Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ.  Պաքու Կը Կրակէ ԵԱՀԿ-ի Ուղղութեամբ.  Հասցէականէն Դէպի Պատժելիութիւն  Անցումի Անհրաժեշտութիւնը

Ակնարկ. Պաքու Կը Կրակէ ԵԱՀԿ-ի Ուղղութեամբ. Հասցէականէն Դէպի Պատժելիութիւն Անցումի Անհրաժեշտութիւնը

Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ միանգամայն երեք եւ ապա չորրորդ զոհ տալը ցնցիչ է անշուշտ եւ խորագոյն ցաւի կ՛առաջնորդէ համայն հայկական աշխարհը: Վերջին շրջանին նկատելի էր, որ շփման գիծի երկայնքին հայկական կողմը դիրքերը օժտած էր ռազմական արհեստագիտութեան համարժէք սարքերով, պաշտպանունակութեան աստիճանաչափը բարձրացնող եւ հակառակորդի շարժումներուն մինչեւ խորերը դիտարկող տեսանելիութեան գործիքակազմերով: Այս իրողութիւններուն իբրեւ անմիջական արդիւնք զգալիօրէն չէզոքացուած էր թշնամիի ոտնձգութիւններուն...

Հայաստանի Հանրապետութեան  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն.  «Իրավիճակի Սրումը Համանախագահ  Երկիրներուն Նետուած  Հերթական Մարտահրաւէրն Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Իրավիճակի Սրումը Համանախագահ Երկիրներուն Նետուած Հերթական Մարտահրաւէրն Է»

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը  տարածած է յայտարարութիւն մը ուրբաթ եւ շաբաթ Արցախի մէջ  հակառակորդին կողմէ իրականացուած գործողութիւններուն վերաբերեալ: «Մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ շփման գիծին մէջ ազրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ  իրականացուած զինադադարի կոպտագոյն խախտումներուն պատճառով զոհուած զինուորներու հարազատներուն եւ  ծառայակիցներուն: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները իրենց վերջին յայտարարութեան մէջ դատապարտեցին զինադադարի խախտումները` մատնանշելով, որ Ազրպէյճանն է...

Արցախի Մէջ 20-Ամեայ  Զինուոր Մը Եւս` Զոհուած.  Չորս Նահատակները Յետմահու  Պարգեւատրուեցան  «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով

Արցախի Մէջ 20-Ամեայ Զինուոր Մը Եւս` Զոհուած. Չորս Նահատակները Յետմահու Պարգեւատրուեցան «Մարտական Ծառայութիւն» Մետալով

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ շաբաթ, 17 յունիսի առաւօտեան Ազրպէյճանը Արցախի հիւսիսային ուղղութեամբ դիմած է հերթական սադրանքի, որուն պատճառով մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պաշտպանութեան բանակի զինուոր, 1997-ի ծնունդ Նարեկ Գասպարեանը: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսելով կորստեան ծանր վիշտը, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն եւ կը վստահեցնէ, որ միջազգային համապատասխան...

Նախագահ Բակօ Սահակեան` Սահմանագիծէն.  «Նման Յանցագործութիւններ Անպատիժ Պիտի Չմնան»

Նախագահ Բակօ Սահակեան` Սահմանագիծէն. «Նման Յանցագործութիւններ Անպատիժ Պիտի Չմնան»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 յունիսին  այցելած է հանրապետութեան արեւելեան սահմանագիծի հատուածներէն մէկը, ծանօթացած տիրող իրավիճակին եւ ծառայութեան ընթացքին: Զօրամասերէն մէկուն հրամանատարական կազմին հետ հրաւիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին նախագահը անդրադարձած է Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտման վերջին դէպքերուն` զանոնք որակելով ահաբեկչութիւն եւ միջազգային իրաւունքի կոպտագոյն խախտում: Երկրին ղեկավարը ընդգծած է, որ նման յանցագործութիւններ  անպատիժ պիտի չմնան: Նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Լեւոն...

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան  Քաթար Այցելած Է

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Քաթար Այցելած Է

18 յունիսին կարճատեւ աշխատանքային այցելութեամբ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը հանդիպում ունեցած է Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր քաթարցի գործընկերոջ յանձնած է իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիին ուղղուած Հայաստանի  Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը: Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի`...

Արցախի Մէջ 3 Նահատակ` Հակառակորդին  Կրակոցներուն Պատճառով

Արցախի Մէջ 3 Նահատակ` Հակառակորդին Կրակոցներուն Պատճառով

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն հաղորդած են, որ 16 յունիսին` ժամը 18:05-ի շուրջ, հակառակորդը հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետեր արձակելով խախտած է զինադադարի պահպանման դրութիւնը` բանակի կեդրոնական ենթակայութեան զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին ուղղութեամբ կրակելով եւ սպաննելով զինուորներ Արայիկ Ռուդիկի Մատինեանը, Վիգէն Ժիրայրի Պետրոսեանը եւ Վարդան Ծովակի Սարգսեանը (բոլորն ալ` 1997-ի ծնունդ): Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն: Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը...

«Պէտք Է Համաձայնիլ Այնպիսի Նախագահի Մը Շուրջ,  Որ Նպատակներ Ունի Եւ Սահմանադրութիւնը Կը Յարգէ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Բագրատունի Կը Պահանջէ Աւետարանականներու Աթոռի Փոխադրութիւնը Պէյրութ Ա. Եւ Արտերկրի Մէջ Հայ Աթոռի Յաւելումը

Խորհրդարանի նիստի ընթացքին խօսք առնելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Ի վերջոյ հասանք համաձայնութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքի մը, որ դժբախտաբար կը մեկնի Լիբանանի համայնքային դրութենէն: Հասանք օրէնքի մը, որուն հիմնական նպատակն էր երկրին խնայել պարապութիւնը»: Ան շարունակեց. «Մեկնելով արդարութեան եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութեան սկզբունքէն, եղան ընտրատարածքներու նոր դասաւորումներ, որոնց կարգին Պէյրութ, որ վերագտաւ անցեալի վիճակը` թէկուզ ձգելով համայնքային բաժանումի տպաւորութիւն: «Այս...

Խորհրդակցութիւն` Նուիրուած Հայաստան –  Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Նախապատրաստութեան

Խորհրդակցութիւն` Նուիրուած Հայաստան – Սփիւռք 6-րդ Համաժողովի Նախապատրաստութեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նստավայրին մէջ տեղի  ունեցած է խորհրդակցութիւն` Հայաստան-սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները քննարկելու նպատակով: Ընդգծելով, որ Հայաստան-սփիւռք նախորդ խորհրդաժողովը տեղի ունեցած է 2014 թուականին, եւ այդ երեք տարիներուն թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի տարբեր գաղութներուն մէջ տեղի ունեցած են զգալի փոփոխութիւններ, ի յայտ եկած են նոր մարտահրաւէրներ եւ կարելիութիւններ` հանրապետութեան նախագահը անհրաժեշտ նկատած է այդ հանգամանքները բազմակողմանիօրէն...

Բակօ Սահակեան. «Արցախի Վերաբերող  Հարցերուն Նկատմամբ Հայկական Քաղաքական  Ուժերը Միասնականութեամբ Հանդէս Կու Գան»

Բակօ Սահակեան. «Արցախի Վերաբերող Հարցերուն Նկատմամբ Հայկական Քաղաքական Ուժերը Միասնականութեամբ Հանդէս Կու Գան»

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 16 յունիսին ներկայ գտնուած է Ստեփանակերտի մէջ սկսած Հայկական քաղաքական կուսակցութիւններու երրորդ ֆորումի բացման արարողութեան եւ արտասանած ողջոյնի խօսք մը` ողջունելով Արցախի տագնապին գծով քաղաքական ուժերուն դրսեւորած միացեալ կեցուածքը: «Քաղաքական նման համաժողովները լաւ հարթակ են հայոց պետականաշինութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, համաշխարհային ու շրջանային զարգացումներուն վերաբերող տարբեր հարցեր քննարկելու եւ անոնց առնչութեամբ աւելի խոր պատկերացում կազմելու»,...

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներ»  Աշխատանոցի Մասնակիցներուն  Նուիրուած Գնահատանքի Երեկոյ

«Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներ» Աշխատանոցի Մասնակիցներուն Նուիրուած Գնահատանքի Երեկոյ

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին, երէկ` ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցի մասնակիցներուն ի պատիւ գնահատանքի երեկոյ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Սրբուկ Ճենանեան, որ անդրադարձաւ 30 ապրիլին տեղի ունեցած «Փոքրիկ լրագրողներ» աշխատանոցին, որուն մասնակից 92 փոքրիկները գնահատելու նպատակով կազմակերպուած էր այդ հաւաքը: Ան դիտել տուաւ, որ աշխատանոցին նպատակն էր...

