Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզին Վերաբերող Պետական Նոր Օրէնքներու, Դրամատնային Յատուկ Վարկերու, Տեղական Արտադրութիւնները Քաջալերող Յատկացումներուն Մասին Հանդիպում-Զրոյց

Օգոստոս 10, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան հրաւէրով, երէկ` չորեքշաբթի, 9 օգոստոս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց մը, զոր վարեց եւ զեկուցումով հանդէս եկաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն` ան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել պետական նոր օրէնքները, որոնք կը նպաստեն ճարտարարուեստի մարզի զարգացման եւ ամրապնդման, անդրադառնալ այն քայլերուն ու ծրագիրներուն, որոնք կը միտին քաջալերել ճարտարարուեստը: Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ հայկական միջավայրին մէջ տարածուած է այն երեւոյթը, որ գործի ձեռնարկողները պետական մարմիններէն հեռու կը մնան, այդ պատճառով ալ կ’աշխատին սեղմ շրջագիծի մէջ, մինչդեռ կան կարգ մը օրէնքներ, կարելիութիւններ եւ առիթներ, որոնք լայն հորիզոններ կը բանան երիտասարդներուն դիմաց, որպէսզի անոնք յառաջանան ու յառաջդիմեն: Նազարէթ Սապունճեան նաեւ շեշտեց, որ հաւաքին նպատակն է Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան գործունէութիւնը ներկայացնել:

Նազարէթ Սապունճեան                                  Լորանս Թիւֆէնքճեան

Զրոյցին մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ, ընդհանուր քարտուղար Խալիլ Շըրրի եւ տնօրէն Թալալ Հիժազի, ընկերակցութեան վարչութեան անդամ Լորանս Թիւֆէնքճեան,  Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի վարչութեան փոխնախագահ Ղազի Եահիա, Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ ընդհանուր համակարգող շէյխ Սայիտ Համատէ:

Հանդիպումին առաջին խօսք առնողը եղաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան կարեւորութեան` դիտել տալով, որ բոլորին համար պարզ է, թէ լիբանանեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ եւ մակարդակներուն վրայ բազում դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ կան, սակայն պէտք է միշտ ունենալ հաւատքը եւ շարունակել պայքարը` աւելի լաւ երկիր մը ունենալու: Անոր համաձայն, թէեւ նախորդ ժամանակաշրջաններուն փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ ճարտարարուեստի, երկրագործութեան, զբօսաշրջութեան մարզերուն վերաբերող ծրագիրները սովորաբար կը մնան դարակներու մէջ, սակայն այս մարզին մէջ գործողները կը պայքարին գոյատեւելու եւ Լիբանանի մէջ մնալու համար:

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ այսօր տեղի ունեցող ապահովական դէպքերուն եւ կռիւներուն գծով լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ տարակարծութիւններ կան` Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, թէ իւրաքանչիւր լիբանանցի քաղաքացի ինքնին դիմադրող մըն է, սիւն մըն է մղուող ճակատամարտին մէջ` խրամատներուն մէջ ըլլայ կամ ոչ: Ուստի, ան կարեւոր նկատեց միասնաբար ծրագրել, խորհրդակցիլ ու աշխատիլ, որպէսզի կերտենք այնպիսի ներկայ մը, որ ապագայ սերունդներուն համար նպաստաւոր ըլլայ: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը Լիբանանի մէջ կը մնայ, կը գործէ եւ կը պայքարի հաւատքով եւ իր հայրենիքին նկատմամբ սիրով:

Ապա Յակոբ Բագրատունի հայերէնով հակիրճ խօսք մը արտասանելով լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Լիբանանին ծառայելու կարեւորութեան կողքին, իբրեւ հայեր առանցքային է լիբանանահայութեան եւ անոր գոյերթին համար աշխատիլ, որովհետեւ եթէ այս գաղութը տկարանայ, կը տկարանան նաեւ Հայաստանը, Արցախն ու մեր միւս գաղութները: Խօսքը գործարարներուն եւ ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող ներկաներուն ուղղելով` Յ. Բագրատունի անոնցմէ իւրաքանչիւրը նկատեց հիմնական սիւն մը գաղութի շէնքը կանգուն պահող. ան շեշտեց, որ պայքարը յաջողութեամբ կարելի է պսակել, երբ անիկա կը տարուի հաւաքաբար, միասնականութեամբ եւ հաւաքական շահերուն ի խնդիր, որովհետեւ անհատական յաջողութիւնները առանձինն բաւարար չեն գաղութի գոյատեւումը երաշխաւորելու: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը հաստատեց, որ իրենց գրասենեակները միշտ բաց են ծառայութիւն մատուցելու` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարելու եւ ներկայութիւն ըլլալու համար բոլորս կարիք ունինք իրարու, բոլորս պէտք է օգտուինք մէկզմէկու փորձառութենէն: Իր խօսքը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ հպարտութիւն է գիտնալ, թէ լիբանանահայ տիպար քաղաքացիի դրօշակակիր է իւրաքանչիւր գործարար ու ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործող, որ իր ճակտի քրտինքով մասնակից դարձած է Լիբանանի բարգաւաճման ու շէնացման:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան նախագահ Ֆատի Ժեմայէլ, որ դիտել տուաւ, թէ այս կառոյցը կը փորձէ կարելի եղած չափով հարթել առկայ խոչընդոտները, երիտասարդներուն առիթներ ստեղծող մարզերուն մէջ պաշտպան հանդիսանալ անոնց, հզօրացնել ճարտարարուեստը, նեցուկ ու պահանջատէր ըլլալ այս մարզին մէջ գործողներուն իրաւունքներուն, թափ տալ արտադրութեան ու արտածումներուն: Ֆ. Ժեմայէլ շեշտեց, որ վերջին հանգրուանին նախագահն ու վարչապետը յատուկ կերպով անդրադարձան ճարտարարուեստի մարզին կարեւորութեան եւ հաստատեցին, որ պէտք է անոր նեցուկ կանգնիլ` յոյս յայտնելով, որ տրուած խոստումները իրականանան:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ Պուրճ Համուտը կեդրոնն է տարբեր ճարտարարուեստներու` կոչ ուղղելով գործարարական տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու շրջանին մէջ եւ խոստանալով առաւելագոյն չափով օժանդակել հարցերու լուծման:

Խալիլ Շըրրի                                                    Դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան

Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալիլ Շըրրի շեշտեց, որ հայերը լիբանանցիներուն սորվեցուցած են ճարտարարուեստը եւ մինչեւ օրս անոնք կը շարունակեն յառաջատար մնալ, ուստի կարելի է միայն հպարտանալ հայերու ներդրումով եւ հաւատարմութեամբ: Ան նշեց, թէ մինչեւ օրս պետական իմաստով անտեսում կար այս մարզին նկատմամբ, սակայն այսօր կան նոր օրէնքներ, առիթներ, որոնցմէ պէտք է առաւելագոյնս օգտուիլ, որպէսզի կարելի ըլլայ նորանոր նուաճումներ արձանագրել Լիբանանի համար:

Յաջորդ խօսք առնողն էր Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ դոկտ. Յարութիւն Սամուէլեան, որ անդրադարձաւ իրենց կողմէ տրամադրուող դրամատնային բացառիկ վարկերուն ու դիւրութիւններուն, որոնց կիզակէտն է ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործել ուզողներուն նեցուկ կանգնիլ, կարելիութիւններ ստեղծել: Ապա Ուալիտ Պարաքաթ մանրամասն կերպով ներկայացուց վերոյիշեալ ծրագիրին կէտերն ու բովանդակութիւնը` անդրադառնալով այն քայլերուն, որոնց դիմած է Կեդրոնական դրամատունը 1997 թուականէն մինչեւ օրս` այս մարզին մէջ գործողներուն նեցուկ կանգնելու միտումով:

Ապա հակիրճ խօսքեր արտասանեցին նաեւ Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի վարչութեան փոխնախագահ Ղազի Եահիա եւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ ընդհանուր համակարգող շէյխ Սայիտ Համատէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը անդրադարձաւ իր կառոյցին գործունէութեան ամփոփ պատկերին, ճարտարարուեստի մարզին մէջ գործողներուն համար տրուած կարելիութիւններուն: Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան տնօրէն Թալալ Հիժազի ընդարձակ կերպով անդրադարձաւ իրենց գործունէութեան` շեշտը դնելով այն առաւելութիւններուն վրայ, որոնցմէ կ’օգտուի անձ մը, եթէ մաս կազմէ ընկերակցութեան:

Աւարտին հանդիպում-զրոյցին մասնակիցները պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն, կատարուեցաւ միտքերու փոխանակում:

Նախորդը

Երկրորդ Օր` «Վերանորոգենք Եւ Վերանորոգուինք Մասնակցելով» Միջթեմական Երիտասարդական Համագումարին

Յաջորդը

Սարրաֆ Իրաքցի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Զինուորական Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?