցի իրաւապաշտպան ու փաստաբան Օսքար Լոփես Կոլտարասենա մեկնած են Արցախ` իբրեւ դիտորդ ներկայ գտնուելու 20 փետրուարին տեղի ունենալիք սահմանադրական հանրաքուէին:
«Փրենսա Արմենիա գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հարաւամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Պուենոս Այրեսի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Նիքոլաս Սապունճեան:
Յայտնի իրաւապաշտպան Լոփես Կոլտարասենա Ուրուկուէյի մէջ նախաձեռնած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով համաժողովի, որ կը միաւորէ օրէնսդիրներ, ակադեմիկոսներ եւ հասարակական գործիչներ, որոնց նպատակն է աջակցիլ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ տագնապի խաղաղ լուծման:
Արցախ մեկնելէ առաջ արժանթինցի երեսփոխանը Հայաստանի մէջ հանդիպում ունեցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ եւ անոր հետ քննարկած Արժանթինի մէջ հայ համայնքին վերաբերող հարցեր է: