Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարգանքի Տուրք` Արթուր Մկրտչեանի Յիշատակին

Փետրուար 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

16 փետրուար 2017-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանը պիտի ըլլար 58 տարեկան: Արթուր Մկրտչեան ընդամէնը 32 տարեկան էր, երբ ընտրուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ, եւ 33 տարեկան, երբ քունքին արձակուած կրակոցը վերջ դրաւ այդ կարճ, բայց պայծառ կեանքին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Արթուր Մկրտչեանի ծննդեան օրը բազմաթիւ մարդիկ ներկայ էին անոր գերեզման-յուշաքարին մօտ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն, Ստեփանակերտի «Արթուր Մկրտչեան» կոմիտէութեան անդամներ, պետական պաշտօնեաներ, պատգամաւորներ եւ հարազատներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ա. Մկրտչեանի շիրիմին:

«Մենք օրըստօրէ կը փորձենք մօտենալ այն երազած երկրին, որ իր մէջ ունէր Արթուր Մկրտչեան: Իբրեւ մեր պետականութեան խորհրդանիշ` Արթուր Մկրտչեան ունէր մեր երկրի ապագայի տեսլականը», նշած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան եւ աւելցուցած, որ այդ առումով մենք տակաւին շատ ընելիքներ ունինք:

Ա. Մկրտչեանի մասին խօսելով` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան ըսաւ. «Ժամանակը իր հերոսները կը ծնի, մեր ազատագրական պայքարի բովին մէջ  ծնան գործիչներ, որոնք խոր հետք ձգեցին մեր պատմութեան մէջ: Այդ գործիչներէն մէկը Արթուր Մկրտչեանն է: Այսօրուան տեսանկիւնէն դիտելով` դիւրին կը թուի այդ բոլորը ընել, բայց բաւական դժուար գործի  ձեռնարկեցին. ազգային-ազատագրական պայքար, պետութեան կերտում, զարգացում: Խորհրդային Միութեան նման կայսերապաշտական միտումներ ունեցող երկրի մը սահմաններուն, ազրպէյճանական բռնատիրութեան պայմաններուն մէջ ատիկա կարծես անկարելի էր, բայց Արթուր Մկրտչեանի նման գործիչներ ծնան, եւ  ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ, որ յաղթահարէ այդ դժուարութիւնները: Եւ  ամէն անգամ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելով Մկրտչեանին, մենք կը հաստատենք մեր հաւատարմութիւնը այն գործին, որ սկսած է 1988-ին»:

Նշենք, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեան երկրորդ հայկական պետութիւնը ղեկավարած է միայն 97 օր, սակայն անոր կեանքի ուղին եւ ճակատագիրը այնպիսի անջնջելի հետք ձգեցին հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ, որ միայն երեք ամիսէն նուազ  պաշտօնավարած ըլլալով հանդերձ, անոր անունը յաւիտեանս կը մնայ  ժողովուրդին յիշողութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Համամասնական Ցուցակի Յառաջատար Կին Թեկնածու Արմենուհի Կիւրեղեան. «Գիտութիւնը Եւ Քաղաքականութիւնը Կը Լրացնեն Զիրար»

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբին Ներկայացուց Իր Ցուցակը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ  Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր»  Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը
Հայկական

«Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանը Կը Դիտարկէ Իբրեւ Վստահելի Եւ Արժանահաւատ Գործընկեր» Կ՛ըսէ Եւրոպական Յանձնաժողովի Ներկայացուցիչը

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?