Հայաստան Մտադիր Է Ընդլայնելու  Զինուորական Արտադրութեան Տեսականին

Հայաստան Մտադիր Է Ընդլայնելու Զինուորական Արտադրութեան Տեսականին

Հայաստան մտադիր է ընդլայնելու ներհանրապետական զինուորական արտադրութեան տեսականին եւ Հայաստանի զինուած ուժերն ու այլ զօրքերը ապահովելու ժամանակակից սպառազինութեամբ եւ զինուորական սարքերով: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հաստատած է «Ռազմարդիւնաբերական եւ զինուորական արհեստագիտութեան ռազմավարութիւնը հաստատելու մասին» Հայաստանի նախագահի 31 յունուար 2017-ի կարգադրութեան կիրարկումը ապահովող միջոցառումներու ծրագիրը, կը յայտնէ «Այսօր»: Նախագիծը կառավարութեան ներկայացուցած է Հայաստանի  պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Նախագիծին համաձայն, որոշումին ընդունումը պիտի...

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Եւրոպական  Համարկումի Հարցերու Մնայուն Յանձնախումբը  Երկար Դադարէ Ետք Նիստ Գումարած Է

Հայաստանի Ազգային Ժողովի Եւրոպական Համարկումի Հարցերու Մնայուն Յանձնախումբը Երկար Դադարէ Ետք Նիստ Գումարած Է

15 յունիսին Նայիրա Զոհրաբեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցած է  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնախումբի արտահերթ նիստը: Քննարկուած է «Քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ ազատութենէ զրկուած անձերու առողջութեան պահպանման իրաւունքի ապահովման վերաբերեալ» Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հրապարակային զեկուցումը: Հայաստանի Ազգային ժողովի եւրոպական համարկումի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Նայիրա Զոհրաբեան նշած է, որ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի զեկուցումին  վերաբերեալ վերապահումներ ներկայացուցած...

Հանդիպումներ Ֆրանսախօս  Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ

Հանդիպումներ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Ֆրանսախօս երկիրներու ընդհանուր քարտուղարի գրասենեակի տնօրէն Ժան Լուի Աթանկանա Ամուկունուն: Վարչապետը կարեւոր նկատած է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան եւ անդամ պետութիւններու հետ համագործակցութեան զարգացումը եւ անդրադարձած 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` իր գլխաւորութեամբ ստեղծուած է...

Սին Էլ Ֆիլի Հայութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Երեսփոխան Բագրատունի Շեշտեց,  Որ Մեզ Միացնողը Հայկականութիւնն Է

Սին Էլ Ֆիլի Հայութեան Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Երեսփոխան Բագրատունի Շեշտեց, Որ Մեզ Միացնողը Հայկականութիւնն Է

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունիս երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Պլու Ճինզ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` Սին էլ Ֆիլ շրջանի հայ բնակիչներուն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի միջեւ: «Դրօ» կոմիտէին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Հրատ Պէպէճեան: Ան ըսաւ, որ հանդիպումը առիթ մըն է, որ կապ մը հաստատուի եւ կազմուի այն...

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան»  Ցուցասրահին Մէջ.  Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան  «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ. Արուեստագէտ Միրէյ Կոկիկեան «Երազէն Անդին» Խորագիրով Ցուցահանդէսի Բացում

Հովանաւորութեամբ «Պի. Էլ. Սի.» դրամատան տնօրէն Մորիս Սահնաուիի, երէկ` հինգշաբթի, 15 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Միրէյ Կոկիկեանի «Երազէն անդին» խորագիրը կրող անհատական ցուցահանդէսին բացումը: Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի անձնակազմէն Անժելա Տաղլեան անգլերէնով եւ հայերէնով արտասանած բարի գալուստի իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Կոկիկեան իր մասնակցութիւնը բերած է աւելի քան 50 հաւաքական եւ...

Խմբագրական.  Ոդիսականը Աւարտա՛ծ Է. Լիբանանը  Կը Թեւակոխէ  Նոր Ընտրակարգով Յատկանշուող  Նախապատրաստութեան Փուլ

Խմբագրական. Ոդիսականը Աւարտա՛ծ Է. Լիբանանը Կը Թեւակոխէ Նոր Ընտրակարգով Յատկանշուող Նախապատրաստութեան Փուլ

Երկարատեւ բանակցութիւններէ, ձգձգումներէ եւ պարանաձգութիւններէ ետք, Լիբանանը բաղկացնող հիմնական ուժերը յաջողեցան ընտրական նոր օրինագիծի մը շուրջ համաձայնութեան գալ: Ընտրական նոր օրինագիծի ոդիսականին այս աւարտը ընտրաքաղաքական որոշ դիտարկումներ կը հրաւիրէ իր վրայ: Ըստ էութեան համաձայնեցուած տարբերակը ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն է: Նոր օրինագիծէն կամ նորացուած օրէնքէն աւելի ընտրակարգի հիմնական փոփոխութիւն է արձանագրուածը թէ՛ նոր ընտրաշրջաններու բաժանումով եւ թէ՛ մանաւանդ բոլորովին նոր ընտրահամակարգի...

Համամասնական Ընտրական Օրէնքին  Հիման Վրայ Երեսփոխանական Յաջորդ  Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին 6 Մայիս 2018-ին

Համամասնական Ընտրական Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Յաջորդ Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին 6 Մայիս 2018-ին

Լիբանան պաշտօնապէս ունեցաւ ընտրական նոր օրէնք մը, որ կառավարութեան կողմէ վաւերացուեցաւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ցուցաբերած ազգային համախոհութեամբ: Համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած եւ Լիբանանը 15 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական նոր օրէնքի վաւերացման հոլովոյթին մասին վերապահութիւն յայտնեցին նախարարներ Ալի Քանսօ, Թալալ Արսլան եւ Եուսեֆ Ֆընիանոս: Հետեւաբար 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք Լիբանան 11 ամիս ետք` 6 մայիս 2018-ին, համամասնական օրէնքի հիման վրայ պիտի կատարէ...

Հայաստանի Եւ Տաճիկիստանի Միջեւ Համագործակցութեան Շարք Մը  Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Հայաստանի Եւ Տաճիկիստանի Միջեւ Համագործակցութեան Շարք Մը Փաստաթուղթեր Ստորագրուած Են

Երէկ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Տաճիկիստանի նախագահին: Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ Հայաստանի եւ Տաճիկիստանի նախագահներու առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցած է  ընդլայնուած կազմով հանդիպում` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներուն մասնակցութեամբ: Բարձր մակարդակի բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ընդունուած է Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնի` Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարած պաշտօնական այցելութեան  արդիւնքներուն  վերաբերեալ միացեալ յայտարարութիւն, նաեւ ստորագրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Տաճիկիստանի Հանրապետութեան միջեւ շարք...

Վարդանեան. «Կառավարութեան Նոր Ծրագիրը  Իր Յստակութեամբ, Չափելիութեամբ  Կը Տարբերի Նախորդներէն»

Վարդանեան. «Կառավարութեան Նոր Ծրագիրը Իր Յստակութեամբ, Չափելիութեամբ Կը Տարբերի Նախորդներէն»

ՀՅԴ-ն արդէն ծանօթացած է Հայաստանի կառավարութեան նոր ծրագիրին  աշխատանքային տարբերակին, եղած են քննարկումներ: ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանի գնահատումով, կազմուած է համապարփակ եւ շատ մանրակրկիտ ծրագիր` յստակ ժամանակացոյցով, ժամկէտներով, ոլորտային յստակ առաջադրանքներով: «Խորապէս համոզուած եմ, որ ասիկա յաւակնոտ, լուրջ առաջադրանքներ պարունակող ծրագիր է, թէ տարի առ տարի ո՛ր մարզին մէջ ի՛նչ պէտք է կատարուի», երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ...

Կիպրոսի Նախագահը Անթիլիասի Մէջ.  Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիպրական Ու Հայ Դատերը  Նոյն Նպատակը Ունին`  Արդարութիւնը, Եւ Նո՛յն Հասցէն` Թուրքիան»

Կիպրոսի Նախագահը Անթիլիասի Մէջ. Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կիպրական Ու Հայ Դատերը Նոյն Նպատակը Ունին` Արդարութիւնը, Եւ Նո՛յն Հասցէն` Թուրքիան»

Երէկ` չորեքշաբթի, 14 յունիս 2017-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատես: Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի արտաքին գործոց, ներքին գործոց, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ: Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը: Հանդիպման ներկայ էին Օշական արք. Չօլոյեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Շահէ եպս....

Page 624 of 796 1 … 623 624 625 … 796

Արխիւներ