Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրան Կոչ Կ՛ուղղէ` Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Լուծելու Երկխօսութեան Ու Բանակցութիւններու Ճամբով» Կ՛ըսէ Քասեմի

Օգոստոս 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի Թեհրանի մէջ տուած շաբաթական մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած է, թէ Իրան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` դիմելու երկխօսութեան ու բանակցութիւններու:

«Մենք հիւսիսը ունինք երկու դրացիներ: Ունինք Ազրպէյճանը, որ իրապէս կարեւոր է մեզի համար, մենք լաւ յարաբերութիւններ ունեցած ենք այդ երկրին հետ: Հայաստանի հետ ալ մենք ունինք բարեկամական եւ սերտ բարի դրացիական յարաբերութիւններ: Տանգապը եւ Ղարաբաղեան հարցին շուրջ անոնց տեսակէտներու տարբերութիւնները արդէն երկար ժամանակէ ի վեր գոյութիւն ունին, եւ մերթ ընդ մերթ լարուածութիւնը կ՛աճի: Մենք յոյսով ենք, որ անոնք կրնան յաղթահարել այն խնդիրները, որոնց կ՛առերեսուին այդ տարածաշրջանին մէջ», նշած է Քասեմի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կրնան օժանդակել տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման: Անոր համաձայն, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կրնան ազդեցութիւն ունենալ աւելի լայն տարածաշրջանի վրայ:

«Մենք ուշադրութեամբ կը հետեւինք տարածաշրջանին մէջ զարգացումներուն, յատկապէս` մեր սահմանային հատուածներուն մէջ: Մենք կը հետեւինք մեր սահմաններուն եւ պիտի չարտօնենք, որ տագնապը վնասէ սահմանային տարածքներու մեր բնակչութեան», ընդգծած է Քասեմի:

Ան աւելցուցած է, որ այս խնդիրին մէջ միշտ առկայ եղած է նաեւ այլ ուժերու միջամտութեան առնչուած մտահոգութիւն:

«Երկու երկիրներուն հետ ալ մենք մնայուն կերպով բանակցած ենք, տեսակէտներ փոխանակած ենք եւ յոյսով ենք, որ ի վերջոյ դիւանագիտութիւնն ու երկխօսութիւնը պիտի գերակայեն այլ մօտեցումներու եւ մեթոտներու», ըսած է Պահրամ Քասեմի:

Նախորդը

Վանի Վարագավանքին Քարերը Կ՛օգտագործուին Մզկիթի Շինութեան

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Ոգեկոչած Են Հիրոշիմայի Եւ Նակազաքիի Հիւլէական Ռմբակոծումի Զոհերուն Յիշատակը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Նոյեմբեր 13, 2025
Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Նոյեմբեր 13, 2025
Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ
Գլխաւոր լուրեր

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?