Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յատուկ Ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայը: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հիւրը եւ ընդգծած, որ նման այցելութիւններ լաւ առիթներ են քննարկելու ՕԹԱՆ-Հայաստան գործակցութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ միտքեր փոխանակելու շրջանային եւ միջազգային զարգացումներու վերաբերեալ: Նախագահ Սարգսեան ջերմութեամբ յիշած է 24 փետրուարին ՕԹԱՆ-ի կեդրոնակայանին մէջ ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ ունեցած...




















