«ՓանԱրմինիըն» կը հաղորդէ, որ Իրանի զբօսաշրջութեան զարգացման ծրագիրին ծիրին մէջ, Թեհրանի կառավարութիւնը 370.000 տոլար յատկացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած հայկական եկեղեցիները վերանորոգելու ջանքերուն:
«Իրանն Այսօր» կը տեղեկացնէ, թէ Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, արհեստներու եւ զբօսաշրջութեան կազմակերպութեան փոխղեկավար Մոհամետ Հասան Թալեպեան ըսած է. «Անհրաժեշտ է պահպանել պատմական եկեղեցիներուն տեսքը, եւ այդ իսկ պատճառով, Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւնը կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը անոնց վրայ կեդրոնացնել` կրօնական արարողութիւններ կազմակերպելով ու վերանորոգման նախագիծեր իրականացնելով»:
Պաշտօնատարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ս. Թադէի վանք այցելութեան ընթացքին:
Նշենք, որ 2008-ին, Ս. Թադէի վանքը, Ս. Ստեփանոս վանքն ու Ձորձոր մատուռը ընդգրկուած էին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ` «Իրանի հայկական եկեղեցիները» ընդհանուր անուան տակ: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն շեշտած էր, թէ այս կառոյցները կ՛ընդգծեն հայկական աւանդութիւններուն հզօրութիւնն ու ուժը:



