Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վազգէն Եարտըմեան Այցելեց «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

Օգոստոս 9, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ յետմիջօրէին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան նախկին նախագահ եւ երկար տարիներու անդամ Վազգէն Եարտըմեան:

Եարտըմեան զեկուցեց իբրեւ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան խորհրդատու իր ստանձնած պարտականութեան մասին:

«Ազդակ»-ի հետ ունեցած կարճ զրոյցի մը ընթացքին Եարտըմեան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ իր կատարած կարճաժամկէտ առաքելութեան:

Ան հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրին հովանաւորութեամբ ինք նշանակուած է Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան խորհրդատու` ստանձնելով օդի որակի քննութեան պատասխանատուութիւնը:

Վ. Եարտըմեան յայտնեց, որ իր առաքելութիւնը տեւած է երեք շաբաթ` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքը հետեւողական գործի պիտի վերածուի, երբ ինք վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ:

«Անշուշտ նաեւ ստացած եմ յառաջիկայ տարուան ընթացքին դարձեալ նոյն հանգամանքով Լիբանան վերադառնալու առաջարկ մը, որ սակայն յստակ թուական մը չունի տակաւին», ըսաւ ան:

Իր երեք շաբթուան աշխատանքային փորձառութեան լոյսին տակ ան հաստատեց, որ եթէ կեդրոնանանք Պէյրութի վրայ, ապա յստակ է, որ օդի որակը լաւ չէ:

«Մեր կատարած ախտաճանաչումներուն հիման վրայ յստակ դարձած է, որ ինքնաշարժները, պենզինի կայարաններու կողմէ ինքնաշարժներուն պենզին լեցնելու պարագային վառելանիւթի գոլորշին օդին մէջ սպրդեցնելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ փոշին օդի ապականումը պատճառող հիմնական խնդիրներն են: Ոչ ոք կրնայ փոշին եւ վառելանիւթի սպրդած գոլորշին նկատել, հետեւաբար մարդ անհատը պարզապէս ապականած այդ օդը կը շնչէ եւ առողջական հարցեր կ՛ունենայ, յատկապէս երբ ան մանուկ է, տարեց եւ շնչառական հարցեր կը դիմագրաւէ», ըսաւ ան:

Վ. Եարտըմեան ընդգծեց, որ օդի ապականումը հետզհետէ մեղմացնելու նպատակով պէտք է որդեգրել օրէնքներու շարք մը, «ինչ որ ըստ նախարարութեան աղբիւրներուն երկար ժամանակի կը կարօտի», աւելցուց ան:

Վ. Եարտըմեան շեշտեց նաեւ, որ այլ հարց մըն է նաեւ առկայ օրէնքները չգործադրելը, որովհետեւ այդ օրէնքներուն գործադրութեան նկատմամբ անգործնական մօտեցում կայ: «Անշուշտ եթէ առկայ օրէնքները գործադրուին, որոշ փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի, սակայն օդի որակը բարելաւելու համար յաւելեալ օրէնքներու կարիքը եւս կը զգացուի», հաստատեց ան:

Վ. Եարտըմեան անդրադարձաւ նաեւ, որ օդի որակը կարելի չէ պահպանել, երբ երկրին մէջ ծուխի եւ հոտի հարցեր կան: Ան աւելցուց, որ օդի որակը բարելաւելու եւ ապականումը նուազեցնելու համար կենսոլորտի, առողջապահութեան եւ հանրօգուտ շինութեանց ու փոխադրութեան հարցերու նախարարութիւնները պէտք է գործակցին:

Վ. Եարտըմեան նաեւ շեշտեց, որ օդի որակը բարելաւելու համար Լիբանանի մէջ շատ աշխատանք կայ կատարուելիք եւ հաւանաբար անիկա երրորդական հարց կը նկատուի, որովհետեւ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ ընկերային եւ տնտեսական հարցեր, որոնք աւելի առաջնահերթ կը նկատուին:

Կարճ զրոյցին աւարտին Վ. Եարտըմեան շեշտեց, որ իբրեւ նախկին լիբանանահայ, այս պատասխանատուութեան ստանձնումը իրեն հոգեկան մեծ բաւարարութիւն կու տայ, որովհետեւ կը փափաքի օգտակար հանդիսանալ Լիբանանին:

Նախորդը

Կրտսեր Պատանիներու Տարեկան Բանակում. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Բանակումը` Նուիրուած Խանասորի Արշաւանքի 120-ամեակին

Յաջորդը

«Լեհաստան Կրնայ Հեռանալ Եւրոպական Միութենէն» Կ՛ըսէ Թուսք

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?