Արցախի պաշտպանութեան բանակի մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ անդրադարձած է ազրպէյճանական կողմի հրապարակումներուն, թէ իբրեւ թէ հայկական նախայարձակ խումբ մը փորձած է ներթափանցում կատարել` նշելով, որ անիկա Պաքուի հերթական բեմադրութիւնն է:
«Քիչ առաջ ազրպէյճանական քարոզչամեքենան` սեփական հանրութեան ոգիի ծարաւը յագեցնելու նպատակով` շրջանառութեան մէջ դրաւ իր զինուժի երեւակայական յաղթարշաւը ներկայացնող հերթական բեմադրութիւնը: Անմիջապէս պէտք է արձանագրել, որ ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս սիրողականէն ցած ընդունակութեամբ օժտուած Պաքուի բեմադրիչները մատուցեցին այն, ինչ որ յարիր է միայն իրենց: Նիւթն ալ նոյնն էր ու ծամծմուած` հայկական յարձակողական խումբը փորձած է իրականացնել ներթափանցում, իսկ իրենց «քաջարի ասկեարները թշնամիին կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած են զայն…»: Կարելի էր նաեւ այս յիմարութեան չանդրադառնալ (ինչպէս սովորաբար կը վարուինք), բայց անհանգստացողները շատ են: Խորհուրդս` մի՛ անհանգստանաք, Պաքուի կողմէ հիւսուած հերթական հեքիաթն է® սեփական լսարանին համար», գրած է Հասրաթեան: