Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Արմաւիրի մարզին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու ընթացքը, աշխատանքներն ու ընելիքները:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Արմաւիրի մարզը գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի մէկ հոգիի բաժին ինկող մասով լաւագոյն ցուցանիշը ունեցող մարզերէն է:
Վարչապետին հարցումին ի պատասխան` նշուած է, որ մարզի առաւելութիւններն են ընդհանուր առմամբ զարգացած գիւղատնտեսութիւնը եւ մայրաքաղաքին մօտ ըլլալու հանգամանքը, իսկ թոյլ կողմը` արդիւնաբերական ճիւղի զարգացումին, գիւղատնտեսութեան մեքենայացման, արդիւնաւէտ գիւղատնտեսութեան տարածուածութեան ցած մակարդակն է:
Այս համեմատականները դրուած են Արմաւիրի մարզի 2017-2025-ի զարգացման ռազմավարութեան մէջ, անոնցմով պայմանաւորուած որոշուած են մարզի ուժեղ եւ թոյլ կողմերը եւ մշակուած են ծրագիրներ` ուղղուած այս թիրախներուն: Այդ շրջագիծին մէջ ալ կառավարութեան ներկայացուած ներդրումային ծրագիրներու զգալի մասը նշեալ մարզին մէջ առկայ գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու առողջացման ծրագիրներն են:
Գոհունակութիւն յայտնելով կատարուող քայլերուն համար` վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս կառավարութիւնը կը քննարկէ պետական աջակցութեան գործիքակազմի միջոցով գործարարական ծրագիրներու խթանման կարելիութիւնները:
Յաջորդիւ կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է համայնքներու սեփական եկամուտներու եւ աղբահանութեան մարզին մէջ գումարներու հաւաքագրման կատարողականին: Նշելով, որ ցուցանիշները գոհացուցիչ չեն, ծրագրաւորումի եւ հաւաքագրումի թերութիւններ կան` վարչապետը յանձնարարած է վերլուծութիւն կատարել իւրաքանչիւր համայնքէ ակնկալուող եկամուտներու եւ աղբահանութեան մարզին մէջ հաւաքագրման ծաւալներու վերաբերեալ ու ըստ այնմ սահմանել համապատասխան թիրախները:
Կառավարութեան ղեկավարին զեկուցուած է մարզին մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման եւ ոռոգման ջուրի մատակարարման վիճակի, տարերային աղէտներէ պաշտպանութեան համակարգի, պետական աջակցութեամբ ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքի եւ միջանկեալ արդիւնքներու մասին: Վարչապետը նախ եւ առաջ անդրադարձած է ջրամատակարարման հոլովոյթի կազմակերպման մարզին մէջ կառավարութեան քաղաքականութեան, որ ուղղուած է փոքր ու միջին ջրամբարաշինութեան խթանման:
«Գիւղատնտեսութեան զարգացման, ջրային միջոցներու պահպանման համար մենք առաջնային կը նկատենք փոքր ու միջին ջրամբարներու կառուցումը: Անոր արդիւնքը պիտի ըլլայ 1 խորանարդ մեթր ջուրի պահպանման ծախսերու նուազում, որովհետեւ մեծ ջրամբարի կառուցման հաստատուն ծախսերը աւելի շատ են: Մենք այս հարցով հետեւողական պիտի ըլլանք», ըսած է վարչապետը` յանձնարարելով աշխատիլ Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէին հետ:
Նշելով, որ հակակարկտային պաշտպանութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիր կայ` վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ արդէն սեպտեմբերին Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ պիտի փորձարկուի հակակարկտային պաշտպանութեան նոր համակարգը: Կարեւոր նկատելով գիւղատնտեսական մեքենաներու ֆինանսական վարձակալութեան պետական աջակցութեան ծրագիրի շահաւէտութեան վերաբերեալ պատշաճ իրազեկումը` վարչապետը նաեւ յանձնարարած է պատասխանատուներուն վերլուծութիւն ներկայացնել գիւղատնտեսութեան մարզի մեքենայացման շահութաբերութեան եւ ֆինանսական գնահատականի վերաբերեալ:
Վարչապետ Կարապետեան նաեւ մարզպետարանի կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերու պատասխանատուներուն հետ քննարկած է կատարուող աշխատանքները: Կառավարութեան ղեկավարը խօսած է սկսած բարեփոխումներու տրամաբանութեան մասին` առաջարկելով հետագայ քայլերը քննարկել համապատասխան նախարարութիւններու հետ: Ներկայացուած են նաեւ գործարարական միջավայրի աշխուժացման եւ հաւանական ներդրողներու ներգրաւման, մարզպետարան-շահագրգիռ նախարարութիւններ-առեւտրական արդիւնաբերական պալատ-գործարարներ համագործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները, հողերու օգտագործման եւ քաղաքաշինութեան մարզի ծրագիրները:



